«Գուրգէն Պաղտասար Մալեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Նիկոլ Դուման (արեւմտահայերէն) → Նիկոլ Դուման using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
Տող 35.
 
Ան կը մնայ [[Սալմաստ]]. այստեղ՝ ան կը որդեգրէ «Գուրգէն» յեղափոխական անունը: [[Վան]]ի [[1896]]ի դէպքերէն ետք, երբ [[Սուրբ Բարդողիմէոս]] վանքի եւ [[Գարահիսար լեռ]]ան մօտ կը շրջապատուին ու հերոսաբար կը նահատակուին Դաշնակցական [[Պետո]]յի, [[Մարտիկ|Հնչակեան Մարտիկ]]ի եւ [[Արմենական Աւետիսեան]]ի խումբերը, Սալմաստի գործիչները կը բաժնուին երկու կարծիքի:
Գուրգէնը դէպի [[Վասպուրական]] օգնութիւն հասնելու կարծիքին կողմնակից էր, իր հետ նաեւ [[Պետրոս Սերեմճեան]]ը, [[Ռոստոմ (արեւմտահայերէն)|Ռոստոմի]]ի եղբայրը [[Արիստակէս Զօրեան]]ը (Կարօ). Իսկ միւս մասը, [[Նիկոլ Դուման]]ը, [[Յովսէփ Արղութեան|Յովսէփ Արղութեան (Իշխան)]] եւ [[Սաթենիկ]]ի կարծիքին՝ կը մտածէին արշաւանք մը կազմակերպել քուրտ աշիրեթները պատժելու համար:
 
[[1896]]ի [[Օգոստոս]]ին, 14 ֆետայիներէ բաղկացած խումբով Վան կ'ուղղարկուի Պետրոս Սերեմճեանը, որուն հետ կը գտնուէր նաեւ Գուրգէնը: [[Սեպտեմբեր]]ին Վան հասած Շեկոյի խումբին հետ անոնք կը պաշառուին, եւ հերոսական կռիւներ մղելով ստիպուած՝ կը լքեն Վանը եւ կը հասնին [[Կեմ]]: [[Մարագ]]ի մը մէջ հանգստանալու պահուն, թրքական զօրքերը կը հասնին ու կը պաշարեն անոնց, հրկիզելով մարագը: ֆետայիները ստիպուած կռուելով դուրս կը նետուին մարագէն. Առաջին կ'ըլլայ Գուրգէնը, որ բազմաթիւ արկածներով կը հասնի [[Շատախ]]:
Տող 42.
 
Խանասորի արշաւանքէն ոչ շատ առաջ, Վազգէնի եւ Գուրգէնի առաջնորդութեամբ Սալմաստէն 40 հոգինոց խումբ մը կ'անցնի Վան, հակառակ ճամբուն վրայ քիւրտերու եւ Վանի շրջակայքը պաշարած կառաւարական ուժերու նեղութիւններուն: Գուրգէնը Վան չի մտներ, ան Կզվակէն փոքր խումբով մը կ'անցնի Ախլաթ իր հետ առնելով նաեւ Անդրանիկը, որ Գուրգէնի եւ Սերոբ Աղբիւրի մահէն ետք պիտի դառնար հայդուկապետ:
Գուրգէն այստեղ կը գործակցի Սերոբ Աղբիւրի հետ ու շրջելով [[Ախլաթ (արեւմտահայերէն)|Ախլաթ]]ի եւ [[Պիթլիս]]ի շրջանները կը կազմակերպէ ժողովուրդը՝ քաջ, նուիրուած ու գործուն կուսակցական ընկերներ, հոգուով թոյլ եւ տկարակազմ անհատները, կիները եւ պարզ գիւղացիները բաժնելով 4 խումբերու, ամբողջ ժողովուրդը կը պատրաստէ մասնակցելու յեղափոխական շարժումին:
 
Պիթլիսի մէջ Գուրգէն կը կազմակերպէ ոստիկանապէտ Հիլմիի տեռորի գործողութիւնը: Սերոբի հետ Ախլաթի եւ Պիթլիսի կազմակերպչական աշխարանքները աւարտելէ եւ «Սալնօ Ձոր» Կեդրոնական Կոմիտէի ստեղծումէն ետք կ'անցնի [[Տարօն]], միանալով Ղզլաղաճ գիւղին մէջ գտնուող Հրայր Դժոխքին եւ Վանէն եկած Վազգէնին: