«Դաւիթ Պարսամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Աղբիւրներ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Ասպարէզ: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 37.
Ան իր կարեւորագոյն հարցազրոյցները վերածած է գիրքերու, որոնք թարգմանուած են զանազան լեզուներու եւ հարիւր հազարաւոր օրինակներով ծախուած են աշխարհով մէկ:
 
Պարսամեան յաճախ եղած է [[Արդարութիւն|արդարութեան]] եւ պոռթկումի ձայնը: Մերժած է ամէն տեսակի անարդարութիւն, բռնատիրութիւն եւ փտածութիւն: Ան հրապարակային կերպով պաշտպանած է [[Պաղեստին (արեւմտահայերէն)|Պաղեստին]]ի եւ Քաշմիրի ժողովուրդներուն իրաւունքները, քննադատած է միջազգային ընկերութիւններու մենատիրութիւնը, հարցականի տակ առած է ամերիկեան կառավարութեան զինուորական միջամտութիւններն ու քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ դատապարտած է Թուրքիան եւ [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] ժխտումը:
 
«Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»-ն ու Դաւիթ Պարսամեանը նիւթական յատկացումներ չեն ստանար ամերիկեան կառավարութենէն կամ որեւէ այլ հաստատութենէ, մինչ այլ յայտագիրներ կը վայելեն դրամատիրական ընկերութիւններու եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդող կառոյցներու ու կառավարութիւններու նիւթական, քաղաքական եւ ապահովական թիկունքը: Հոսկէ մեկնած, Պարսամեանի յայտագիրը կը ֆինանսաւորուի իր յայտագիրներու [[ձայնասկաւառակ]]ներուն եւ գիրքերուն վաճառումով, ինչպէս նաեւ ունկնդիրներու անհատական ներդրումներով միայն: