«Երուանդ Արզումանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն) → Կոստանդնուպոլիս using AWB
Չ →‎top: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 27.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Արզումանեան Երուանդ''' (ծնած` [[15 Նոյեմբեր]] [[1895]], [[Երզնկա (արեւմտահայերէն)|Երզնկա]]), բժիշկ:
 
Նախնական կրթութիւնը բնագաւառի Եզնիկեան վարժարանի մէջ ստանալէ ետք [[1909]]ին կ’անցնի [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլիս]]՝ ուր կը յաճախէ Բերայի Վենետիկեան Մխիթարեանց դպրոցը: [[1912]]-ին շրջանաւարտ՝ կը մեկնի [[Վենետիկ]], շարունակելու համար իր ուսումը Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ: [[1915]]-ին յաջողութեամբ կ’աւարտէ երեք տարուան ընթացքը եւ իբրեւ թոշակաւոր սան հինք տարի կը հետեւի Լոզանի եւ Պազըլի բժշկական համալսարաններու դասըաթացքին: [[1902]]-ին կը տեղափոխուի Հռոմ, եւ յաջորդ տարին կը ստանայ իր բժշկական վկայականը, աւարտական ճառի նիւթ ունենալով «Միջին դարու բժշկութիւնը» (բաւական ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ հեղինակը պատմական ընդհանուր ակնարկէ վերջ կը ներկայացնէ հայ հողի յատուկ դեղաբանական բոյսերը, վերլուծելով անոնց բուժիչ յատկութիւնները: (Այս թէզի մասին ամփոփ ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած է նոյն տարուան Պոստոնի «Հայրենիք»ներուն մէջ՝ Պատրիկի կողմէ, ինչպէս նաեւ Թէոգիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»ին մէջ բանասէր Կ. Գարիկեանի կողմէ):