«Զատիկ Խանզատեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն) → Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 31.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք կ'անցնի [[Զմիւռնիա]], ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն [[Մեսրոպեան Վարժարան]]ին մէջ: [[1903 թուական|1903-ին]] կը մեկնի [[Ֆրանսա]], ուր, նախ կ'ընդունի Պրեսթի ծովային վարժարանը, եւ ապա կ'անցնի [[Փարիզ]]<ref>[http://www.kantsasar.com/news/2016/03/15/%D5%B4%D5%BF%D5%B8%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B6%D5%A5%D6%80-%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%A6%D5%A1%D5%BF%D5%AB%D5%AF%D5%AB%D5%B6-%D5%A8%D5%B6%D5%A4%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%BB-1/ ՔԱՐ­ՏԷՍՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՄ­ԲԱ­ՒԱ­ՒՈՐ ՄԱՍ­ՆԱ­ԳԷ­ՏԸ]</ref>, ուր իր մասնագիտութեան գծով կը հետեւի նաւագնացութեան բարձրագոյն եւ [[Ֆրանսա]]յի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր անձնակազմի կրթական հաստատութիւններու դասընթացքներուն, ու կը վկայուի իբրեւ ճարտարագէտ ջրագիտութեան, միաժամանակ ստանալով հրամանատարի կոչում: [[1911 թուական|1911-ին]], թրքական կառավարութեան կողմէ կը հրաւիրուի [[Կոստանդնուպոլիս|Կ. Պոլիս]], եւ պաշտօնի կը կոչուի Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու վարչութեան մէջ: [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Համաշխարհային Ա. Պատերազմի]] սկիզբին, պուլկար բարձրաստիճան սպաներու օգնութեամբ կ'ապաստանի [[Պուլկարիա]]: Զինադադարին կ'անցնի [[Սալոնիկ (արեւմտահայերէն)|Սալոնիկ]], ապա՝ Փարիզ, ուր [[1919 թուական|1919-ին]] կը մասնակցի հաշտութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Փարիզի մէջ, իր նախկին ուսուցիչներուն աջակցութեամբ ան լայն ասպարէզ կը գտնէ Ֆրանսայի ծովային նախարարութեան մէջ, աշխատելով որպէս քարտէսագէտ: Ազգերու լիկային մէջ կը վարէ աշխարհագրագէտ-քարտէսագէտի պաշտօնը: 1920-[[1930 թուական]]ներուն, իր պատրաստութեամբ կը հրատարակուին թուրքիոյ տնտեսական աշխարհագրութեան, [[Ալճերիա|Ալճերիոյ]] պատմական աշխարհագրութեան, Պաղեստինի տնտեսական աշխարհագրութեան եւ այլ ատլասներ: [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ|Համաշխարհային Բ. Պատերազմ]]ին տարիներու կը մասնակցի [[Ֆրանսա]]յի դիմադրական շարժումներուն:
 
Հակառակ ասպարէզին պահանջած բազմազբաղ ժամանակացոյցին, Զատիկ Խանզատեան մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսահայ ազգային եւ հասարակական կեանքին: Իր հիմնադրութենէն (1928) մինչեւ 1952, ան կը վարէ նաեւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան Վարժարանի քաղաքային տեսուչի պաշտօնը: