«Թորոս Ազատեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
Տող 8.
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[5 Մայիս]] [[1898]]
| ծննդավայր = [[Ակն (արեւմտահայերէն)|Ակն]], Ապուչեխ գիւղ, Խարբերդ
| վախճանած է = [[15 Նոյեմբեր]] [[1955]]
| վախճանի վայրը = Պոլիս
Տող 34.
Ծնած է Ակնի (Խարբերդ) Ապջուղայ (Ապուչեխ) գիւղը, 5 Մայիս 1898-ին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ՝ Ակնի Նարեկեան եւ [[Չմշկածագ]]ի [[Միացյալ ընկերություն հայոց|Միացեալ ընկերութեան]] վարժարաններուն մէջ։ Գրական հակումները ի յայտ եկած են վաղ հասակին՝ ներշնչուելով հայրենի բնութեան վառ պատկերներէն։ Պոլիս գալէն ետք, 1920-ին, կոչուած է [[Համազգային]]ի դիւանի օգնական քարտուղարի պաշտօնին։ Շուրջ 15 տարի վարած է պատրիարքարանի զանազան մարմիններուն քարտուղարութիւնը։ Եղած է ուսուցիչ Պէզէզեան վարժարանին մէջ։
 
Թորոս Ազատեանի առաջին երկն է [[Միսաք Մեծարենց (արեւմտահայերէն)|Միսաք Մեծարենց]]ի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորը, որ հրատարակուած է 1922-ին։ Աշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն։ 1925-ին ստանձնած է Ս․ Փրկիչ ազգ․ հիւանդանոցի «Ընդարձակ տարեցոյց»ին խմբագրութիւնը։ Յաջորդաբար պատրաստած է վեց հատորներ։
 
1927-էն սկսեալ լոյս ընծայած է «Աղբիւր անմահութեան» բանաստեղծութիւններու երեք հատորներ։ Իսկ գաւառական կեանքի յուշեր, հէքիաթներ եւլն․ ամփոփուած են «Քառասնեակ» եւ «Զմռուխտի պատմուճան» հատորներուն մէջ։ 1931-ին հրատարակած է Կոմիտաս վարդապետի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան նուիրուած երկհատորեակը։