«Իւան Թուրկենեւ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Ռուսաստան (արեւմտահայերէն) → Ռուսիա using AWB
Չ →‎Ծագում եւ Կեանքի Վաղ Տարիներ: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 14.
«1818 թուականի [[28 Հոկտեմբեր|Հոկտեմբեր 28]]-ին՝ երկուշաբթի՝ առաւօտեան ժամը 12-ին, [[Օրիոլ]]ի (Oryol) տան մէջ, ծնաւ որդիս՝ Իւանը, հասակը՝ 12 վերշոկ այսինքն 52,80 սանթիմեթր,(մէկ վերշոկը = 4,4 cm չափ)։ Կնքեցին [[4 Նոյեմբեր|Նոյեմբեր 4]]-ին՝ Ֆեոտոր Սեմէոնովիչ Ուվարովը քրոջ՝ Ֆետոսիա Նիքոլաեւնա Թեբլովայի հետ։»
 
Իւանի հայրը՝ Սերկէյ Նիքոլայի Թուրկենեւը ([[1793]] - [[1834]]), այն ժամանակ կը ծառայէր որպէս պահակ զինուոր հեծելազօրային գունդին մէջ։ Գեղեցկադէմ՝ [[Այրուձի (արեւմտահայերէն)|այրուձի]]ի պահակ, զինուորին վարած անհոգ կեանքը քայքայեց իր նիւթական վիճակը, եւ զայն կարգաւորելուն համար [[1816]] թուականին շահադիտական նպատակներով ամուսնացաւ ո՛չ երիտասարդ եւ անհրապոյր, սակայն բաւականաչափ հարուստ Վառվառա Փեթրովնա Լութովինովայի ([[1787]]-[[1850]]) հետ։ [[1821]] թուականին, Քիրասիրեան գունդի գնդապետի կոչումով, հայրն անցաւ թոշակի։ Իւանը ընտանիքի երկրորդ զաւակն էր։
 
Ապագայ գրողի մայրը՝ Վառվառա Փեթրովնայի արմատները եղած են հարուստ ազնուական ընտանիքէն։ Անոր ամուսնութիւնը Սերկէյի հետ անյաջող էր։ Վերջինս 1834 թուականին մահացաւ՝ իր ետին ձգելով երեք որդիներ՝ Նիքոլան, Իւանը եւ Սերկէյը։ Սերկէյ վաղաժամ մեռաւ [[Լուսնոտութիւն|լուսնոտութենէ]] (epilepsy)։ Մայրը էութեամբ իշխող եւ բռնակալ կին մըն էր։ Ան նոյնպէս վաղաժամ զրկուած էր իր հօրմէն, տառապած էր իր մօր (որ յետագային թոռը պատկերացուց իր «Մահը» ակնարկով՝ պառաւի կերպարի մէջ) դաժան վերաբերմունէն եւ վայրագ, հարբեցող հօրմէն, որ յաճախակի կը ծեծէր զինք։ Մշտական ծեծի ու նուաստացումներու պատճառով ան յետագային փախած էր իր հօրեղբօր մօտ, որուն մահէն ետք դարձած էր հոյակապ կալուածի եւ 500 ճորտերու տիրուհի։