«Կորիւն Պապեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Սպահան (արեւմտահայերէն) → Սպահան using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (3) using AWB
Տող 8.
[[1963 թուական]]ին Բերիոյ Թեմի Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու կողմէ կը կոչուի Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնին։ Նոյն տարին աւարտելով Յովաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս Դրասխանակերտացիի կեանքին եւ գործին նուիրուած իր Վարդապետական աւարտաճառը, ձեռամբ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կը ստանայ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն։
[[1967 թուական]]ին կը մեկնի Անգլիա, հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանի մէջ։ Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները, կը վերադառնայ [[Անթիլիաս (արեւմտահայերէն)|Անթիլիաս]] [[1973]]-ի [[Աշուն (արեւմտահայերէն)|աշնան]] եւ Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր, միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները։ [[1977 թուական]]ի ամրան կը տիրանայ Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի Համալսարանի տոքթորայի տիտղոսին, իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներու։
[[1978]]-ին կը մեկնի [[Նոր Ջուղա (արեւմտահայերէն)|Նոր Ջուղա]], [[Սպահան]], որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ նոյն տարին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ 1978-ին Սպահանի Թեմի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը զինք կ’ընտրէ Առաջնորդ։ [[1980]]-ի [[Մայիս 18]]-ին ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Իսկ [[19 Յունիս]] 1986 թուականին, դարձեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով ան կը ստանայ Արքութեան տիտղոս եւ պատիւ։
[[2002]] թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի [[Քուէթ]]ի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր կը ծառայէ մինչեւ [[2011]] թուական։ 2011-ին ան կը վերադառնայ Սուրբ Աթոռ՝ Անթիլիաս եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու։