«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: <nowiki/> using AWB
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (4) using AWB
Տող 34.
Մեսրոպ Մաշտոցի պատմական առաքելութիւնը կարեւորագոյն դեր ունեցաւ հայութեան ազգային ինքնութեան հետագայ պահպանման համար։ Գիտական տեսակէտներու համաձայն՝ [[վրացերէն]] եւ [[աղուաներէն]] այբուբեններու ստեղծողն է ան։
Մաշտոցի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ կան վաւերական աղբիւրներ, որոնցմէ են անոր ժամանակակից եւ դէպքերու ականատես [[Կորիւն (արեւմտահայերէն)|Կորիւն]]ի «Վարք Մաշտոցի»ն, նաեւ [[Մովսէս Խորենացի]]ի, [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]]ի, [[Մովսէս Կաղանկատուացի]]ի եւ Կարապետ Սասնեցիի ընդարձակ վկայութիւնները (շուրջ 30 հին եւ միջնադարեան աղբիւրներ)։
 
== Կենսագրութիւն ==
Մեսրոպ Մաշտոց ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տունէն»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ ( [[385]] − [[388]] ) թագաւորին արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն|Գողթն գաւառը]], ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]]ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունէութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսին նախաձեռնութամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտաւորապէս 404-ին [[Միջագետք]]էն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսին հետ։ [[420]]-[[422]]-ին մեկնած է [[Բիւզանդիա]]՝ [[Կոստանդնուպոլիս]], հանդիպած է Թէոդոս Բ. կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ ետք հայկական դպրոցներ բացած է [[Մեծ Հայք]]ի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդին դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրերը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ [[431]]-[[439]]-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է [[Աստուածաշունչ]]ի թարգմանութիւնը<ref>[http://www.gamalat.com/showthread.php?p=166033&styleid=1 الارمن]{{W/Ref-ar}}</ref><ref>{{Cite news|url=http://www.ayo2006.com/?p=4621|title=Հայ Հին Թարգմանութեան Սկիզբը - ԵԳ|last=|first=|date=|work=|newspaper=ԵԳ|language=en-US|via=}}</ref>։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոց ձորեցին։
Տող 45.
=== Մեսրոպ Մաշտոցը որպէս հայոց այբուբենի ստեղծող ===
[[Պատկեր:Giovanni Battista Tiepolo. Mesrop Mashtots.jpg|ձախից|մինի|250px|Մեսրոպ Մաշտոցն՝ ըստ վենետիկցի նկարիչ Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէպոլոյի (1696-1770)]]
Թէեւ [[քրիստոնէութիւն]]ը Հայաստան մուտք գործած էր Ա. դարուն եւ [[301]]-ին Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն, բայց ժողովուրդին զգալի մասը միայն անուանապէս [[քրիստոնեայ]] էր, երկրին մէջ գտնուող Աստուածաշունչ մատեանները, եկեղեցական այլ երկեր [[յունարէն]] կամ [[ասորերէն]] էին, [[ժամերգութիւն]]ները եւ [[ծէս]]երը կը կատարուէին ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով։ Մաշտոց [[Աստուածաշունչ]]ը երբ հրապարակաւ կը կարդար, անմիջապէս [[բանաւոր]] կը թարգմանէր [[հայերէն]]ի՝ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար։ [[Գողթն (արեւմտահայերէն)|Գողթն]]ի մէջ կատարած [[քարոզչութիւն]]ը Մաշտոցի մէջ կը հաստատէ հայերէն [[գիր]] ու [[գրականութիւն]] ունենալու հրատապ կարեւորութիւնը։ Կային այդ որոշումն ընդունելու նաեւ այլ ծանրակշիռ պատճառներ։ [[387]]-ին Բիւզանդիոնի եւ [[Պարսկաստան]]ի միջեւ երկու մասի բաժնուած Հայաստանի [[Արեւելեան Հայաստան|արեւելեան]] եւ [[Արեւմտեան Հայաստան|արեւմտեան]] մասերուն մէջ թէեւ կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւնը օրէ օր կը զօրանար։ Երկրին արեւմտեան մասին մէջ, որ միացած էր [[Բիւզանդիոն]]ին, վերցուած էր հայոց թագաւորութիւնը, [[եկեղեցի]]ն ենթակայ էր [[յունական եպիսկոպոսութիւնը|յունական եպիսկոպոսութեան]], եկեղեցւոյ եւ պետական լեզուն [[յունարէն]]ն էր։ Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրին եւ ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ դպրոցներու, համալսարաններու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ [[ասորերէն]]ը, եկեղեցականներու զգալի մասը [[յոյն]]եր ու ասորիներ էին, հայ հոգեւորականութեան որոշ մասը յունախօս էր։
 
==== Հայ գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը ====