«Մլեհ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Անտիոք (արեւմտահայերէն) → Անտիոք, Եդեսիա (արեւմտահայերէն) → Եդեսիա using AWB
Չ →‎top: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB
Տող 31.
'''Մլեհ''' (ծն.թ.անյայտ–1175), Կիլիկեան Հայաստանի Մեծ իշխան 1169-ին։ Լեւոն Ա. Ռուբինեանի որդին։ Յաջորդած է եղբօրը՝ Թորոս Բ–ին։ Հօր գերեվարութեան տարիներուն ապրած է [[Եդեսիա|Եդեսիոյ]] մէջ՝ քեռիին մօտ։ Այնուհետեւ իր եղբայր Ստեփանէի հետ աւելի քան երեք տասնամեակ գլխաւորած է հայկական բանակը, եռանդուն աջակցած է Թորոս Բ–ին՝ երկրի ազատագրման եւ պետականութեան կայունացման գործերուն մէջ։ Հռչակ ստացած է իր քաջութեամբ ու հմուտ դիւանագիտութեամբ։ 1160–ական թթ. 2 կէսին, արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ հակարակելով Թորոս Բ–ի հետ, արտաքսուած է երկրէն։ Թորոս Բ–ի մահէն յետոյ Մլեհը վերադարձած է հայրենիք, գրաւած է իշխանանիստ Վահկան եւ հռչակուած՝ Մեծ իշխան։
 
1171-72–ին, երկրէն վտարելով խաչակիր ասպետները ու ֆրանկ հոգեւորականները, բռնագրաւած է Կիլիկիոյ մէջ անոնց յատկացուած կալուածները։ Պարտութեան մատնած է խաչակիրներուն աջակցող [[Անտիոք]]ի դքսութեան եւ [[Երուսաղէմ (արեւմտահայերէն)|Երուսաղէմի]]ի թագաւորութեան միացեալ ուժերուն։ 1173–ին [[Հալէպ (արեւմտահայերէն)|Հալէպի]]ի ամիրա Նուր ադ Դինի զինական օգնութեամբ ջախջախած է բիւզանդական զօրքը, գրաւած է [[Տարսոն]], [[Ատանա (արեւմտահայերէն)|Ատանա]]յ եւ [[Պոմպեապոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոմպեապոլիս]] քաղաքները, ազատագրած է Դաշտային Կիլիկիայի մեծ մասը։ Նոյն թուականին Կիլիկեան Հայաստանի նոր մայրաքաղաքը հռջակած է վերակառուցած է [[Սիս]]ը։ Մլեհը դաժանորէն պատճած է իր քաղաքական գծին ընդդիմացող հայ իշխաններուն եւ [[լատին (արեւմտահայերէն)|լատինամոլ]]ամոլ կղերականներուն։ Ի վերջոյ Մլեհը դարձած է պալատական դաւադրութեան զոհ։ Ստեփանէի որդին Ռուբէն Բ. դաւադիրները դատապարտած է մահապատժի, իսկ Մլեհի դին, իր զէնք ու զրահով, ամփոփած է Մեծքար վանքը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մլեհ» էջէն