«Յովհաննէս Ալթըն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Պարսկաստան (արեւմտահայերէն) → Պարսկաստան using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 34.
Ալթըն ծնած է [[Նոր Ջուղա]] ([[Ճուլխա]]—[[Սպահան]]) [[1709]]-ին: Հայրը Մկրտիչ, որ նահանգին հարուստ կառավարիչն էր, ժամանակ մը [[Վիեննա]] [[Պարսկաստան|Պարսկական]] դեսպանի պաշտօն վարած է: Յովհաննէս ճոխութիան մէջ կը մեծնայ մինչեւ 25 տարեկան: Այդ միջոցին ընտանիքը դժբախտութեան մը կը հանդիպի: [[Նատիր Շահ]] (1688—1747). որ Պարսկաստանի այնքան չարիք հասցուցած էր եւ այնքան արիւն թափել տուած՝ չխնայեց Ալթըն ընտանիքին, որուն բոլոր անդամները սպաննուեցան եւ հարստութիւննին գրաւուեցաւ: Միայն Յովհաննէս ազատեցաւ այդ ջարդէն:
 
Ժամանակ մը ետք իբր գերի կը վաճառուի եւ կը տարուի Անատօլուի մէկ քաղաքը, ուր քանի մը տարի հող կը մշակէ: Համբերութեան ու համակերպութեան շնորհիւ՝ Յովհաննէս կը յաջողի օր մը փախչիլ եւ կ՛ապաստանի [[Զմիւռնիա]]: Սակայն հոն բռնուելու վախէն միշտ անհանգիստ՝ [[Ֆրանսա]]կան հիւպատոս Մ. Բէյսօնէլի դիմեց եւ անոր օգնութեամբ կրնայ Զմիւռնիայէն [[Մարսէյլ]] մեկնիլ 1739—1740 Թուականններուն (ըստ Տիրան Թէքէեանի իր հետ տանելով [[Տորոն (արեւմտահայերէն)|տորոնիտորոն]]ի հունտը):
 
Այս հանճարեղ Հայուն հայրը Մկրտիչ, (ըստ Տիրան Թէքէեանի) ինքն ալ ազատելով Նատիր Շահի կոտորածէն՝ Մարսէյլ եկած էր Մուշտակով եւ սնդուսէ հագուստներով. հոն ամուսնանալով ֆրանսուհիի մը հետ՝ հասարակ արհեստներով սկսած էր պարապիլ (Կլայեկող, կօշկակար եւայլն):