«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 31.
Փունթա Ալթա վայրի մէջ, որ Փաթակոնիոյ մէջ է, ան կարեւոր յայտնագործութիւն մը կ'ընէ։ Տարուինը կը յայտնաբերէ քարացած անյետացած հսկայական կաթնասուն մը։ Գտածոյի կարեւորութիւնը կ'ընդգծուի այն բանի մէջ, որ կենդանիին մնացորդները գտնուեցան հանքատեսակներու մէջ նոր տեսակի փափկամարմինի խեցիներու կողքին, ինչը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ թէ այն չէ անհետացած շատոնց՝ առանց կլիմայի փոփոխութեան յատկանիշներու կամ աղէտներու։ Ան կը բնորոշէ գտածոն, որպէս քիչ յայտնի մեկաթերիա ոսկրային զրահով, որը առաջին հայեացքէն նման էր տեղական զրահամորթի հսկայական վարկածին։ Այդ գտածոն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, երբ հասաւ [[Անգլիա|Անգլիոյ]] ափերուն։ Տեղական կաուչոների հետ երկրի ներքին շրջանները ուղեւորուած ժամանակ երկրաբանութիւնը նկարագրելու եւ բրածոյ մնացորդներու հաւաքածոյ հաւաքելու ժամանակ ան ձեռք կը բերէ պատկերացումներ, յեղաշրջումի ժամանակահատուածում բնիկ ազգութիւններու եւ գաղութարարներու փոխ համագործակցութեան ընկերային, քաղաքական եւ մարդաբանական տեսանկիւններու մասին։ Ան նաեւ կը նկատէ, որ Նանտու ջայլամի զոյգ տարատեսակները ունին տարբեր, բայց վերածածկուող բնակավայրեր։ Շարժուելով դէպի հարաւ, ան կը յայտնաբերէ աստիճանաձեւ հարթավայրեր՝ ծածկուած կոկանով եւ փափկամորթիի խեցիներով, նման ծովային սարահարթերու՝ արտացոլելով ցամաքի բարձրացման շարքը։ Կարդալով Լայէլի երկրորդ հատորը, Տարուինը կ'ընդունէ անոր տեսակէտը տեսակներու «ստեղծումի կենտրոնի» վերաբերեալ, բայց անոր գտածոները եւ դատողութիւնները կը ստիպեն անոր կասկածի տակ առնելու Լայէլի գաղափարները տեսակներու անհետացումի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ. Նաւամատոյցի վրայ կը գտնուէին երեք հրոերկրացիներ, որոնց [[Անգլիա]] տեղափոխած էին «Պիկլ»ի անցած արշաւի ժամանակ [[1830]] Փետրուարին։ Անգլիոյ մէջ մէկ տարի անցընելէն յետոյ անոնք ետ վերադարձուած են Հրոյ երկիր, որպէս քարոզիչներ։ Տարուինը համարեց անոնց քաղաքակիրթ, բարեկամական, այն ժամանակ, երբ իրենց ցեղակիցները «խեղճ, անկում ապրած վայրենիներ» երեւցան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարմէ կը տարբերուին ընտանի եւ վայրի կենդանիները։ Տարուինի համար այդ տարբերութիւնները առաջին հերթին ցուցադրեցին քաղաքավարութեան գերազանցութեան նշանակութիւնը, բայց ոչ ռասայական անլիարժէքութիւնը։ Ի տարբերութիւն իր գիտնական ընկերներուն, ան արդէն կը մտածէր, որ մարդու եւ կենդանիի միջեւ անյաղթահարելի անդունդ գոյութիւն չունի։ Մէկ տարի անց այդ առաքելութիւնը լքուած էր։ Հրոերկրացին, որուն անուանած էին [[Ճիմի Պաթթըն]] ({{lang-en|{{resize|85%|Jemmy Button}}}}) սկսած էր ապրիլ այնպէս ինչպէս միւս ապորիկենները. ան ունէր կին եւ չուներ ոչ մէկ ցանկութիւն վերադառնալու [[Անգլիա]]։
 
[[Չիլի (արեւմտահայերէն)|Չիլիի]]ի մէջ Տարուինը կը դառնայ ուժեղ երկրաշարժի ականատես եւ կը տեսնէ նշաններ, որոնք կը մատնանշէին, որ հողը նոր բարձրացած է։ Այդ բարձրացած հողի շերտը իր մէջ կը ներառէր երկփեղկանի կակղամորթիի խեցիներ, որոնք կը գտնուէին բարձր մակընթացութեան մակարդակէն բարձր։ Անդերի բարձրավայրերուն ան նոյնպէս յայտնաբերած է կակղամորթիի խեցիներ եւ քանի մը տեսակ գտածոյ ծառեր, որոնք սովորաբար կ'աճին աւազոտ լողափերուն։ Իր տեսական մտորումները բերեցին այն բանին, որ ցամաքի բարձրացումի ժամանակ խեցիները կը գտնուէին բարձր սարերու վրայ, իսկ ծովային յատակի հատուածներու իջեցումի ժամանակ ովկիանոսային կղզիները կ'անցնին ջուրի տակ եւ այդ ժամանակ կղզիներուն շուրջ առափնեայ բուսախութերէ կը կազմաւորուին արգելախութեր, հետագային ատոլներ / մարջանի մանեկաձեւ կղզի։ Կալափակոսեան Կղզիներուն վրայ Տարուինը նկատեց որ ծայրահաւիկի ընտանիքէն որոշ ներկայացուցիչներ կը տարբերուին այդպիսիներէն Չիլիի մէջ եւ կը տարբերուին իրարմէ տարբեր կղզիներու վրայ։ Նաեւ ան լսած էր, որ ցամաքային կրիաներու զրահները թեթեւակի կը տարակերպուին ձեւով՝ մատնացոյց ընելով ծագումի կղզին։ Աւստրալիոյ մէջ տեսած պարկաւոր ագեվազանման առնէտները/շիկամկները եւ բադակտուցները այնպէս արտասովոր էին, որ Տարուինը եկաւ այն միտքին որ ամենաքիչը երկու ստեղծող միաժամանակ աշխատած են այս աշխարհը ստեղծած ատեն։ Ան գտաւ, որ Աւստրալիոյ ապորիկենները «բարեկիրթ են եւ հաճելի» նկատեց, եւրոպական գաղութացման ճնշումին տակ, անոնց թուաքանակի արագ կրճատումը։ «[[Պիկլ]]»ը կը հետազօտէր Կոկոսեան կղզիներու ատոլները / մարջանի մանեկաձեւ կղզի/ նպատակ ունենալով պարզաբանել անոնց ձեւավորումի մեքանիզմները։ Այդ հետազօտութեան յաջողութիւնը շատ բանի մէջ որոշուած էր Տարուինի տեսական մտորումներով։ Ֆիցրոյը սկսած էր գրել պաշտօնական փոխադրութիւն Պիկլի ճամբորդութեան մասին եւ Տարուինի օրագիրը ընթերցելէն յետոյ, ան կ'առաջարկէ այն ներառել հաշուետուութեան մէջ։ Իր ճամփորդութեան ժամանակ Տարուինը եղած է Թեներիֆէ կղզիի վրայ, Կանաչ Հրվանդանի կղզիներուն վրայ, [[Պրազիլ]]ի ափերուն, [[Արժանթին]], [[Ուրուկուէյ]], Հրոյ Երկիր, Թասմանիա, Կոկոսեան կղզիներւ վրայ, ուրկէ բերաւ մեծ քանակի հետազօտութիւններ։ Արդիւնքները ան շարադրած է իր գործերուն մէջ՝ «Բնագէտի որոնումներու օրագիրը» (The Journal of a Naturalist, 1839), «Պիկլ» նաւի վրայ ճամփորդութեան կենդանաբանութիւնը» (Zoology of the Voyage on the Beagle, [[1840]]), «Քորալեան խութերու կառուցուածքը եւ բաշխումը» (The Structure and Distribution of Coral Reefs, [[1842]]); Առաջին հետաքրքիր բնական երեւոյթներէն, որ Տարուինը նկարագրած էր իր գիտական գրականութեան մէջ, եղած են փենինթենթես յատուկ ձեւի սառէ բիւրեղները, որոնք կը յառաջանան Անդերու սառցադաշտին մակերեսին վրայ։
 
== Տարուինի հիմնական գիտական աշխատութիւնները ==