«Պետրոս Դուրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն) → Կոստանդնուպոլիս (2), Գրական կեղծանուններ (արւմտ․) → Գրական կեղծանուններ, Վա using AWB
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
Տող 7.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Պոլիս, համեստ բայց մշակոյթով հարուստ [[Սկիւտար]] արուարձանը, երկաթագործի ընտանիքի մէջ։ Հայրը՝ Զմպայեան, մականունը ինք հայացուցած է՝ վերածելով Դուրեանի։ Սկիւտարի մէջ, ուսուցիչ ունեցած է [[Յակոբ Պարոնեան]]ը։ [[1868]]֊ին, ճեմարանը հազիւ աւարտած, կը նետուի գործի ասպարէզ՝ ընտանիքին օգնելու համար, բայց վատառողջ ըլլալով կը ստիպուի ձգել գրագիրի իր գործը։ Կը շարունակէ գրել, որ սկսած էր աշակերտական գրասեղաններէն իր վիպապաշտ թատերական բուռն գործունէութեան այդ տարիներուն եւ գտած լայն ընդունելութիւն։ Պահ մը ունեցած է բեմական գործունէութիւն, սիրուած է իբր դերեսան (մինչ արդէն համակրանք կը վայելէր [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] ուսեալ երիտեսարդութեան մօտ՝ շնրհիւ իր բանաստծութիւններուն եւ ազնիւ ու եռանդուն նակարգիրին)։ Միայն վերջին մէկ-երկու տարին է որ, հիւանդութենէն ընկճուած, պիտի դառնար տխուր ու մռայլ։ Խնամքի պակասն ու չքաւորթիւնը արդէն տող պատրաստած էին թոքախտին իր տկար մարմինին մէջ։ [[1870]]էն առողջական վիճակը կը ծանրանայ ու հազիւ մէկ տարի անցած, Պ.Դուրեան կը մահանայ։
 
Յարգանքի վեջին տուրք մը տալու համար կատարուած է փառաւոր յուղարկաւորթիւն մը։ Սկիւտարի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Դուրեան, շուտով դարձած է երիտասարդներու ուխատավայր։
Տող 16.
Գրել է [[բանաստեղծութիւն]]ներ, տրամաներ, զբաղուած է հրապարախօսութեամբ (եղած է «Օրագիր Ծլին Աւարայրւոյ» թերթի օգնական խմբագիր), կատարած թարգմանութիւններ ([[Վիքթոր Հիւկօ]]` «Թագաւորը Զուարճանում Է», [[Շէյքսփիր]]` «Մաքպէթ» եւ այլն)։ [[1869]] եւ [[1871]] թուականներուն «Օրագիր Ծլին Աւարայրւոյ», [[Մեղու (հանդէս)|«Մեղու»]], [[Եփրատ (հանդէս)|«Եփրատ»]], [[Մամուլ (հանդէս)|«Մամուլ»]] պարբերականներուն մէջ տպագրուած է տաղեր։ Գրական ժառանգութեան զգալի մասը (երգիծական ոտանաւորներ, «Տիգրան Բ․», «Կործանումն Հռովմա», «Շահատակութիւնք Հայոց» ողբերգութիւնները, թարգմանութիւններ, բազմաթիւ նամակներ) չեն պահպանուած։
 
[[1871]] թուականի սկզբներուն, ի յայտ կու գան բանաստեղծի մահացու հիւանդութեան՝ [[Թոքախտ (արեւմտահայերէն)|թոքախտիթոքախտ]]ի աոաջին նշանները։ Նախապէս՝ կեանքով լեցուն պատանին, հիւանդութեան ուշադրութիւն չէր դարձներ եւ կը շարունակէր ստեղծագործել։ Այդ ժամանակ ան իր բարեկամներուն երկտող մը ուղղած էր ՝ «Մէկ պատառ թուղթերու վրայ արցունքոտ տողեր գրեր եմ. անշուշտ բարեկամքս զանոնք պիտի պատուեն եւ անոնց արեւ տեսցնեն»։ Անոր լաւագոյն երգերու մեծ մասը ստեղծուած է ուղիղ նոյն թուականի ընթացքին։ «Բանաստեղծ մը մահուանն չը սոսկար,- գրում է նա այդ օրերուն,- այն ատեն իրաւունք ունէի ցաւելու, երբ ամէնքն անմահ ըլլային եւ ես միայն մահկանացու»։
 
Բայց որքան ալ բանաստեղծը մահէն չի սարսափեր, դաժան հիւանդութիւնը կը կատարէր իր սեւ գործը։ Տարուան վերջաւորութեան, Դուրեանն արդէն գամուած էր անկողին։ Իսկ յաջորդ [[1872]] թ. [[21 Յունուար]]-ի գիշերը, բանաստեղծը կը կնքէ իր մահկանացուն։ Անոր մահէն ետք, լոյս կը տեսնէ անոր առաջին գիրքը։