«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Սասուն (արեւմտահայերէն) → Սասուն (2), Դժոխք (արեւմտահայերէն) → դժոխք, removed: <nowiki/> using AWB |
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB |
||
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Սեբաստացի Մուրադ}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն = Սեբաստացի Մուրատ (Սարերու Ասլան
| պատկեր = Armenian Resistance -Mourat - Defense of Erzinjan 1916.png
| caption = Էրզինգանի ճակատամարտ, 1916
Տող 17.
Ծնած է [[Սեբաստիա|Սեբաստիոյ]] Կովտուն Գիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/256482 Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…]</ref>։ երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս]]էն իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
[[Մուշ]] եւ [[Սասուն]], [[Հրայր դժոխք|Հրայր Դժոխքի]] եւ [[Գէորգ Չաւուշ]]ի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ [[1904]]ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկին]]։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, [[
[[1905]]-ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, [[Նիկոլ Դուման]]ի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Ան յատկապէս [[Զանգեզուր]]ի եւ [[Նախիջեւան]]ի ճակատներուն վրայ մարտեր ղեկավարեց։
[[1906]]ին վերադարձաւ [[Սասուն]], մասնակցեցաւ [[1907]]ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
[[1908]]-ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ [[Սեբաստիա]]։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ [[1910]]ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ [[Դանիել Վարուժան
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Ան ետքը Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի [[Պաթում]] (Մուրատի ոդիսականին պատմականը կատարած է [[Զապէլ Եսայեան]])։
|