«Սերոբ Աղբիւր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Սասուն (արեւմտահայերէն) → Սասուն (2), Դժոխք (արեւմտահայերէն) → դժոխք (2), removed: <nowiki/> (2) using AWB
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (7) using AWB
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Սերոբ Աղբիւր [[Տարօն]]ի ԱԱխլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր: Կրտսերն էր չորս եղբայրներու: Մեծ եղբայրը՝ Մխօ գիւղապետն էր: Սոխորդի մէջ ուսման հնարաւորութիւն չըլլալուն պատճառով, Սերոբ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց է ձիավարութեամբ եւ որսորդութեամբ՝ [[Նեմրութ Լեռ (արեւմտահայերէն)|Նեմրութ լերան]] լանջերուն թէ բարձունքներուն:
 
Սերոբի կազմաւորման մէջ բախտորոշ դեր ունեցած է իր Առաքել հօրեղբայրը: Առաքել երկար տարիներ Պոլիս ապրելէ եւ ուսանելէ ետք՝ [[1885]]-ին, Սոխորդ վերադարձած էր: 21-ամեայ Սերոբը փարած իր հօրեղբօր բերած գաղափարներուն կը սորվի գրել-կարդալ ու ինքնազարգացման ճամբով կը բացուի հայ հոգեմտաւոր [[Ժառանգութիւն|ժառանգութեան]]: Այս բորոլը դրական դեր ունեցան Ախլաթի հայութեան կեանքէն ներս (առաւելաբար քիւրտերով եւ չերքէզներով շրջապատուած, բայց իր 35 գիւղերով զուտ հայաբնակ շրջան էր Ախլաթը):
Տող 48.
 
== Արտասահմանի մէջ ==
Թրքական իշխանութիւններու դատաստանէն խուսափելու համար, 1891-ին, Սերոբ գաղտնի կ'ուղարկեն Պոլիս: Քանի մը ամիս Պոլսոյ մէջ անցընելէ ետք, Սերոբ կը տեղափոխուի Ռումանիոյ [[Սուլինա (արեւմտահայերէն)|Սուլինա]] քաղաքը, ուր բնակութիւն հաստատած էին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն տարագրուած պանդուխտ հայեր: Հայրենակիցներու օգնութեամբ Սուլինիոյ մէջ կը բանայ փոքրիկ սրճարան մը, որ կը դառնայ պանդխտութեան գիրկն ինկած տեղի հայութեան մշտական հաւաքատեղին: Սերոբի ապագայ գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ [[Հրայր դժոխք|Հրայր Դժոխքը]], որ այդ օրերուն կը գտնուէր Սուլինա քաղաքին մէջ: Հրայրի կոչը նոր ուժով կը բորբոքեցնէ դեռ պատանեկան տարիներուն ազատագրական պայքարի գաղափարներու հաղորդակից Սերոբը:
 
1893-ի վերջին, հայրենիք մեկնելու հաստատ վճռականութեամբ, Սերոբ կը ձգէ Սուլինան եւ կը մեկնի [[Պաթում (արեւմտահայերէն)|Պաթում]], ապա՝ Թիֆլիս: [[Թիֆլիս]]ի մէջ կը ծանօթանայ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափորին]] եւ [[Ռոստոմ (արեւմտահայերէն)|Ռոստոմին]]ին, որոնց խորհուրդով եւ օգնութեամբ, 1894-ի սկզբներուն, երեք ընկերներով կը վերադառնայ հայրենի Ախլաթ:
 
== Պայքարի Սկիզբ ==
Տող 86.
Հայկական գիւղերը իրարու հետ կը թշնամանային, նոյնիսկ արիւնալի մարտեր կը մղէին միրարու դէմ, երբ գիւղէն աղջիկ կը փախցնէին: Իսկ ատիկա անթոյլատրելի արարք էր, մանաւանդ այն օրերուն, երբ թշնամին կը կոտորէր հայերը. Անոնք պէտք էր որ համերաշխ եւ համախմբուած ըլլային:
 
Սերոբ կը հրամայէ, որ այնուհետեւ, ով որ աղջիկ փախցնէր գիւղէն, շատ խիստ կերպով պիտի պատժուէր: Սերոբ Աղբիւրի այս կարգադրութենէն որոշ ժամանակ մը ետք, աղջիկ փախցնելու համար Տալւորիկն ու Աղբրիկը կը թշնամանան [[Փսանաց գաւառ]]ին հետ: Պատճառն այն էր, որ Գէորգ Չաւուշի հօրեղբայր՝ Աւէն, փախցուցած էր [[Սուրբ Առաքելոց վանք (արեւմտահայերէն)|Առաքելոց վանքի]] տնտեսուհի՝ Հերմօն:
 
Սերոբ կը դասաւորէ, որ Գէորգ արժանի պատիժ տայ իր հօրեղբօրը, քանի որ վերջինս նման բան չէր համարձակեր ընել, եթէ Գէորգ այդքան մեծ հեղինակութիւն չվայելէր հայդուկներու շրջանին մէջ: [[Գէորգ|Գէորգ Չաւուշ]] ստիպուած կը սպաննէ հօրեղբայրը: Բայց անկէ ետք, մեծ հայդուկին հոգին կը խռովի եւ ան կը լքէ Սերոբի ջոկատը եւ քանի մը օր առանձին կը մնայ:
Տող 100.
Այնուհետեւ ժողովուրդը Սօսէն կ'օծէ Մայրիկ պատուանունով:
 
Սօսէ Մայրիկ 1904 թուականի [[Սասնոյ Բ. Ապստամբութիւն|Սասնոյ ապստամբութենէն]] ետք տեղափոխուած է [[Վան]], ապա՝ Կովկաս: Անոր միւս որդին՝ Սամսոնը, զոհուած է [[Կարին|Կարնոյ]] մէջ: 1920-ի վերջին, Սօսէ Մայրիկը տեղափոխոած է [[Կոստանդնուպոլիս]], ապա հաստատուած է [[Եգիպտոս]]ի [[Ալեքսանդրիա քաղաք]]ը, ուր 1953-ին մահացած է: 1998-ին, անոր աճիւնները տեղափոխուած են [[Երեւան]] եւ ամփոփուած [[Եռաբլուր (արեւմտահայերէն)|Եռաբլուրի]]ի մէջ:
 
== Սերոբի Մահուան Վրէժը ==
Տող 108.
 
== Սերոբ Աղբիւրը Արուեստի Գործերուն Մէջ ==
Սերոբ Աղբիւրին ձօնուած են «Գլուխդ՝ Բաղէշ, մարմինդ՝ Մուշ» եւ աշուղ [[Ֆահրատ (արեւմտահայերէն)|Ֆահրատի]]ի «Ով որ քաջ է» երգերը: Սերոբի մասին իր «Հերոսապատում» (Երեւան, 1990, 352 էջ) գիրքին մէջ ակնարկ-պատում ունի արձակագիր [[Սուրէն Սահակեան]]ը, իսկ [[Սերօ Խանզադեան]]՝ Սերոբ Աղբիւրի մասին հրատարակած է գրքոյկ մը «Աղբիւր Սերոբ» վերնագրով:
 
== Գրականութիւն ==