«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Հայ (արեւմտահայերէն) → հայ using AWB
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (7) using AWB
Տող 36.
Ստեփան Էքշեան ծնած է 1834-ին [[Բերա]], Հայ Կաթողիկէ ընտանիքի մէջ: Տասներկու տարեկանին հայրը զինք կը ղրկէ [[Փարիզ]], ուր [[Մուրատեան Վարժարան|Մուրատեան վարժարանին]] մէջ կ՛ուսանի ութ տարի: Երբ տուն կը վերադառնայ, կը նուիրուի բեմին եւ հետզհետէ յաջողութիւններու կը հասնի:
 
Էքշեան կը մահանայ [[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Կ.Պոլսոյ]] մէջ 1901-ին, 67 տարեկնին, երբ չորս զաւակներու հայր էր:
 
== Թատերական Գործունէութիւն ==
Ստեփան Էքշեանի յաճախած վարժարանին մէջ սովորութիւն էր տօնական եւ հանդիսական առիթներուն վարժարանի սրահին մէջ թատերախաղեր ներկայացնել: Ստեփան բուռն կերպով կը մասնակցէր այս թատերախաղերուն։ Աշակերտներուն ամենախանդավառն էր ու հետզհետէ աւելի կը նուիրուի բեմին:
 
[[Կ.Պոլիս (Արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] վերադառնալէ ետք, [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան կայսրութեան]] մէջ կը վարէ պետական թարգմանիչի պաշտօն: Միաժամանակ, [[Միջագիւղ]]ի մէջ մաս կը կազմէ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ. Պէշիկթաշլեանի]] ներկայացումներու խումբին, որ Բերայի մէջ ալ ներկայացում մը կը բեմականացնէ: Ան նաեւ կը մասնակցի [[Խասգիւղ]]ի մէջ տեղի ունեցած ներկայացումներուն: Էքշեան մեծ համբաւ կ՛ունենայ Միջագիւղի մէջ:
 
1856-ին [[Սրապիոն Հէքիմեան|Ս.Հէքիմեանի]] եւ Մաղաքեանի հետ միասին կը կազմէ թատերախումբ մը, որ նաեւ ներկայացումներ կ՛ունենայ Բերայի [[Նաումի Բեմ|Նաումի բեմին]] վրայ: Այս խումբը ամառնային շրջանը կ՛անցընէր [[Գատըգիւղ]]ի Մէօհրիւտարի զբօսարանին մէջ, ուր առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ Էքշեանի քենին՝ Աղաւնի Խամսեան-Ճէզիրեանը՝ ծանօթ Ֆաննի կեղծանունով:
 
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը [[Թէաթրը Ֆրանս]]ի մէջ երկու ներկայացում կը բեմականացնէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը»։ Երկու ներկայացումները կ՛արժանանան բարձր գնահատանքի: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեան եւ [[Աղաւնի Գէորգեան]]: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին բեմադրած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ կը կատարուի [[Հայերէն]] [[Գրաբար (Արեւմտահայերէն)|գրաբար]] լեզուով:
 
[[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ թատերական լաւագոյն դերասանները թատերական խումբ մը կը կազմեն, որուն մէջ գլխաւոր դերասաններէն մէկը կ՛ըլլայ Էքշեան:
 
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց [[Արեւելեան Թատրոն|Արեւելեան թատրոնին]] մէջ: Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր: Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
Տող 53.
Այս բոլորէն ետք, 1863-ին, [[Իզմիր]]էն [[Սարգիս Վանանդեցի]]էն հրաւէր ընդունելով, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դերասաններուն մեծ մասը ու մեկնիլ [[Զմիւռնիա]]: Խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Էքշեան, Պէնկլեան, Մնակեան, Աճէմեան, ֆասուլեաճեան, Թրեանց, Այտընեան, Չերազի, Ռ. Սետեֆճեան, Մէրասեէտեան, Արուսեակ, քոյրը՝ Աղաւնի եւ Պայծառ:
 
Զմիւռնիոյ մէջ սկիզբըր «Վասպուրական Թատրոն»-ին մէջ ներկայացումներ կ՛ըլլան եւ արդիւնքը շատ բարեբեր կ՛ըլլայ, սակայն հետզհետէ դերասաններէն ոմանք դժուարութեամբ [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] կը վերադառնան եւ յաջողութիւնները կը նուազին: Զմիւռնիոյ մէջ Էքշեան խումբին կեդրոնական դէմքն էր, եւ կատարելապէս կը փայլի:
 
Պոլիս վերադարձին ան վերջնականապէս կը հրաժարի դերասանութենէն, սակայն անշուշտ միշտ կը հետաքրքրուէր թատերական կեանքով:
Տող 62.
 
== Թարգմանական Գործունէութիւն ==
Էքշեան եղած է [[Թարգմանիչ (արեւմտահայերէն)|թարգմանիչ]]: Ան կը տիրաբետէր [[Թրքերէն]]ին, [[Ֆրանսերէն]]ին, եւ [[Հայերէն]]ին: Անոր [[Լեզուագիտութիւն|լեզուագիտութեան]] մէկ փաստը կը տեսնուի իր լուսանկարին ետեւը, որ նուիրուած էր իր կնոջ՝ Թագուհիի (Խամսեան) հետեւեալ տողով.
«Սէվկիւլիւ Թագուզումա սուվընիր. Ստեփան Էքշեան»: