«Վահան Գարտաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: {lang-en|| → {lang-en| using AWB
Չ →‎Ստեղծագործական Կեանք: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
Տող 42.
Վահան Գարտաշեան թերեւս տաղանդ ունէր սակայն դժբախտութիւն մըն է, որ նկարագրով բախտախնդի մը եղած է: 1908-ին ամուսնանալով տարէց այրի Ամերիկուհիի մը հետ, անոր նիւթական միջոցները ուզած է իրեն բարձրացման պատուանդան դարձնել, եւ ասոր համար է որ իր ծառայութիւնը տրամադրած է նախ Թուրքերուն: Կարծելով թէ կրնայ օգտագործել Թուրք կառավարութիւնը [[1913]]-ին կ'երթայ [[Կոստանդնուպոլիս|Կ. Պոլիս]], իբր թէ լուսաւորելու համար թուրք ժողովուրդը եւ թուրք կառավարութիւնը թէ [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմ. կայսրութիւն]]ը կազմող զանազան ցեղերը պարտ էին սորվիլ բարեկամ ըլլել իրարու հետ եւ մշակել եղբայրութեան ոգին: Միւս կողմէ Ամերիկացիներուն կը ներկայանար իբր պետը կազմակերպութեան մը, որուն նպատակն էր յառաջացնել Թուրքիոյ մէջ բարոյական վիճակներ, որոնք հարկաւոր էին նոր բէժիմին յաջողութեան»: Արդարեւ Թուրքիայէն կը դառնար ձեռք բերած վերը նշանակուած շահաբեր պաշտօնները, (Ելեւմտական գործակալ, օգնական բարձր յանձնակատարի եւ փաստաբան Նիւ Եորքի թուրք հիւպատոսարանին) որոնք պահեց մինչեւ [[1918]] գէթ իբր տիտղոս, եւ գործակցեցաւ այն մարդոց որոնք Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պաշտպանելու նպատակով ծրագիրներ կը յղանային եւ կը պատրաստէին «''Reconstruction Work in Turkey''» գիրքը որ հազարաւոր օրինակներով ձրի ցրուուեցաւ, եւ խոշոր դեր կատարեց ամերիկացիներու միտքերը յեղաշրջելուն մէջ:
 
Սակայն իր արկածախնդրական բազմաթիւ արարքներուն մէջ գլուխ-գործոցը պիտի մնայ 1921-ին հրատարակած տետրակը «Ուիլսըն Հայաստանի կործանիչ» խորագրով որով կը յարձակէր Նախագահ Ուիլսընին, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին եւ Ամերիկեան Միսիոնարներուն վրայ, զանոնք մատնանշելով իբր Հայաստանի դժբախտութեան երկարաձգման պատասխանատու, ինչ որ պատճառ եղաւ որ Կ. Պոլսոյ հայ երեք հոգեւոր պետերը [[20 Մայիս]] [[1921]]-ին պաշտօնական յայտարարութեամբ դատապարտեն զինքը: Վահան Գարտաշեան, երբեմն հակառակորդ յետոյ անձնուէր գործիչ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութեան]], կը մեռնի [[12 Յունիս]] [[1934]]-ին ի [[Նիւ Եորք]]:
 
Գարտաշեան որդին էր Նազար Գարտաշեանի: [[1920]]-էն ի վեր, երբ Սովիէթ Ռուսիոյ կողմէ գրաւուեցաւ կարճատեւ Հայկական Հանրապետութիւնը, Գարտաշեան փաստաբանն էր Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան, որ ստորագրեց [[Սեւրի դաշնագիր (արեւմտահայերէն)|Սեւրի դաշնագիրը]]ը եւ օրինաւոր յաջորդն է Հայկական Հանրապետութեան կառավարութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի [[Փարիզ]]:
 
Գարտաշեան խիստ քննադատ մըն էր Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան՝ Թուրքիոյ վերաբերմամբ, եւ 1923-ի Ապրիլին ծերակուտեիեն Պորահի գրած նամակով մը ամբաստանեց թէ՝ նախագահին դահլիճին երկու անդամները [[Լօզանի Համաժողովը|Լօզան]]ի քօնֆէրանսին մէջ ծախեցին հայկական դատը... Կարճ ժամանակ կը յետոյ, Գարտաշեան իբր փաստաբանը Հայկ. Հանրապետութեան պատուիրակութեան նամակ մը ուղղեց նախագահ Գուլիճին, հրաւիրելով Միացեալ Նահանգները որ պատուիրակութեան հետ միասին Լահէի իրաւաբանական մնայուն Ատեանին ենթարկեն Մ. Նահանգներու եւ Հայաստենի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները։