«Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Անձնական վկայութիւններ: clean up, replaced: մարտ (արեւմտահայերէն) → Մարտ using AWB
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (4) using AWB
Տող 54.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախ կը յաճախածէ Դամասկոսի տարրական դպրոցը, ապա ուսումը կը շարունակէ [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] ցեղային դպրոցը եւ Թագաւորական Գոլէճը: Մինչեւ ''Առաջին համաշխարհային պատերազմ'', կարճ ժամանակ աշխատած է [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ի նահանգապետի գրասենեակէն ներս<ref>[http://www.aztagarabic.com/archives/18448 فائز الغصين]{{W/Ref-ar}}</ref>, որմէ ետք վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը: [[Խարբերդ]]ի գաւարապետի պաշտօնը երեք ու կէս տարի վարելէ ետք, Դամասկոսի մէջ կը սկսի փաստաբանական աշխատանքին:
 
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անձամբ տեսնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան պետութեան]] խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային [[Լիբանան]]ի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին [[Տիգրանակերտ]]ի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն [[Ռուսիա|ռուս]]երու յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ: Ապրելով [[Տիգրանակերտ]]ի մէջ, ան ականատես եղած է հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի առած է շատ դէպքեր:
 
Ան, որ խորապէս ըմբռնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան Կայսրութեան]] Հայերուն նկատմամբ կատարած բռնութիւններն ու ոչնչացման քաղաքականութիւնը, եւ իր մաշկին վրայ կրելով բռնատիրութեան գործած չարիքը կը գրէ այդ բոլորին մասին: [[1916]] թուկանին արաբական «Մուկատամ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մասին: Յօդուածէն ընդարձակ քաղուածքներ ռուսերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին [[Մոսկուա]]յի պարբերաթերթերու մէջ:
 
== «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը ==
Տող 75.
=== Անձնական վկայութիւններ ===
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անդրադառնալով թուրքերուն գործադրած բարբարոսական արարքներուն, ան արաբ ականատեսի մը վկայութիւնը մէջբերելով կը նկարագրէ՝ թէ ինչպէս թուրքերը օրը ցերեկով կը յարձակէին աքսորի քաշուող կանանց վրայ, կը կողոպտէին, կը հանէին իրենց հագուստները, լրիւ կը մերկացնէին: Իսկ անոնք՝
{{քաղվածք|մահը ամօթէն գերադասելով, իրենք զիրենք կը նետէին [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ]]ի ջուրերուն մէջ:|}}
{{քաղվածք|Հայ Կանայք այնպիսի հրոսութիւն եւ կամքի այնպիսի վեհութիւն ունէին, որով օժտուած չեն շատ տղամարդիկ:|կ՛եզրակացնէ ականատեսը}}