«Յարութիւն Կալենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Լիբանան (արեւմտահայերէն) → Լիբանան using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Երևան → Երեւան using AWB
Տող 36.
1920-ական թուականներու վերջերը, վերջինիս հետ ճամբորդած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ կարգ մը վայրեր, ուր ցուցադրուած են իր կտաւի վրայ աշխատանքները։ 1932-ին [[Լիբանան]]ի մէջ ստեղծուած «Արուեստի բարեկամներու միութեան» հիմնադիր անդամներէն եղած է: 1939-ին մասնակցած է Նիու Եորքի միջազգային ցուցահանդէսին, ուր Լիբանանաի մասին իր պատրաստած հարթաքանդակները արժանացած են պատուոյ յիշատակութեան։ 1942-ին, եղած է «Լիբանանի նկարիչներու միութեան» հիմնադիրներէն։ Արտասահմանի մէջ ունեցած է անհատական շարք մը ցուցահանդէսներ։ 1946-ին իր կնոջ՝ նկարչուհի Արմինէ Կալենցի հետ ներգաղթած է Հայաստան։ Մասնակցած է հանրապետական եւ միութենական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու։ Ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Երեւանի մէջ (1962), Մոսկուայի մէջ (1965)։ 1966-ին մասնակցած է Չեքոսլովաքիոյ մէջ կազմակերպուած արուեստի տասնօրեակի ցուցահանդէսին, ապա [[Փարիզ]]ի մէջ կազմակերպուած «Ուրարտուէն մինչեւ մեր օրերը» ցուցահանդէսին։
 
Լաւագոյն գործերէն են՝ «Գարուն», «Ծառ Զանգեզուրի ձորում», «Աշունը Հրազդանի ափին», «Ծաղիկներ», Մայա Պլիսեցկայայի, Գէորգ Էմինի, եւ այլոց դիմանկարները եւ այլն <ref>{{cite book|author=Գառնիկ Ստեփանյան|title=Կենսագրական բառարան, հատոր Բ|publisher=«Սովետական գրող»|location=ԵրևանԵրեւան|year=1981|page=էջ 82}}</ref>: :
 
== Ծանօթագրութիւններ ==