«Ականջ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Տե'ս Նաեւ: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Ականջ}}
[[Պատկեր:Ear.jpg|մինի|Մարդու ականջը.]]
'''Ականջը''', լսողութեան եւ հաւասարակշռութեան օրկանն է որուն միջոցով կ'ընկալուին ձայնային ազդանշանները եւ այնպիսի գրգիռներ, որոնք կ'առաջանան մարմնի դիրքի փոփոխութեան ժամանակ։ [[Կաթնասուններ]]ու ականջներու կառուցուածքը գրեթէ միանման է։ Չնայած [[սողուններ]]ը, [[երկկէնցաղներ]]ը եւ [[թռչուններ]]ը նոյնպէս օժտուած են գէրազանց լսողութեամբ, սակայն անոնց լսողութեան օրկաններու կառուցուածքը տարբեր է։ Որոշ [[միջատներ]]ու լսողութեան օրկանները տեղադրուած են մարմնի կամ [[վերջոյթներ]]ու վրայ։
Տող 19 ⟶ 18՝
 
== Յաւելեալ ==
 
Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները ձայն հաղորդող մասերն են, իսկ ներքին բաժինը՝ ձայն ընկալող մասն է: Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնալիքները, այլ խօսքով՝ ձայնային ուժը կը փոխուի մեքենական ուժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի, իր հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան: Ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջ, ուր շարժումի կ՛ենթարկուին լսողութեան ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ոյժը կը փոխուի ելեկտրական ոյժի եւ ձայնալիքները իբրեւ ելեկտրական ոյժ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ, ուր լսողութիւնը կը մեկնաբանուի առողջ ուղեղաբջիջներու կողմէ:
Բնական լսողութիւն ունենալու համար պէտք է ունենանք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխանցման եւ ընկալաման արգելքներու, ինչպէս նաեւ բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ:
Տող 41 ⟶ 39՝
== Արտաքին յղումներ ==
* Մ.Վ.Խանբաբեան, Ա.Մ.Խանբաբեան «Լսողութեան, խօսքի, տեսողութեան օրգանների անատոմիայ, ֆիզիոլոգիայ եւ պաթոլոգիայ» Երեւան 2008 թ.
{{Արտաքին յղումներ}}
Հիւանդի ականջների խնամքը:
 
[[Կատեգորիա:Գիտութիւն]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ականջ» էջէն