«Ալեքսանտրիայի Սենկորի Անուան Համալսարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Ալեքսանդրիայի Սենգորի անվան համալսարան}} {{Տեղեկաքարտ Համալսարան (արեւմտահա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

16:49, 10 Հոկտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Համալսարան (արեւմտահայերէն) Ալեքսանտրիայի Սենկորի Անուան Համալսարան, համալսարան, որ պաշտոօնապէս յայտնի է որպէս Ֆրանսերէն լեզուի ԱԱփրիկեան զարգացման Միջազգային համալսարան, որ հիմնադրուած է 1990-ին Ալեքսանտրիա՝ Եգիպտոսի մէջ։

Պատմութիւն

Ֆրանսերէն լեզուի Ափրիկեան զարգացման համալսարանի հիմնադրման յատակագիծը ներկայացուած եւ ընդունուած է գագաթաժողովին։ Սենկորի համալսարանը բացուած է Հոկտեմբեր 1990-ին եւ ճանչցուած է միջազգային հանրութեան ուսումնական հաստատութիւն։ Անոր անունը յարգանքի տուրք է Լեոբոլտ Սետար Սենկարի՝ Ֆրանքոֆոնիան խթանողի Սենեկալի Հանրապետութեան նախկին նախագահի։ Ի լրացում Սետար Սենկորի հայր-հիմնադիրներն են Մուրիս Տրուոնը, Պութրոս Պութրոս-Կալին եւ Ռենէ-Ճին Տուպուն։

 
Սենկոր համալսարանի շէնքը

Ալպերտ Լուրտէն ղեկավարած է համալսարանը 8 տարիներու ընթացքին: 21 Յունիս 2016-ին փրոֆեսոր Թերրի Լերտելը կը նշանակուի Սենկարի համալսարանի ռեկտոր, Հանիա Հելալի համալսարանի փպրոֆեսոր, Եգիպտոսի բարձրագոյն կրթութեան ու գիտութեան հետազօտութեան նախկին նախարար։

Նկարագրութիւն

Սենկոր համալսարանը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն է, որ կը կրթէ ուսանողներուն հարաւային երկիրներու զարգացման առնչուող առարկաներու միջոցով։ Իր երկիրներու երիտասարդ շրջանաւարտներուն կը պատրաստէ տարբեր բնագաւառներու գործունէութեան (սնունդ, առողջապահութիւն, կառավարում, գիտութիւն, շրջակայ միջավայր)։

Համաձայն համալսարանի ծրագրի՝ Սենկոր համալսարանը կը ձգտի դառնալ միջազգային ֆրանսալեզու համալսարան մասնագիտական նպատակներով՝ ապահովելով Ափրիկէի զարգացումը։

Ան կը պատրաստուի մասնագիտութիւններու զարգացման Ուակատուկուի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ։ Նախագիծերու միջոցով կ՛ուղղորդէ աշակերտներու զարգացումը՝ ստեղծելով հմտութիւններու ցանց եւ գիտելիքներ՝ աշակերտներու մտարուեստութեան միջոցով անընդմէջ կրթութեամբ եւ սահմանափակ ուսուցմամբ։

 
Տեղագրութեան քարտէզ

Այն 10 մասնագիտութիւնները կը տրուին հինգ բաժիններու մէջ։

  • Առաջին բաժին
    • Վարչական կառավարման բաժին
    • Կը կառավարէ նախագիծերով
    • Կառավարում եւ համայնքային կառավարում
  • Երկրորդ բաժին
    • Շրջակայ միջավայրի բաժին
    • Շրջակայ միջավայրի կառավարում
    • Շրջաններու պահպանման կառավարում
  • Առողջապահութեան բաժին
    • Միջազգային առողջապահութիւն
    • Քաղաքականութիւն սնունդի բնագաւառէն ներս
  • Մշակութային ժառանգականութեան բնագաւառ
    • Մշակութային ժառանգականութեան կառավարում
    • Կապ եւ հաղորդակցութիւն
    • Մշակութային ճիւղերու կառավարում
  • Համակարգչային կառավարման բաժին
    • Հեռակարավարման ուսուցում

Ծանօթագրութիւններ

= Արտաքին յղումներ