«Ածուխ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ
→‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Ածխուխ}} using AWB
Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Ածխուխ}} using AWB
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Ածխուխ}}
 
[[Պատկեր:Резной торф.jpg|thumb|Տորֆ]]
'''Ածուխները''' պինդ, ածխածնով հարուստ այրուող [[օգտակար հանածոներ]] են, որոնք առաջացած են Երկրի ընդերքին մէջ՝ միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին՝ հնագոյն բոյսերու մնացորդներու բարդ քիմիական եւ երկրաբանական փոխարկումներու հետեւանքով։ Միլիոնաւոր տարիներ առաջ ներկայիս քաղաքներու, դաշտերու ու անտառներու մէջ աճած են հնագոյն ծառեր։ Ժամանակի ընթացքին, այդ ծառերը մահացած են, իյնկած ճահճոտ հողին, իսկ ատոնց տեղին մէջ աճած են նորերը եւ այդպէս շարունակ։ Աստիճանաբար կուտակուած է այդ ծառերու մնացորդներու հաստ շերտ մը։ Տարիներու ընթացքին մէջ, [[միկրոօրգանիզմներ]]ի ազդեցութեամբ եւ օդի դժուարացած ներհոսքի պայմաններուն մէջ, այդ շերտի ոչ լրիւ քայքայման հետեւանքով առաջացած է տորֆ։ Վերջինս ծածկուած է գետերով հարթավայրեր բերուող տիղմով եւ աւազով։ Ժամանակի ընթացքին [[հանքային լուծույթ]]ներու, բարձր ճնշման եւ ջերմաստիճանի պայմաններուն [[տորֆ]]ը փոխարկուած է սկիզբին գորշ ածուխի, այնուհետեւ՝ քարածուխի, աւելի ուշ՝ [[անտրացիտ]]ի։ Ածխածնի պարունակութիւնը գորշ ածուխներուն մէջ, կը կազմէ 55–78%, քարածուխներուն մէջ՝ 75–92%, անտրացիտի մէջ՝ մինչեւ 98%: Ածխածնի պարունակութեան մեծացմամբ կը բարձրանայ հանածոյի ջերմատուութիւնը։ Ածուխներուն յաճախ կ'անուանուին «արեգակնային պահածոյ»: Եւ այդ ունի իր տրամաբանութիւնը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին արեգակնային էներգիան կը կուտակուի բոյսերուն մէջ, որոնք այդ էներգիայի օգնութեամբ ջուրէն, [[ածխաթթու գազ]]էն եւ [[հանքային աղ]]երէն [[սինթեզ]]ի մէջ են իրենց կենդանի մարմինը։ Արդիւնահանուած ածուխները կ'այրին եւ ջերմութեան ձեւով մեզ կը վերադարձնէ հեռու-հեռաւոր ժամանակներուն մէջ բոյսերու ամբարած այդ [[էներգիա]]ն։ '''Ածուխ'''ները կազմուած են [[օրգանական]] (այուող) եւ [[անօրգանական]] (չայրուող) բաղադրիչներէն։ Օրգանական մասը կը կազմեն [[բիտում]]ները, [[հումինային թթու]]ներն ու մնացորդային ածուխը։ Անօրգանական հանքային մասը կը կազմեն [[ջուր]]ը (գորշ ածուխի մօտ 50%-ը) եւ [[կալցիում]]ի, [[երկաթ]]ի, [[ալիւմին]]ի, [[կալիում]]ի, [[նատրիումի սիլիկատ]]ները, [[ֆոսֆատ]]ները, [[սուլֆիդ]]ներն ու [[սուլֆատ]]ները։ Ածուխի համաշխարհային ընդհանուր պաշարները կը գնահատուին 13,5 տրիլիոն տոննա, որմէ 51,5%-ը [[քարածուխ]]ն է, 48,5%-ը՝ [[գորշ ածուխ]]ը։ Ածուխները հրաշալի [[վառելանիւթ]] են, կ'օգտագործուին նաեւ որպէս հումք մետաղաձուլութեան եւ քիմիական արդիւնաբերութեան մէջ։