«Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 26.
Երբ էլմասը՝ արաբերէն թերթին խմբագրապետը, արտաքին գործոց նախարար կը նշանակուի, ինք ալ ժամանակ մը ետք կը դառնայ անոր խորհրդականը։ Դիւանագիտական խնդրոյ մը առթիւ, երբ Լուի Ֆիլիբ Ֆրանսայի թագաւորին գրուելիք պաշտօնագիր մը մեծ յաջողութեամբ կը գրէ, Եգիպտոսի Խէտէվի Մեհմետ Ալի փաշա՝ համբուրելով Արիստակէս Ալթունեանի ճակատը կ'ըսէ. "Օղլում Ալթուն, սենին իսմին Ալթուն տէյիլ, Տիւրրի տիր"։ (Կը նշանակէ՝ որդիս Ալթուն, քու անունդ Ալթուն (ոսկի) չէ, Տիւրրի (մարգարիտ) է"։ Ատկէ ետք Ալթուն մականունը կը փոխուի Ալթուն-Տիւրրիի։
[[Պատկեր:ModernEgypt, Muhammad Ali by Auguste Couder, BAP 17996.jpg|մինի|ձախից|Մեհմետ Ալի փաշա]]
Երբ Մեհմետ Ալի փաշայի մահէն ետք զաւակը՝երբ զաւակները՝ Իպրահիմ, իսկ յետոյ՝ Ապպաս փաշաները կը յաջորդեն անոր, Արիստակէս պաշտօնէն կը քաշուի. առողջութեամբ տկար ըլլալով՝ Զմիւռնիա կը հաստատուի։ Կարճ ժամանակ մը վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, կը հաստատուի Պոլիս: Պոլսոյ մէջ 1851ին՝ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի հետ Շամի մաքսերու վարձակալութիւնը կը ստանձնէ։
 
Ան մեծ մասնակցութիւն բերած է ազգային գործերու մէջ: Անդամակցած է 1857-ի Գերագոյն Ժողովին։ Կարեւոր ներդրում բերած է Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման մէջ, ուր Աղաթոն Օտեանի եւ Ռուսինեանի հետ խմբագրած են Սահմանադրութեան օրէնքը: