«Վարդավառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Werldwayd տեղափոխեց էջը «Վարդավառ (արեւմտահայերէն)»-էն «Վարդավառ»
Չ removed: {{Արևելահայերեն|Վարդավառ}} using AWB
Տող 1.
 
{{Արևելահայերեն|Վարդավառ}}
[[Պատկեր:Вардавар8.jpg|մինի|աջից|Վարդավառ Հայաստանի մէջ]]
'''Վարդավառը''' Յիսուսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է, որ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուան ընթացքին կը կատարուի։
Տող 16 ⟶ 14՝
[[Գրիգոր Լուսաւորիչ|Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ]] այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայրերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տօնին մեր հեթանոս հայրերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին։ Մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը։ Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններէն, տօնը փոխարինուած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով, ինչ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի տօնախմբուիլ:
 
Ժողովուրդը Քրիստոնէական շրջանին ալ սիրելով այս տօնը, զայն նշանակած է [[Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի |Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ]] Հինգ տաղաւար տօներէն մին, անգամ մը եւս շեշտելու համար անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը:
Վարդավառի տօնակատարութիւնը միշտ ալ Զատկուան տօնէն 98 օր ետք կը նշուի, որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի 28 Յունիսէն 1 Օգոստոսի միջեւ:
 
Տող 28 ⟶ 26՝
Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը: Յիշենք այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններ:
*Բաց դաշտերուն մէջ, ակունքներու մօտ կողով մը կը զարդարէին. յատակը ցորենի հասկեր կը դնէին, մէջտեղը խաչափայտ մը, զայն կը զարդարէին եղանակի ամէն տեսակի բանջարեղէններով եւ պտուղներով: Կը զետեղէին տախտակի մը վրայ եւ շուրջը շրջանակներ կազմելով, երիտասարդ թէ տարեց, միասին կը պարէին ի նշան միասնականութեան եւ կենսունակութեան:
* Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստնրով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում: Հարսերը իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, իբրեւ սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն:
 
* Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստնրով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում: Հարսերը իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, իբրեւ սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն:
 
* Ուխտի կ'երթային, մանաւանդ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցին: Ուխտաւոր մանուկներուն մազերը կը կտրէին, հսկայ կաթսաներով մատաղ կ'եփէին, կերուխում կ'ըլլար: Տղամարդիկ ձիարշաւ կը կատարէին. իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր դիմացինին գլուխը ջուրին մէջ թաթխել: Կիներ ու աղջիկներ ճօճախաչ կոչուող մրցումը կը կատարէին (օդօդուիլ, պարան ցատկել):
 
*Սովորութիւն էր նաեւ աղջիկ ուզել, նշանել, աշնան ամուսնացնելու նպատակով:
 
*Խաչ փունջեր կազմել վարդերով, ծաղիկներով եւ ցորենի հասկերով ու նուիրել եկեղեցիին, բերքի առատութեան համար եւ կամ նուիրել սիրած անձերու:
 
*Ուրախութեան, խնդուքի պատկերներ կը ներկայացնէին, աղաւնի կը թռցնէին կենսունակութեան նպատակով:
 
*Սովորութիւն էր նաեւ մինչեւ Վարդավառի օրը խնձոր չուտել, այդ օրը խնձոր ղրկել իր սիրած անձին:
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վարդավառ» էջէն