«Տարազ (շաբաթաթերթ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Տարազ (շաբաթաթերթ) }} using AWB
Տող 1.
 
{{Արևելահայերեն|Տարազ (շաբաթաթերթ) }}
'''Տարազ''', գրական-գեղարուեստական, հասարակական շաբաթաթերթ (այնուհետեւ [[ամսագիր (արեւմտահայերէն)|ամսագիր]])։ Լոյս տեսած է [[1890]]-[[1919]] թուականին, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ [[Տարազ Նազարեան]]։ Մինչեւ [[1900]]-ը եղած է [[«Աղբիւր»]]-ի պատկերազարդ յաւելուածը։ Հիմնականին մէջ ունեցած է ազատական դիրքորոշում։ ժամանակի հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւնները լուսաբանելով առաւել մեծ տեղ յատկացուցած է հայկական հարցին, որու լուծումը կապած է [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|Ռուսաստանի]] օգնութեան հետ, սուր քննադատութեան ենթարկած համիտեան վարչակարգի հայաջինջ գործելակերպը, ծաղրած այսպէս կոչուած «սահմանադրութիւնը»։ Ուշադրութեան արժանի է [[Ատրպետ]]ի «Հայաստանը ջարդերէն առաջ եւ ետք» յօդուածաշարքը։ Չնայած ընկերային հարցերու լուծման ճանապարհին մերժած է դասակարգային պայքարը, այսուհանդերձ իր էջերը տրամադրած է ժամանակի յառաջադիմական գաղափարներ, մարքսիստական միտքը տարածող գործիչներուն (Ա․ Զուրաբեան, Ա․ խումարեան, Ա․ Երզընկեան եւ ուրիշներ)։ «Տարազ» դատապարտած է [[Անգլիա (արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] միջնորդները եւ անոնց տեղական ազգայնական գործակիցները՝ [[Պաքու]]ի 26 կոմիսարներու սպանութեան կապակցութեամբ։ Հանդէսը արձագանգած է ժամանակի գրեթէ ամբողջ գրական անցուդարձը։ Այստեղ տպագրուած են [[Յովհաննէս Թումանեան]]ի, [[Աւետիք Իսահակեան]]ի, [[Շուշանիկ Կուրղինեան]]ի, [[Շիրւանզադէ]]ի, [[Աթաբէկ Խնկոեան]]ի, [[Վահրամ Փափազեան]]ի,[[Ալեքսանտր Ծատուրեան]]ի, [[Յակոբ Պարոնեան]]ի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները, թարգմանաբար ներկայացուած ռուս, վրաց եւ արեւմտաեւրոպական գրականութիւնը ([[Ալեքսանտր Փուշկին|Ալեքսանտր Պուշկին]], [[Միքայէլ Լերմոնտով]], [[Նիքոլայ Նեկրասով]], Ի․ Տուրգենէ, [[էգնատէ Նինոշվիլ]]ի,․ [[Իլյա ճաուճաւաձէ]], Ա․ Ղազբեգի, [[Շեքսպիր]], [[Շիլլեր (արեւմտահայերէն)|Շիլլեր]], [[Պայրըն]], [[Էմիլ Զոլա (արեւմտահայերէն)|էմիլ Զոլա]], Մոփասան եւ ուրիշներ)։ Նշանակալի է «Տարազ»-ի դերը երաժշտութեան, թատրոնի, կերպարուեստի հարցերու լուսաբանման ասպարէզներուն մէջ, որոնց նուիրուած յօդուածները աւելի են ժամանակի մշակութային կեանքի (յատկապէս թիֆլիսահայ) ամբողջական պատկերը, նպաստած է գեղագիտական առաջաւոր մտքի հանրայնացմանը։ Լուրջ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ մանկավարժութեան, դպրոցին եւ ընտանեկան դաստիարակութեան նուիրուած նիւթերը, որոնց հետ հանդէս եկած են [[Յովհաննէս Տէր-Միրաքեան]]ը, Ս․ Բեկնազարեանը, Ս. Լիսիցեանը,[[Ղազարոս Աղաեան]]ը։ Տպագրած է գրախօսականներ, մամուլի տեսութիւններ, ծանօթացած հայ խմբագիրներու եւ հրապարակախօսներու գործունէութեանը։ Ունեցած է, «[[Իլիւստրասիոն]]», «[[Փարիզի մոտաներ]]», «[[Առողջապահութիւն]]» եւ այլ յաւելուածներ։