«Յարութիւն Ալիքսանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Ալիքսանեան Յարութիւն(Խաչիկ)''',([[1857]], [[Պրուսա]] - [[1 Յունուար]] [[1918]]) դերասան, ծն. Չինկիլէրի(Պրուսայի գիւղ) 1857ին, մանկութեանը կը կորսնցնէ ծնողքը. նախնական կրթութիւնը գիւղին դպրոցին մէջ կը ստանայ, յետոյ Պրուսա կը ղրկուի իբրեւ աշկերտ կօշկակարի, ուսկից 1864ին Պոլսոյ Ս.Փրկչեան Ազգային որբանոց-վարժարանը կը ղրուի իր Գէորգ Եպ. հօրեղբօրը միջնորդութեամբ, հոն կը մնայ 7 տարի եւ աշակերտական Թատր. ներկայացումներու ատեն ի յայտ կը բերէ իր դերասանական յատկութիւնները:
== Կենսագրութիւն ==
1878ին Վարդովեանի դերասանական խումբին մէջ կ'ընդունուի, եւ երբ Վարդովեան գործէ կը քաշուի՝ 1881ին Մնակեանի խումբին մէջ առաջին դարերը ստանձնէ 1891-2 կը բաժնուի Մնակեանէն եւ առանձին խումբ մը կազմելով կը մտադրէ Պրուսա նենկիլ 1899ին Տիկին Հրաչեա դերասանուհին զինքը Կովկաս կը հրագիրէ. հոն՝ [[Գանձակի]], [[Պաքու]]ի, [[Թիֆլիս]]ի մէջ բեմ կ'ելլէ կարեւոր դերերով. քիչ ատեն ետք Պոլիս կը վերադառնայ. 1896ին [[Զմիւռնիա]] է, Մնակեանի հետ, իսկ 1897ին՝ Եգիպտոս, [[Սերոբէ Պէնլեան]]ի մեծ օբէրէթի խումբին մէջ իբրեւ առաջին պառիթոն երգիչ-դերասան: 1899ին [[Պոլիս]] կը դառնայ եւ սկսնակ դերասանուհի Օր. Աղաւնի Հայկազեանի հետ կ'ամուսնանայ, որ կը կոչուի Տիկին Սիրանոյշ Ալիքսանեան համանուն արուեստագիտուհիին շատ նմանելուն համար:
Ալիքսանեան մինջեւ 1903 դարձեալ Պոլսոյ բեմերուն վրայ է, իբրեւ օրուան տիրապետող արուեստագէտը: Ինքը հակարակորդի դերերը այնքան բնականօրէն տարած է որ շատ անգամ հանդիսատեսներուն զայրոյթը գրգռած է իր դէմ, 1904-6ին թատերապտոյտներ կ'ընէ այցելելով [[Սելանիկ]], [[Տրամա]], [[Սէրէզ]], [[Քավալա]], [[Իզմիտ]], [[Սամսոն]]:
1907ին՝ Ալիքսանեան Հոլասի եւ Տիկ. Հէքիմեանի հետ ուժեղ խումբ մը կը կազմէ որ ասուպի կեանք մը կ'ունենայ. Օսմ. Սահմանադրութենէն ետք խումբը յամրաբար կը քայքայուի: