«Արաբական Գարուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Արաբական գարուն}} using AWB
Չ →‎top: removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 9.
Ան սկսաւ Թունիսի մէջ [[18 Դեկտեմբեր]][[2011]]-ի իրադարձութեամբ, երբ Մուհամմատ Պուազիզի անունով երիտասարդ մը ինքնահրկիզուեցաւ՝ ի նշան բողոքի ոստիկանական կաշառակուրծի եւ դաժան վերաբերմունքի դէմ։ Թունիսի ցոյցերու յաջողութեամբ անկարգութիւններու ալիքը տարածուեցաւ Ալճերիոյ, Յորդանանի, Եմենի եւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ այլ երկիրներու մէջ։ Ամենազանգուածային եւ կազմակերպուած ցոյցերը տեղի կ'ունենային «Զայրոյթի օրը»՝ որպէս կանոն ուրբաթ օրը՝ կեսօրուայ աղօթքէն ետք։ Ցոյցերը առաջացուցին նմանատիպ անկարգութիւններ տարածաշրջանէն դուրս։
 
[[2012]] թուականի մայիս ամիսի դրութեամբ յեղափոխութիւնները 4 երկիրներու ղեկավարներու տապալման հասցուցին։ [[Թունիս (արեւմտահայերէն)|Թունիսի]]ի նախագահ [[Զէյն ալ-Ապիտին պըն Ալի]]ն [[14 Յունուար]][[2011]]-ին յեղափոխութենէն ետք փախավ [[Սէուտական Արաբիա]]։ [[Եգիպտոս]]ի նախագահ [[Հոսնի Մուպարաք]]ը [[11 Փետրուար]][[2011]]-ին՝ 18-օրեայ զանգուածային բողոք-ցոյցերէն ետք հրաժարական տուաւ՝ աւարտելով իր 30-ամեայ նախագահութիւնը։ Եմենի նախագահ [[Ալի Ապտալլահ Սալեհ]]ը [[27 Փետրուար]][[2012]]-ին հեռացաւ իշխանութենէն՝ ցգելով այն նոր նախագահին, որ պէտք է ընտրուէր վաղաժամկէտ ընտրութիւններու արդիւնքով։ Նախկին լիպիական առաջնորդ [[Մուամմար Քատտաֆի]]ն գահընկեց եղաւ [[23 Օգոստոս]][[2011]]-ին, երբ Ազգային Անցումային խորհուրդը իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուց Պապ Ալ-Ազիզը։ Ան սպաննուեցաւ [[20 Օգոստոս]][[2011]]-ին իր հայրենի Սիրթ քաղաքին մէջ, երբ Ազգային Անցումային խորհուրդը քաղաքը վերցուց իր հսկողութեան տակ։
 
Տարածաշրջանին մէջ այդ անկարգութիւններու արդիւնքով որոշ առաջնորդներ յայտարարեցին հրաժարական տալու մտադրութեան մասին՝ իրենց կառավարման ժամկէտն աւարտելէն ետք։