«Արեան Խումբ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Արյան խումբ}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (11) using AWB
Տող 1.
[[Պատկեր:ABO blood type.svg|thumb|right|410px|Արեան խումբը կ'որոշուի արյան էրիթրոցիտներու ABO համակարգի հակածիններով։]]
'''Արեան խումբ''', [[Արիւն|արեան]] ժառանգաբար փոխանցուող իմունային առանձնահատկութիւններ են, որոնց հիման վրայ եւ ըստ պարունակուող նիւթերու (խմբային [[հակածիններ (արեւմտահայերէն)|հակածիններ]] կամ իզոհակածիններ) նմանութեան արիւնը կը դասուի որեւէ խումբի։ Մարդու պատկանելիութիւնը արեան այս կամ այն խումբին անհատական կենսաբանական առանձնահատկութիւն է, որ կը ձեւաւորուի [[սաղմնային զարգացում (արեւմտահայերէն)|սաղմնային զարգացման]] վաղ շրջանիմ եւ չի փոխուիր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Աւելի գործնական նշանակութիւն ունին արեան կարմիր մարմնիկներու ([[էրիթրոցիտներ (արեւմտահայերէն)|էրիթրոցիտներ]]) A եւ B իզոհակածինները, ինչպէս նաեւ բնականոն պայմաններու մէջ [[արեան շիճուկ]]ի մէջ պարունակուող α եւ β իզոհակամարմինները։ Մարդու արեան մէջ միասին կրնան գտնուիլ միայն տարասեռ իզոհակածիններ եւ իզոհակամարմիններ, քանի որ միասեռի պարագային տեղի կ'ունենայ արեան կարմիր մարմնիկներու միակպչում՝ սոսնձում ([[հեմակլուտինացում]])։ Անկախ ռասայէն, տարիքէն, սեռէն, ինչպէս նաեւ արեան մէջ A, B իզոհակածիններու եւ α, β իզոհակամարմիններու առկայութենէն, մարդու արիւնը կը բաժնեն 4 խումբի։
== Պատմութիւն ==
 
Արեան խումբի մասին ուսումնասիրութիւն առաջացած է [[19-րդ դար]]ու վերջերուն։ Անիկա ընդհանուր իմունաբանութեան կարեւոր բաժիններէն է, արեան փոխներարկման հիմքը եւ լայնօրէն կը կիրառուի [[արիւնաբանութիւն|արիւնաբանութեան]], [[վիրաբուժութիւն|վիրաբուժութեան]], [[մանկաբարձութիւն|մանկաբարձութեան]], գինեկոլոգիայի, դատական բժշկութեան, ինչպէս նաեւ [[մարդաբանութիւն|մարդաբանութեան]] եւ մարդու [[գենետիկա (արեւմտահայերէն)|գենետիկայի]]յի մարզերուն մէջ։
 
== Ակլիուտինոկէն-ակլիուտինին Փոխազդեցութիւն ==
Էրիթրոցիտներու թաղանթին վրայ կան բարդ միացութիւններ՝ հակածիններ (ակլիուտինոկէններ), որոնք օժտուած են հակածնային յատկութիւններով։ Անոնք կրնան փոխազդել արեան փլազմայի յատուկ [[սպիտակուց (արեւմտահայերէն)|սպիտակուցներու]]ներու` հակամարմիններու հետ։
 
Հակածին-հակամարմին հակազդեցութեան հետեւանքով տեղի կ'ունենայ էրիթրոցիտներու սոսնձում՝ [[ակլիուտինացիա]]։ Ըստ այս երեւոյթի անունին, էրիթրոցիտներու թաղանթի հակածինները կը կոչուին [[ակլիուտինոկէններ]], իսկ փլազմայի հակամարմինները՝ [[ակլիուտինիններ]]։
Տող 137.
Բացի A եւ B իզոհակածիններէն, որոշ մարդոց արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ կը հանդիպին H եւ O առանձնայատուկ հակածիններ։ Օրինակ, անոնք մշտապէս առկայ են 0, β (I) խումբ ունեցող անձերու արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ։ Բացի արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ պարունակուող իզոհակածիններէ, արեան միւս բաղադրիչ տարրերու մէջ կը յայտնաբերուին իզոհակածիններ, որոնք միայն իրենց բնորոշ են։ Այսպէս հաստատուած է արեան սպիտակ մարմնիկներու ([[լէյկոցիտներ]]) աւելի քան 40 հակածիններ միաւորող խումբի գոյութիւնը։ Կ'առանձնացնեն արեան շիճուկին մէջ պարունակուող սպիտակուցներու խումբ մը, որ կը բաժնուի [[իմունոկլոպուլիններ]]ու, [[ալպումիններ]]ու, [[պոստալպումիններ]]ու, α-, β-, γ-կլոպուլիններու եւ [[լիպոփրոթէիտներ]]ու։
 
Մարդու արեան այլ համակարգերուն պատկանող իզոհակածինները ունին աւելի փոքր գործնական նշանակութիւն, քան ABO եւ ռեզուս համակարգերը, բայց կարեւոր են դատաբժշկական բժշկութեան, [[գենետիկա (արեւմտահայերէն)|գենետիկայի]]յի, [[Մարդաբանութիւն|մարդաբանութեան]] համար։
 
== Ռեզուս Գործօն ==
ABO իզոհակածիններէն ետք [[գործնական բժշկութիւն|գործնական բժշկութեան]] մէջ, ըստ նշանակութեան, երկրորդ տեղը կը գրաւեն ռեզուս՝ Rh ({{lang-en|Rhesus}}) համակարգի արեան խումբը։ Անիկա արեան ամենաբարդ համակարգերէն է եւ կը ներառէ աւելի քան 20 իզոհակածին։ Զանոնք կը յայտնաբերեն աւստրիացի գիտնականներ [[Քարլ Լանտշտայնըր]]ը եւ U. Վիները, 1940-ին՝ [[մակակ-ռեզուս կապիկներ (արեւմտահայերէն)|մակակ-ռեզուս կապիկներու]]ու արիւնէն ստացուած կարմիր մարմնիկներու օգնութեամբ։ Պարզուած է, որ մարդոց 85%-ի արիւնը ռեզուս դրական է, այսինքն կը պարունակէ իմունածին յատկութեամբ օժտուած D ռեզուս գործօն, իսկ 15%-ի մօտ վերջինս կը բացակայի, այդ պատճառով կը համարուին ռեզուս բացասական։
 
=== Ռեսուզ Հակադրում ===
Ռեզուս-հակադրումը, որ կը դրսեւորուի [[հեմոլիզային հիւանդութիւն|հեմոլիզային հիւանդութեան]] ձեւով եւ երբեմն մահացու ելք կ'ունենայ, կրնայ առաջանալ, երբ բացասական ռեզուսով մօր օրկանիզմին մէջ ռեզուս-դրական պտուղի հակածինի (որ ան ժառանգած է դրական ռեզուսով արիւն, ունեցող հօրմէն) ազդեցութեամբ (եթէ պտուղի էրիթրոցիտները թափանցեն մօր օրկանիզմ) կը գոյանան հակամարմիններ, որոնք, իրենց հերթին ազդելով պտուղի արեան կարմիր մարմնիկներու վրայ, կ'առաջացնեն անոնց [[հեմոլիզ (արեւմտահայերէն)|հեմոլիզ]] (քայքայում)։ Ռեզուս-հակադրումը կրնայ առաջանալ նաեւ բացասական ռեզուսով անձերու կրկնակի անգամ դրական ռեզուսով արիւն փոխներարկելու ժամանակ:
 
== Ժառանգում ==
Տող 184.
 
== Արեան Խումբի Որոշում ==
Արեան խումբերը կ'որոշեն չափորոշիչ [[շիճուկ (արեւմտահայերէն)|շիճուկներու]]ներու օգնութեամբ, արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ իզոհակածիններ յայտնաբերելու միջոցով։ Աւելի գործնական նշանակութիւն ունի ABO համակարգի արեան խումբի բացայայտումը, ընդ որուն, կ'որոշեն ոչ միայն արեան կարմիր մարմնիկներու իզոհակածինները, այլեւ շիճուկի իզոհակամարմինները։ ABO համակարգի արեան խումբի որոշման համար կը կատարեն ակլուտինացման հակազդեցութիւն (շիճուկի համապատասխան հակամարմիններով արեան կարմիր մարմնիկներու սոսնձում), որ կը կատարեն թրջուող մակերեւոյթով սպիտակ թիթեղիկի վրայ, սենեակային ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ։ Վերջնական արդիւնքը կ'ըլլայ մանր, կարմիր հատիկներու առաջացումը, որոնք կազմուած են սոսնձուած արեան կարմիր մարմնիկներէ (դրական հակազդեցութիւն) կամ փոփոխութեան բացակայութիւնը (բացասական հակազդեցութիւն)։
 
== Տես Նաեւ ==
Տող 190.
* [[Արեան Ձեւաւոր Տարրեր]]
* [[Աւիշ]]
* [[Իմուն Համակարգ (արեւմտահայերէն)|Իմուն Համակարգ]]
* [[Իմունիտետ (արեւմտահայերէն)|Իմունիտետ]]
* [[Պոմպէյի Արեան Խումբ]]