«Աւստրիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (9) using AWB
Տող 5.
[[Պատկեր:Satellitenaufnahme der Alpen.jpg|մինի|Նկարուած է տիեզերքէն]]
 
'''Աւստրիա''', սահմաններն են՝ Արեւմուտքէն՝ [[Զուիցերիա]] եւ [[Լիխթենշթայն]], հարաւէն՝ Զուիցերիա, [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիա]] եւ [[Սլովենիա]], հիւսիսէն՝ [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|Գերմանիա]], հիւսիս-արեւելքէն՝ [[Չեխիա]] եւ [[Սլովաքիա]], արեւելքէն եւ հարաւ-արեւելքէն՝ [[Հունգարիա (արեւմտահայերէն)|Հունգարիա]]։
 
Գտնուելով Կեդրոնական Ալպանեաններու շրջանին մէջ, Աւստրիա մեծ մասամբ լեռնային երկիր մըն է։ Դաշտային շրջանը կ՛ոռոգուի [[Տանուպ Գետ|Տանուպի]] ջուրերով։ Հակառակ լեռնային շրջաններու շատութեան, Աւստրիա ունի հարուստ արօտավայրեր եւ երկրագործական բերրի շրջաններ։ Անտառները, որոնք կը ծածկեն երկրին 40 առ հարիւրը, ճարտարարուեստական աղբիւրներ են։ Ալպեան լեռներէն հոսող ջուրերը կ՛օգտագործուին ջրաելեկտրակայաններու համար։
 
Մայրաքաղաք [[Վիեննա (արեւմտահայերէն)|Վիեննան]]ն ճարտարարուեստի գլխաւոր կեդրոնն է։ Միւս գլխաւոր քաղաքներն են Կրաց, որ նոյնպէս ճարտարարուեստի կեդրոն մըն է, Լինց, Սալզպուրկ, Իննսպրուք։ Վերջին երկուքը զբօսաշրջական կեդրոններ են։
 
== Ազգաբնակչութեան Նկարագիր ==
Տող 28.
Ապա, [[Եւրոպա]]յի մէջ վերիվայրումներու շրջանին, Շարլ Ե.ի զօրաւոր իշխանութեան եւ ամուսնական կապերու արդիւնքով Աւստրիոյ միացուեցաւ Թիրոլը (1363), Պոհեմիան եւ Հունգարհան (1526)։ 1699-ին, Թրանսիլւանիա եւս աւելցաւ կայսրութեան հողային տարածութեան։
 
Հապսպուրկներու կայսրութիւնը երկու գլխաւոր յաղթանակներով ետ մղեց թուրք [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|օսմանեան]] յարձակումները։
 
Հակառակ անջատման եւ եօթնամեայ պատերազմներէն տկարացած ըլլալուն, [[Լեհաստան (արեւմտահայերէն)|Լեհաստանի]]ի առաջին եւ երրորդ բաժանումներէն ստացաւ Կալիսիան (1772 եւ 1795)։
 
1804-ին Ֆրանսուա Բ. պահելով հանդերձ գերմանական [[Հռոմէական Կայսրութիւն|հռոմէական]] կայսրի տիտղոսը, բոլոր պետութիւնները միացնելով կոչեց Աւստրիոյ կայսրութիւն։
Տող 38.
1867-ի սահմանադրութիւնը Աւստրիայի իշխանութիւնը միացուց Հունգարիոյ հետ եւ պետութիւնը կոչուեցաւ Աւստրօ-Հունգարական կայսրութիւն, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1918։ Կայսրութեան մաս կը կազմէին բազմաթիւ երկիրներ՝ 676.250 քառ.քմ տարածութեամբ եւ 51 միլիոն բնակչութեամբ։
 
1918-ի պարտութենէն ետք [[Սէն Ժերմէն Ան Լէյի դաշնագիր|Սէն Ժերմէն Ան Լէյի դաշնագրով]] (10 Սեպտեմբեր 1919) քայքայուեցաւ Հապսպրուկներու Աւստրօ-Հունգարական կայսրութիւնը, որուն փոխարէն կազմուեցան անկախ երկիրներ.-այժմու Աւստրիան, Չեխոսքովաքիան, Հունգարիան, Աւստրիական Լեհաստանը՝ որ ռուսական եւ գերմանական բաժիններուն միանալով կազմեց Լեհաստանի անկախ պետութիւնը։ Կարեւոր հողամասեր միացուեցան [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիոյ]], [[Եուկոսլաւիա|Եուկոսլաւիոյ]] եւ [[Ռումանիա (արեւմտահայերէն)|Ռումանիոյ]], իսկ [[Տանուպ Գետ|Տանուպը]] եղաւ միջազգային գետ։
[[Պատկեր:AkadBildKWien.jpg|մինի|Վիեննայի կերպարուեստի ակադեմիա]]
Համաշխարհային երկու պատերազմներու միջեւ Աւստրիա ունեցաւ քաղաքական փոթորկոտ պատմութիւն մը՝ քայքայուած տնտեսութեամբ։ Ընկերվարականները կատարեցին տնտեսական եւ քաղաքական փոփոխութիւններ, ղեկավարութեամբ վարչապետ [[Էնկլպերթ Տոլֆուս]]ի, որ նացիներուն կողմէ սպաննուեցաւ 25 Յուլիս 1934-ին։ Իր յաջորդը՝ [[Քուրթ Շուսնիկ]] փորձեց պահել երկրին անկախութիւնը, սակայն ձախողեցաւ։ [[Ատոլֆ Հիթլեր]] առանց ընդդիմութեան հանդիպելու գրաւեց եւ Գերմանիոյ կցեց Աւստրիան՝ 13 Մարտ 1938-ին (Անշլուս)։
 
Սովետական բանակները [[Վիեննա (արեւմտահայերէն)|Վիեննա]] մտան 12 Ապրիլ 1945-ին։
 
Աւստրիոյ անկախ հանրապետութիւնը վերահաստատուեցաւ 1945-ին, իր ներկայ սահմաններով։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Աւստրիա» էջէն