«Դողտենդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Մալարիա}} using AWB
Չ →‎Ընդհանուր: removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 49.
Դողտենդը վարակիչ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւն մըն է։ [[Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւն|Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան]] տեղեկագրութիւններուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի տարածքին 300 միլիոնէ աւելի մարդիկ կը վարակուին ամէն տարի եւ 1-2 միլիոն մահեր կը պատահին տարեկան։ Մահացողներուն մեծամասնութիւնը անչափահասներ են։ Անիկա տեղաճարակ (endemic) հիւանդութիւն մըն է Ափրիկէի մէջ, հարաւային Ասիոյ, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ<ref>''Joy D, Feng X, Mu J, Furuya T, Chotivanich K, Krettli A, Ho M, Wang A, White N, Suh E, Beerli P, Su X'' Early origin and recent expansion of Plasmodium falciparum. // Science — 2003—300 (5617) — 318-21</ref>:
 
[[Երկիր (արեւմտահայերէն)|Երկրագունդի]] դողտենդի առաւել տարածուած շրջաններուն մէջ ապրող ընդհանուր բնակչութեան թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 2.4 պիլիոն մարդ կամ աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 40 %-ը։ Դողտենդով ամէն տարի կը վարակուին 350-500 միլիոն մարդ եւ այդ թիւը կ'աւելնայ տարեկան 16%-ով<ref>[http://www.malariasite.com/malaria/WhatIsMalaria.htm Malaria Site]</ref>, տարեկանում մահացության թիվը կազմում է 1.3-3 միլիոն մարդ<ref>Campbell, Neil A. et al. «Biology» Seventh edition. Menlo Park, CA: Addison Wesley Longman, Inc. 2005</ref>։
 
Դողտենդը կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, բայց առաւելաբար՝ երեխաները, յղի կիները, տկար դիմադրողականութիւն ունեցողները, մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցողները, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) ունեցողները եւ դողտենդի տեղաճարակ վայրեր ճամբորդող առողջ անհատներ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Դողտենդ» էջէն