«Եուկոսլաւիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (7) using AWB
Տող 3.
[[Պատկեր:Coat of arms of the Kingdom of Yugoslavia.svg|մինի|Եուկոսլաւիոյ զինանշանը 1918-1941]]
[[Պատկեր:Emblem of SFR Yugoslavia.svg|մինի|Եուկոսլաւիոյ զինանշանը 1942-1992]]
'''Եուկոսլաւիա''', որ դաշնակցային հանրապետութիւն մըն է, կը բաղկանայ վեց հանրծապետութիւններէ.- [[Սերպիա]], [[Խրուաթիա]], [[Սլովենիա (արեւմտահայերէն)|Սլովենիա]], [[Մանթենեկրօ]], [[Պոսնիա – Հերցեկովինա]] եւ [[Մեկեդոնիա]]։
 
Սահմաններն են.- Հիւսիսէն՝ [[Աւստրիա]], [[Հունգարիա (արեւմտահայերէն)|Հունգարիա]] եւ [[Ռումանիա]], արեւելքէն՝ Հունգարիա, Ռումանիա եւ [[Պուլկարիա]], հարաւէն՝ [[Յունաստան]] եւ [[Ալպանիա]], արեւմուտքէն՝ [[Ատրիական Ծով|Ատրիական ծով]] եւ [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիա]]։
 
Երկիրը լեռնային է։
Տող 17.
Խօսուող լեզուներն են սերպօ-[[խրուաթերէն]], [[սլաւերէն]], [[մակեդոներէն]], որոնք բոլորն ալ պաշտօնական են։ Կրօնական անկիւնէն, յոյն [[Ուղղափառութիւն|ուղղափառները]] կը ներկայացնեն ժողովուրդին 49.6 առ հարտիւրը, [[Կաթոլիկութիւն|կաթոլիկները]]՝ 36.8 առ հարիւրը, իսլամները՝ 12.5 առ հարիւրը, այլք՝ 1.1 առ հարիւր։ Բոլոր կրօնքներն ալ ճանչցուած են եւ հաւասար իրաւունք կը վայելեն։
 
[[Վատիկան (արեւմտահայերէն)|Վատիկանի]]ի հետ պետական յարաբերութիւնը, որ խզուած էր 1952-ին, վերահաստատուեցաւ 1966-ին։
 
Ուսումը ձրի է, եւ մինչեւ 14 տարեկան պարտադիր։
 
== Պատմութիւն ==
Եուկոսլաւիան կազմուեցաւ [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Համաշխարհային Ա. պատերազմի]] աւարտին, Սերպիոյ, Խրուաթիոյ, Սելովենիոյ եւ Պոսնիա – Հերցեկովինայի միացումով։
 
Խրուաթները Ժ. Դարուն կը կազմէին կարեւոր ազգ մը, սակայն թագաւոր ընդունելով հունգարացի Քոլոմանը, երկիրը Հունգարիոյ ենթակայ մնաց մինչեւ 1918։
Տող 30.
Մոնթենեկրոցիները դարերու ընթացքին պահած էին յարաբերական անկախութիւն մը։
 
Այս ժողովուրդները ԺԹ. Դարուն կ՛ըմբռնեն, թէ իրենց անկախութիւնը կարելի կը դառնայ իրենց միացումով միայն։ Սակայն միայն Սերպիա եւ Մոնթենեկրօ կրնան անկախութիւն ստանալ, իսկ միւսները ենթակայ կը մնան աւստրօ – հունգարացիներուն։ (Սերպիա ենթակայ էր [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|թուրքերուն]] եւ անկախութիւն ստացաւ 1878-ի [[Պերլին]]ի դաշնագրով)։
 
[[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Համշխարհային Առաջին պատերազմէն]] ետք, բոլոր սլաւ երկիրներու պատուիրակները Սերպիոյ միանալ պահանջեցին։ Միութիւնը յայտարարուեցաւ [[Պելկրատ]]ի մէջ 1 Դեկտեմբեր 1918-ին, ի շահ Սերպիոյ Փիեռ Ա. թագաւորին։ Ասոր զաւակը՝ Ալեքսանդր Ա. իրեն յաջորդեց 16 Օգոստոս 1921-ին։ Ունեցաւ դժուարին պայմաններ, որովհետեւ խրուաթները ինքնավարութիւն պահանջեցին, Տոքթ. Սթեֆան Ռատիչի առաջնորդութեամբ։ Ալեքսանդր Ա. խրուաթի մը կողմէ սպաննուեցաւ Մարսիլիոյ մէջ (9 Հոկտեմբեր 1934)։ Անոր զաւակը՝ Փիեռ խնամակալ նշանակուեցաւ։
 
Խնամակալ իշխանը Առանցքի երկիրներուն հետ դաշինք մը ստորագրեց 25 Մարտ 1941-ին եւ այդ իսկ պատճառով վար առնուեցաւ։ Գերմանները Եուկոսլաւիա արշաւեցին 6 Ապրիլ 1941-ին եւ թագաւորը փախուստ տուաւ։