«Լորձունք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB
Տող 1.
'''Լորձունքը''' կ'արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ։ Բնական պայմաններու մէջ անիկա շարունակ կ'արտադրուի եւ ապա կը հոսի բերանին մէջ։ Մենք տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլենք բերանին մէջ գտնուած լորձունքը։
 
Լորձունքը կը պարունակէ ամիլէյզ (amylase) կոչուած խմորիչը (enzyme), որ կ'օգնէ հացահատիկներու-օսլայի (starch) լուծումին բերանին մէջ, ինչպէս նաեւ կրածին եւ ֆոսֆոր, որոնք կարեւոր են ակռաներու կառոյցին եւ առողջութեան։ Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերանին մէջ։ Այս [[Գեղձեր (արեւմտահայերէն)|գեղձեր]]ը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական լորձնագեղձեր։
 
== Յաւելեալ ==
Տող 8.
Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով։ Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնալորձնագեղձերը/ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands):
 
Ունկնալորձնագեղձերը երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, [[Ականջ (արեւմտահայերէն)|ականջ]]ի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ։
 
Ենթածնօտային լորձնագեղձերը նոյնպէս երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի [[Լեզու (արեւմտահայերէն)|լեզու]]ին տակը, աջ եւ ձախ կողմերը եւ [[ծնօտ]]ին ետեւն ու տակը։
 
Ենթալեզուային լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուին տակ։
Տող 16.
==== Երկրորդական լորձագեղձերը ====
 
Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին [[Քիմք (արեւմտահայերէն)|քիմք]]ի ամբողջ տարածքին։
Լորձունքը ունի հիմնական դերեր.
#Անիկա կ'օգնէ մարսողութեան։ Նախնական [[մարսողութիւն]]ը կը սկսի բերանին մէջ լորձունքին մէջ գտնուող ամիլէյզ խմորիչին միջոցաւ.
#Անիկա կակուղ, լպրծուն եւ սահուն կը պահէ ամբողջ բերանի լորձնաթաղանթը (mucous membrane) եւ արգելք կը հանդիսանայ բերանի չորութեան։ Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի դիւրաւ խօսինք, ծամենք եւ կլլենք.
#Կը չէզոքացնէ բերանին մէջ գտնուող [[Մանրէաբանութիւն|մանրէ]]ները, սունկերը եւ աւելորդ հիւթերը.
#Կը պաշտպանէ [[Ակռաներ (արեւմտահայերէն)|ակռաներ]]ը փտումէ (decay).
#Կը վնասազերծէ (neutralize) բերանի թթուն.
#Կ'օգնէ բերանի վէրքերուն շուտափոյթ ախտահարման եւ բերանի մակերեսի վերակազմութեան (regenerate).
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լորձունք» էջէն