«Խաչակրաց արշաւանքներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Խաչակրաց արշավանքներ}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (37) using AWB
Տող 2.
Խաչակիրներու արշաւանքներ, 11-րդ դարու վերջերուն Արեւմտեան ([[Կաթոլիկ]]) եկեղեցւոյ հովանիին տակ դէպի [[Արեւելք]]` [[Սուրբ երկիր]] ([[Երուսաղէմ]]) կազմակերպուած ռազմական արշաւանքներ: Իրենց ընդհանրական ծիրին մէջ խաչակիրներու արշաւանքները պատմականօրէն կը մեկնին քրիստոնէութեան համաշխարհային շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն եւ սուր ծայրով ուղղուած են արեւելքի իսլամական իշխանութիւններուն դէմ:
 
Երբեմն «Խաչակիրներու արշաւանք» կը կոչուին նաեւ առանձին հեթանոս՝ ոչ-միաստուածեան ժողովուրդներու եւ որոշ հերետիկոսութիւններու դէմ պապական [[Հռոմ (արեւմտահայերէն)|Հռոմ]]ի ձեռնարկած ռազմական արշաւանքները, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել 11-13-րդ դարերու համանուն արշաւանքներուն հետ։
 
Խաչակիրներու արշաւանքներուն մէջ յատկապէս մեծ դերակատարութիւն ունեցան [[Ֆրանսա]]յի թագաւորութիւնը եւ [[Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն]]ը: Խաչակիրներու արշաւանքները շարունակուեցան մօտ 200 տարի՝ 1095-1291 թուականներուն։ Յետագային՝ 15-րդ դարուն, այդպիսի արշաւանքները շարունակուեցան [[փիրենէեան թերակղզի]]ին եւ [[Արեւելեան Եւրոպա]]յի մէջ։ Խաչակիրները մեծ մասամբ կաթոլիկնէր էին ([[ուղղափառ]] եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու առանձնացումէն յետոյ եւ [[Բողոքական]]-[[աւետարանչական]] բարեփոխումներէն առաջ), որոնք կը կռուէին [[իսլամ]]ներու դէմ Սուրբ Երկրի համար, որ գրաւուած էր տակաւին Արաբական խալիֆայութեան ժամանակներէն։ Սակայն այդպիսի արշաւանքները հետագայյին շարունակուեցան հեթանոս՝ ոչ-միաստուածեան [[սլաւոն]]ներուն եւ [[պալթիկ]] ժողովուրդներուն, [[Հրեաներ (արեւմտահայերէն)|հրեաներ]]երուն, [[Ռուսեր|ռուս]] ուղղափառ քրիստոնեաներուն, մ[[ոնկոլներ]]ուն, [[աղանդաւոր]]ներուն (գաթարներ) եւ [[Հռոմի Պապ]]ի այլ թշնամիներուն դէմ<ref name="OHC">Ռայլի-Սմիթ, Ջոնաթան. ''Խաչակրաց արշավանքների Օքսֆորդյան Պատմություն'' Նյու Յորք. Oxford University Press, 1999. ISBN 0-19-285364-3. {{W/Ref-en}}</ref><ref name="TFC">Ռայլի-Սմիթ, Ջոնաթան. ''Առաջին խաչակիրները, 1095–1131'' Cambridge University Press, 1998. ISBN 0-521-64603-0. {{W/Ref-en}}</ref>:
 
Խաչակիրնեու առաջնային խնդիրը Երուսաղէմը ազատագրելն էր իսլամներէն, ինչպէս նաեւ անիկա պատասխան էր Բիւզանդական կայսրութեան օգնութեան խնդրանքին՝ ընդդէմ իսլամ [[սելճուք թուրքեր]]ուն: Այս եզրը կ՛օգտագործուի նաեւ բնութագրելու 16-րդ դարուն Սուրբ Երկրէն դուրս կատարուող կրօնական արշաւանքները՝ սովորաբար [[հեթանոս]]ներու, [[հերետիկոս]]ներու եւ աղանդաւորներու դէմ։ Երբեմն խաչակիրները եւ իսլամները դաշինք կը կնքէին ընդդէմ ընդհանուր թշնամիներու, օրինակ՝ Իգոնիայի սուլթանութեան, եւ խաչակիրներու դաշինքը հինգերորդ խաչակիրներու արշաւանքին ընթացքին։
 
Սակայն քրիստոնեայ պետութիւններուն միջեւ անհամաձայնութիւնները կը յանգեցնէին անոր, որ խաչակիրները կը շեղէին սկզբնական նպատակներէն, օրինակ՝ Չորրորդ խաչակիրներու արշաւանքի ժամանակ, երբ գրաւուեցաւ քրիստոնեայ [[Կոստանդնուպոլիս]]ը, [[Բիւզանդական կայսրութիւն]]ը կիսուեցաւ [[Վենետիկ (արեւմտահայերէն)|Վենետիկ]]ի եւ խաչակիրներուն միջեւ։ Իսկ Վեցերորդ խաչակիրներու արշաւանքը առաջինն էր, երբ խաչակիրները չօրհնուեցան Հռոմի Պապին կողմէ<ref>{{Cite web| last=Հալսալլ| first=Փաուլ| month=Դեկտեմբեր| year=1997 | url=http://www.fordham.edu/halsall/source/1228frederick2.html
| title=Ֆիլիձ տէ Նովար. ''Les Gestes des Ciprois'', Ֆրետերիք Բ.-ի խաչակիրները, 1228–29 | work=Medieval Sourcebook | publisher=Ֆորտհամի համալսարան
| accessdate=2008 թ․ փետրուար 8 }}—"Գրիգոր IX-ը բանադրել էր Ֆրեդերիկին վերջինիս՝ Սիցիլիան երկրորդ անգամ լքելէ առաջ։ "</ref> : Եօթերորդ, Ութերորդ եւ Իններորդ խաչակիրներու արշաւանքներու արդիւնքին մէջ [[մեմլուք]]ները տարին շարք մը յաղթանակներ, իսկ Իններորդ խաչակիրներու արշաւանքով աւարտեցաւ խաչակիրներու դարաշրջանը [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի մէջ<ref>Աւետարանը Բոլոր Երկրներու մէջ, Մեթոտական Եպիսկոպոսական Միսիոներական Հասարակութիւն, էջ՝ 262 {{W/Ref-en}}</ref>:
Տող 15.
=== Իրադրութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ ===
[[Պատկեր:Asia Minor hy 1097.png|մինի|ձախէն|[[Փոքր Ասիա]]ն [[1097]]-ին։ ]]
Սուրբ Երկիրը մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներուն համար, քանի որ այնտեղ ծնած, գործած եւ խաչուած է [[Յիսուս Քրիստոս]]ը, որ դրած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] հիմքը։ 4-րդ դարուն հռոմէական կայսր Կոստանդիանոս Ա․ Մեծի կողմէն թոյլատրուեցաւ քրիստոնէութեան ազատ դաւանանքը (313 թուական), եւ յետագային [[Հռոմէական կայսրութիւն|Հռոմէական կայսրութեա]]ն բաժանումէն ու [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|Բիւզանդական կայսրութեան]] յառաջացումէն ետք, Սուրբ Երկիրը մեծ մասամբ քրիստոնէաբնակ էր<ref>{{Cite web|title=Օրինականացումը Կոնստանդիանոսի օրոք|author=Շայ Դ. Կոհեն|publisher=PBS|accessdate=2007 թ․ օգոստոսի 11–ին|url=http://www.pbs.org/wgbh/pages/frontline/shows/religion/why/legitimization.html}}</ref><ref>"[http://www.mfa.gov.il/MFA/Facts+About+Israel/History/HISTORY-+Foreign+Domination.htm Պատմություն. Օտար տիրապետություն]"</ref> ։ [[Երուսաղէմ]]ը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ [[Մուսուլման (արեւմտահայերէն)|մուսուլման]]ներուն համար, քանի որ այնտեղէն, ըստ աւանդութեան, վեր համբառնած է մարգարէ Մուհամմէետը եւ երբեմն Երուսաղէմը մուսուլմաններուն համար կը համարուի երրորդ սուրբ քաղաքը։ [[Արաբներ (արեւմտահայերէն)|Արաբներ]]ը յայտնուեցան այնտեղ 7-րդ դարուն։ Երուսաղէմը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ [[Հրեաներ (արեւմտահայերէն)|հրեաներ]]ուն համար, քանի որ այն երկար ժամանակ եղած է Հրէական Միացեալ Թագաւորութեան, այնուհետեւ Հրէական Հարաւային Թագաւորութեան [[Մայրաքաղաք (արեւմտահայերէն)|մայրաքաղաք]]ը, նաեւ այնտեղ կառուցուած է հրեաներու գլխաւոր հոգեւոր կենդրոնը՝ Երուսաղէմի տաճարը (ներկայիս տակաւին կանգուն է եւ ուխտագնացութեան վայր ու երկրպագութեան առարկայ է Երկրորդ տաճարին արեւմտեան պատը<ref>Գոնեն, Ռիվկա, ''Վիճելի սրբություն. հրեական, մուսուլման և քրիստոնյա հավակնությունները Երուսաղեմի նկատմամբ'', KTAV Publishing House, 2003, էջ՝ 77</ref>})։ Կարեւոր հանգամանք էր նաեւ մուսուլմաններուն կողմէն [[1009]] թուականին Սուրբ Գերեզմանի եկեղեցւոյ աւերումը։ 1039 թուականին նոր խալիֆան խոշոր գումարի դիմաց թոյլատրեց եկեղեցւոյ վերանորոգումը<ref>Դենիս Պրինգլ. "Լատինական Արևելքի Ճարտարապետությունը" ''Խաչակրաց արաշավանքների Օքսֆորդյան Պատմություն'' աշխատությունում, խմբ. Ջոնաթան Ռայլի-Սմիթ (Նյու Յորք, Oxford University Press,1999) 157</ref>։ Շուտով թույլատրուեցան ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Երկիր, քանի որ անոնք մեծ շահոյթ կ՝ ապահովէին տեղի իսլամական իշխաններուն<ref>Մադդեն, էջ՝ 5</ref>։ Սակայն [[Սելճուքներ|սելճուք]] թուրքերու յայտնուելէն ետք քրիստոնեաներու եւ մուսուլմաններու միջեւ յարաբերութիւնները դարձեալ լարուեցան<ref>Մադդեն, էջ՝ 8</ref>։
 
=== Իրադրութիւնը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ===
Տող 22.
[[Պատկեր:Almoravid map reconquest loc.jpg|մինի|[[Փիրենէեան Թերակղզի|Փիրենէեան թերակղզի]]ն [[11-րդ դար]]ուն; Քրիստոնեայ թագաւորութիւնները` '''A'''=[[Արակոն]], '''C'''=Կասթիլիա, '''L'''=Լէոն, '''N'''=Նաւարրա եւ '''P'''=[[Փորթուկալ]]]]
 
1063 թուականին, [[Հռոմ (արեւմտահայերէն)|Հռոմ]]ի Պապ Ալեքսանդր Բ. օրհնեց Փիրենէեան թերակղզիի քրիստոնէաները [[Մուսուլմաններ (արեւմտահայերէն)|մուսուլմաններ]]ու դէմ պատերազմէն առաջ։ Ընդդէմ սելճուք-թուրքերու, Բիւզանդիոյ օգնութեան խնդրանքը լայն արձագանք ստացաւ Արեւմտեան Եւրոպայի քրիստոնեաներու շրջանին։ Օգնութեան խնդրանքի պատճառը՝ 1071 թուականին, Մանազկերտի ճակատամարտին կրած ծանր պարտութիւնն էր, որուն հետեւանքով Բիւզանդիան կորսնցուց Հայաստանն ու Փոքր Ասիան։ Կան տեղեկութիւներ, որ 1081 թուականին բիւզանդական կայսրը նոյնիսկ օգնութեան խնդրանք ուղարկած էր [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստան]]<ref>{{Cite web|url=http://www.fordham.edu/halsall/eastasia/romchin1.html |title=Չինական գրաւոր աղբիւրները Հռոմի, Բիւզանդիայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասին, մօտ Ք.Ա. 91 – Ք.Ե. 1643 թուականներ |publisher=Fordham.edu |date= |accessdate=2010 թ․ Ապրիլ 18}} {{ref-en}}</ref>։
 
Խաչակիրը երդում տալէն ետք [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|խաչ]] կը ստանար պապէն կամ տեղի [[Եպիսկոպոս (արեւմտահայերէն)|եպիսկոպոս]]էն եւ կը համարուէր «Եկեղեցւոյ զինուոր»։ Որոշ մարդիկ խաչակիր կը դառնային, որպէազի իրենց գործած մեղքերուն համար թողութիւն ստանային։
 
=== Պատճառներ ===
Տող 34.
Երբ Հռոմի Պապը 1095 թուականին խաչակրաց արշաւանք ձեռնարկելու կոչ կը բարձրացնէր, [[Սպանիա|Սպանիոյ]] քրիստոնեաները հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամ լուրջ յաջողութիււններ կը ցուցաբերէին։ 1085 թուականին Լեւոնի թագաւորութեան կողմէն [[Թոլետօ|Թոլետո]]յի (Toledo) գրաւումը վիթխարի յաջողութիւն էր։
 
Հակառակ անոր, որ Ռեքոնքիստան Եւրոպայի քրիստոնեաներու եւ մուսուլմաններու պայքարը ամենացայտուն օրինակն էր, այն միակը չէր։ Վիկինգ Ռոպերթ Կիսքարտը նուաճած էր Քալապրիան՝ 1057 թուականին, եւ կը պահէր այդ նախկին բիւզանդական տարածքը ընդդէմ [[Սիկիլիա|Սիկիլիո]]յ մուսուլմաններուն։ Քաղաք-պետութիւններ [[Փիզա]]ն, [[Ճենովա]]ն եւ [[Քաթալոնիա]]ն կը պայքարէին ընդդէմ Մալեորքայի մուսուլմաններուն եւ ազատած էին [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիոյ]] ու Քաթալոնիոյ ափերը մուսուլմաններու արշաւանքներէն։ Իսկ աւելի վաղ [[Սուրիա|Սուրիոյ]], [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի, [[Պաղեստին (արեւմտահայերէն)|Պաղեստին]]ի, [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ի քրիստոնեայ տարածքները գրաուած էր մուսուլմաններուն կողմէն։ Այդ Տարածքներուն հաւատքի թշնամին կործանելու երկար պատմութիւնը Բիւզանդիոյ կայսր Ալեքսիոս Ա․-ի օգնութեան խնդրանքին արձագանքելու հող նախապատրաստած էր։
 
Պապականութիւնը անհանգստացած էր այն փաստով, որ [[Երուսաղէմ]] մեկնող ուխտաւորներու մեծ մասը կ՝ ենթարկուէր հալածանքներու։ Ըստ իրենց՝ նաեւ Սուրբ Երկիրը լատինականացնելէն եւ իրենց ենթարկելէն ետք ֆրանքներու ուժի շնորհիւ իրենց կ՝ ենթարկեն [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլսոյ]] պատրիարքարանը, որ 1054 թուականին անկախացած էր Հռոմէն։
 
[[Պատկեր:CouncilofClermont.jpg|մինի|ձախէն|[[15-րդ դար]]ի մանրանկար, ուր պատկերացուած է Ուրպանուս Բ․ պապը [[Քլերմոն]]ի ժողովին]]
Բիւզանդիոյ տկարութիւնը ի յայտ եկաւ [[Մանազկերտ (արեւմտահայերէն)|Մանազկերտ]]ի ճակատամարտին կրած պարտութեան շնորհիւ։ Եւ հակառակ Ալեքսիոսի խնդրանքին՝ Հռոմի Պապը իշխանութեան համար պայքարի պատճառաւ չկարողացաւ Գերմանիոյ կայսեր դիմել։
 
Յաջորդ Հռոմի Պապը՝ Ուրպանոս Բ․-ը, որ աւելի մեղմ էր, խաչակրաց արշաւանքներուն շնորհիւ կը ցանկանար վերամիաւորել քրիստոնեաները։ Ըստ իրեն՝ խաչակիրները պէտք չէ ըլլան գերմանացի կամ վիկինգ, այլ իր հայրենակիցները հիւսիսային [[Ֆրանսա]]յէն։
 
== Ցուցակ ==
Որպէս խաչակրաց արշաւանքներ ընդունուած է առաջինը համարել՝ 11-13-րդ դարերու ընթացքին, հակառակ անոր, որ նմանատիպ արշաւանքներ իրականացուեցաւ նաեւ յետագային՝ ընդհուպ մինչեւ Քանտիայի պաշարումը 1664 թուականին<ref name="ce">{{ws|«[[:s:en:Catholic Encyclopedia (1913)/Crusades|Խաչակրաց արշավանքները]]» 1913 թ-ի ''Կաթոլիկ Հանրագիտարան''ում}} {{ref-en}}</ref>։ Հիւանդ խնամողները մինչեւ իրենց պարտութիւնը Նաբոլէոնի կողմէն (1798 թուական) կը շարունակէին խաչակրաց արշաւանքները [[Միջերկրական Ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրական ծով]]ուն՝ [[Մալթա (արեւմտահայերէն)|Մալթա]]յի շրջակայքը։ Յետագային, Սուրբ Երկիրէն դուրս արդէն տեղի ունեցան քանի մը խաչակրաց արշաւանքներ՝ ընդդէմ Փիրենէեան թերակղզիի մուսուլմաններուն, Եւրոպայի հերետիկոսներուն (Heretics) եւ հեթանոսներուն։
 
=== Խաչակրաց Առաջին Արշաւանքը ===
Տող 51.
[http://www.fordham.edu/halsall/source/urban2-5vers.html#Fulcher Ֆուլչեր], Միջնադարյան սկզբնաղբյուր. {{W/Ref-en}}</ref>։ Ահա հատուած մը անոր ճառէն.
 
{{քաղվածք|Երկիրը, որ դուք կը բնակիք փակուած է ծովերով բոլոր կողմերէն եւ շրջապատուած է լեռնաշղթաներով, չափազանց նեղ է ձեր մեծ բնակչութեան համար եւ ալ չունի առատ հարստութիւն, եւ երկրի սնունդն ու ուտելիքը հազիւ թէ բաւարարէ իր մշակները։ Այդ իսկ պատճառով ալ, որ դուք իրար կը սպանէք, պատերազմներ կը մղէք եւ մահացու վէրքեր կը հասցնէք։ Իսկ այժմ դուրս արձակեցէ՛ք ձեր ատելութիւնը, թող հանդարտին կռիւները, եւ թող նիրհեն երկպառակութիւնը։ Ճամբայ ելէ՛ք դէպի Սուրբ Գերեզման, խլեցէ՛ք, ազատեցէ՛ք այդ երկիրը անհաւատներէն եւ զայն ձերը դարձուցէ՛ք։ Այդ հողին վրայ «մեղր եւ կարագ կը հոսի»: Երուսաղէմը երկիրիս ամենաբարեբեր [[Մարգարիտ (արեւմտահայերէն)|մ արգարիտ]]ն է։|<ref>Համաշխարհային պատմություն-Միջին դարեր, հեղինակ Հարությունյան, Նազարյան, էջ 53</ref>}}
 
1096 թուականի սկիզբը սկսաւ խաչակիրներու առաջին արշաւանքը։ Գարնան ճանապարհ ելան գիւղացիներով կազմուած ջոկատները։ Երբ անոնք հասան [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]], 50.000-էն ողջ մնացած էր 20.000-ը։ Չսպասելով ասպետներու ժամանումին, անոնք անցան [[Վոսփորի Նեղուց|Վոսփորի նեղուց]]ը եւ շարժուեցան դէպի [[Նիկիա (արեւմտահայերէն)|Նիկիա]] քաղաք, եւ հոն ալ ջախջախուեեցան սելճուք-թուրքերուն կողմէ։ Փրկուեցաւ միայն երեք հազարը։ 100.000 հեծեալ եւ 300.000 հետեւակ ասպետները օրհնուած Հռոմի Պապի կողմէն, [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիա]]յէն և [[Ֆրանսա]]յէն ճամբայ ելան Կոստանդնուպոլիս 1096 թուականի [[15 Օգոստոս|Օգոստոս 15]]-ին։ 1096 թուականի Դեկտեմբերին, անոնք հասան Կոստանդնուպոլիս (Constantinople)։ Ստանալով մեծաքանակ աջակցութիւն Բիւզանդիայէն, անոնք ափ իջան Փոքր Ասիոյ մէջ եւ պաշարեցին Նիկիա քաղաքը (Siege of Nicaea)։ Քաղաքը գրաւուեցաւ 1097 թուականի [[19 Յունիս|Յունիս 19]]-ին<ref>Տիերման, Քրիստոֆեր. ''Աստծո Պատերազմը. Խաչակրաց արշավանքների Նոր Պատմություն'', 2006. էջեր` 106–124 {{ref-en}}</ref>։ Խաչակիրները, տօթ ամառուան պայմաններու մէջ, շարունակեցին իրենց երկարատեւ արշաւը Փոքր Ասիայով։ Անոր յաջորդեց [[Անտիոք (արեւմտահայերէն)|Անտիոք]]ի երկարատեւ պաշարումը (Siege of Antioch), որ սկսաւ 1097 թուականի Հոկտեմբերին եւ տեւեց մինչեւ 1098 թուականի Յունիսը։ Պաշարումը աւարտեցաւ միայն այն բանէն ետքը, երբ դարպասները բացաւ ծագումով հայ զինուոր մը։ Մտնելով քաղաք<ref>Բարբարա Տուչման. ''Հեռավոր Հայելի''. Ալֆրեդ Ա. Կնոպֆ, (օգոստոս, 1978) 279. ISBN 0-394-40026-7. {{W/Ref-en}}</ref> խաչակիրները սկսան մուսուլման բնակիչներու ջարդին եւ մզկիթներու ոչնչացումին<ref name = "Gabrieli-1984">Խաչակրաց արշավանքերի արաբական աղբյուրները, թարգմ. Ֆ. Գաբրիելիի, [[Լոնդոն]], 1984.</ref>։ Հակառակ անոր, որ մուսուլմաններու մեծ բանակ մը շարժուեցաւ դէպի Անտիոք, սակայն [[28 Յունիս|Յունիս 28]]-ին խաչակիրները ջախջախեցին անոնց։ Իսկ մինչ այդ, խաչակիրները, օգտուելով այն փաստէն, որ [[Եդեսիա (արեւմտահայերէն)|Եդեսիոյ]] հայազգի կառավարիչը ըլլալով յունադաւան աջակցութիւն չէր ստանար տեղի հայ բնակչութեան կողմէն, սպանեցին զինք եւ ստեղծեցին իրենց առաջին պետութիւնը։ Անտիոքէն ետք, հիւծուած խաչակիրները, գրաւելով ծովափնեայ քաղաքները մէկը միւսին ետեւէն, 1099 թուականի [[7 Յունիս|Յունիս 7]]-ին հասան [[Երուսաղէմ]]` ունենալով նախնական ուժերէն ընդամէնը կէսը<ref>Տիերման, էջեր` 146–153</ref>։
 
=== 1101 Թուականի Խաչակրաց Արշաւանք ===
[[Պատկեր:Baldwin of Boulogne entering Edessa in Feb 1098.JPG|մինի|աջից|Պալտուինը [[1098]] թուականին մուտք կը գործէ Եդեսիայ, անոր կ'ողջունեն [[Հայ Առաքելական Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|հայ Առաքելական Եկեղեցու]] ներկայացուցիչները]]
Առաջին խաչակրաց արշաւանքէն ետք տեղի ունեցան շարք մը մանր ու անյաջող արշաւանքներ, որոնցմէ [[1101]] թուականի ընթացքին խաչակիրները պարտութիւն կրեցին սելճուք-թուրքերէն: 1101 թուականի արշաւանքը կարելի է դիտել որպէս Առաջին խաչակրաց արշաւանքի արձագանքներէն մէկը:
 
Տող 63.
[[Պատկեր:Godfrey of Bouillon, holding a pollaxe. (Manta Castle, Cuneo, Italy.jpg|մինի|աջից|Կոտֆրէյը, ֆրանսացի ասպետ, [[Առաջին Խաչակրաց Արշաւանք]]ի առաջնորդը [[Երուսաղէմի Թագաւորութիւն|Երուսաղէմի թագաւորութեան]] հիմնադիրը]]
 
Հասնելով [[Երուսաղէմ]], խաչակիրները հանդիպեցան հրէաներուն եւ մուսուլմաններու յամառ դիմադրութեան։ Սակայն անոնք ձախողութեան մատնուեցան եւ 1099 թուականի [[Յուլիս 15]]-ին խաչակիրները մտան քաղաք<ref name = "Gabrieli-1984"/>։ Ինչպէս [[Անտիոք (արեւմտահայերէն)|Անտիոք]]ի մէջ, այստեղ նոյնպէս սկսաւ մուսուլմաններու եւ հրէաներու ջարդը եւ մզկիթներու ոչնչացումը<ref name="accessed February 17, 2008">Տրումբուր, Ջոհն. “Խաչակրաց արշավանքներ.” Իսլամական աշխարհի օքսֆորդյան հանրագիտարան, http://www.oxfordislamicstudies.com/article (փետրվարի 17, 2008). {{W/Ref-en}}</ref>։
 
Աղբիւրներէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ «մեկուսացումն ու վախը»<ref name="OHC" />, որ կը զգային ֆրանքները (խաչակիրները) գտնուելով հայրենիքէն այդքան հեռու, կը բացատրէ այդ արարքներուն, ինչպէս նաեւ [[1098]] թուականի [[Մաարա (արեւմտահայերէն)|Մաարա]]յի պաշարման ժամանակ մարդակերութեան դէպքերուն պատճառները<ref>«Խաչակրաց արշավանքներ, դրդապատճառներ և հետևանքներ» {{lang-fr|Les Croisades, origines et consequences}}, էջ` 62, Կլոդ Լեբեդել, ISBN 2-7373-4136-1{{W/Ref-en}}</ref>։
 
Առաջին խաչակրաց արշաւանքի հետեւանքով ստեղծուեցան շարք մը խաչակրաց թագաւորութիւններ. Երուսաղէմի թագաւորութիւնը, Անտիոքի դքսութիւնը, [[Եդեսիա (արեւմտահայերէն)|Եդեսիոյ]] կոմսութիւնն ու Թրիփոլիի կոմսութիւնը։ Անոնցմէ ամենախոշորը Երուսաղէմի թագաւորութիւնն էր, ուր 120,000 խաչակիրներ (մեծ մասամբ ֆրանսախօս) կ՝ իշխէին 350,000 մուսուլմաններու, հրէաներու եւ բնիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն վրայ, որոնք այդտեղ կը բնակէին հաւանաբար արաբական նուաճումներէն առաջ<ref>Բենջամին Զ. Քեդար, "Ֆրանկական Լևանտի մուսուլման հպատակները", 2002, էջ` 244</ref>։
 
Խաչակիրները փորձեցին նաեւ գրաւել ներկայիս [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի տարածքին գտնուող ծովափնեայ [[Տիւրոս]] (Սուր, Greek: Τύρος, Týros անգլ՝ Tyre Arabic: صور), քաղաքը։ Տիւրոսի մուսուլման բնակիչները օգնութիւն խնդրեցին Զահր Ալ-Տին Աթաբեկէն՝ [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ի կառավարիչէն, խոստանալով յանձնուիլ իրեն։ Երբ Զահր Ալ-Տինը ջախջախեց խաչակիրները, քաղաքի բնակիչները հրաժարեցան յանձնուիլ իրեն եւ Զահր Ալ-Տինն ըսաւ՝
 
{{քաղվածք|Այն ինչ որ ես կատարեցի, կատարեցի Աստուծոյ եւ մուսուլմաններու համար, այլ ոչ թէ հարստութեան կամ իշխանութեան համար<ref>Իբն Ալ-Քալանիսի աշխատություն, թարգմանությունը Ա. Ռ. Գիբբի (Լոնդոն։ Luzac & Co., 1932). {{W/Ref-en}}</ref>։|}}
 
Ընդհանուր առմամբ, ներքին հակասութիուններու պատճառով, մուսուլմանները սկզբնական շրջանին թոյլ դիմադրութիւն ցոյց տուին խաչակիրներուն<ref name="oxfordislamicstudies.com">«Խաչակրաց արշավանքները» իսլամական աշխարհում. անցյալ և ներկա, Oxford Islamic Studies Online, http://www.oxfordislamicstudies.com/article (փետրվարի 17,, 2008). {{W/Ref-en}}</ref>։ Սակայն կամաց-կամաց մուսուլմանները սկսան միաւորուիլ, եւ արդէն [[1144]] թուականին Զանկի ամիրայի գլխաւորութեամբ խաչակիրներէն գրաւեցին Հայոց [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]ի նախկին ծաղկուն քաղաք Եդեսիան։ Այն առաջին քաղաքն էր Մերձաւոր Արեւելքին, որ գրաւուեցաւ խաչակիրներուն կողմէն, եւ առաջինն էր, որ վերագրաւուեցաւ մուսուլմաններու կողմէն։ Եդեսիայի գրաւումէն ետք, Հռոմի Պապը կազմակերպեց Երկրորդ խաչակրաց արշաւանքը։
 
=== Առաջին Խաչակրաց Արշաւանքին Հետեւանքները ===
[[Պատկեր:Byzantium after the First crusade hy.PNG|մինի|ձախից|{{լեգենդ|blue|Բիւզանդական կայսրութիւնը մինչեւ Առաջին խաչակրաց արշաւանքը}}{{լեգենդ|pink|Բիւզանդական կայսրութիւնը Առաջին խաչակրաց արշաւանքէն ետք}}{{լեգենդ|red|Առաջին Խաչակրաց արշաւանքի ուղիները}}]]
 
Առաջին խաչակրաց արշաւանքի ամենակարեւոր հետեւանքը [[Երուսաղէմ]]ի ազատագրութիւնն էր եւ շարք մը խաչակրաց պետութիւններու ստեղծումը [[Լեւանթ]]ի (The Levant /ləˈvænt/; Arabic: المشرق) մէջ։ Միւս կարեւոր հետեւանքը առեւտրական կապերու աշխուժութիւնն էր [[Եւրոպա]]յի եւ [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի եւ [[Ասիա (արեւմտահայերէն)|Ասիոյ]] միջեւ։ Սակայն Առաջին խաչակրաց արշաւանքը ունեցաւ նաեւ բացասական հետեւանքներ։ Անոնցմէ էր օրինակ այն, որ Առաջին խաչակրաց արշաւանքի հետեւանքով Եւրոպայի մէջ սկսան հալածուիլ հրէաները, իսկ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ սկսան նոր խաչակրաց արշաւանքներ ընդդէմ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։
 
13-րդ դարուն, եւ յատկապէս 1291 թուականին, Աքքայի վերջնական անկումէն եւ Ալբեկենական «The Albigensians» խաչակրաց արշաւանքի հետեւանքով Կաթարներու «Cathars» աղանդի վերջնական ոչնչացումէն ետք խաչակիրները կ՝ օգտագործուէին Պապի կողմէն, ապահովելու իր շահերը ամբողջ կաթողիկէ Եւրոպայի տարածքին։ Որպէսզի ապահովէր ուխտագնացներու կեանքն ու ունեցուածքը ստեղծուեցան շարք մը հոգեւոր-ասպետական միաբանութիւններ՝ ինչպիսիք էին Հիւանդախնամները, Տաճարականները եւ յետագային նաեւ Տեւտոնները (ցեղ)։ Լեւանթին մնացած վերջին խաչակրաց միաբանութիւնը Հիւանդախնամներն էին, որոնք Աքքայի անկումէն ետք կրցան պահել Հռոտոս կղզին, իսկ 16-րդ դարուն քշուեցան [[Մալթա (արեւմտահայերէն)|Մալթա]] եւ վերջնականապէս ոչնչացուեցան [[Նափոլէոն Պոնափարթ]]ի կողմէն 1798 թուականին։
 
=== Նորվեկեան Խաչակրաց Արշաւանք ===
Տող 88.
[[Պատկեր:Near East hy 1135.png|մինի|Մերձաւոր Արեւելքը [[1135]] թուականին{{լեգենդ|purple|Բիւզանդական Կայսրութիւն}}{{լեգենդ|orange|Հայոց Կիլիկիա}}{{լեգենդ|lightgreen|Սելճուք-Թուրքեր}}{{լեգենդ|yellow|Եդեսիոյ Կոմսութիւն}}{{լեգենդ|blue|Անտիոքի Դքսութիւն}}{{լեգենդ|red|Թրիփոլիի Կոմսութիւն}}{{լեգենդ|white|Երուսաղէմի Թագաւորութիւն}}{{լեգենդ|green|Ֆաթիմիտեան Խալիֆայութիւն}}]]
 
Խաղաղ ժամանակներուն յաջորդեց Եդեսիոյ գրաւումը՝ իսլամականներու կողմէ: Կազմակերպուեցաւ երկրորդ խաչակրաց արշաւանքը: Ֆրանսական եւ հարաւ-գերմանական խաչակիրները Լիւտովիկոս (Լուի) Ե.-ի եւ Քոնրատ Գ.-ի գլխաւորութեամբ, համապատասխանաբար, հասան [[Երուսաղէմ]] 1147 թուականին, սակայն չկարողացան տանիլ ոչ մէկ մեծ յաղթանակ: [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ը գրաւելու իրենց ծրագիրները նոյնպէս մատնուեցան անյաջողութեան<ref name="lewis">{{Cite book|author=Լյուիս Արչիբալդ|title=Քոչվորներն ու խաչակիրները. 1000–1368 թթ.|date=հունվար 1988|publisher=Indiana University Press|isbn=9780253206527}} {{W/Ref-en}}</ref>: Սակայն Միջերկրական ծովու միւս ափին վրայ Երկրորդ խաչակրաց արշաւանքը մեծ օգուտ բերաւ: Որոշ խաչակիրներ կանգ առին [[Փորթուկալ]]ի Թագաւորութեան մէջ, միացան Աֆոնսօ Ա. Փորթուկալացիին եւ վերանուաճեցին [[Լիզպոն]]ը իսլամականներէն 1147 թուականին: Այդ խումբին մէկ մասն ալ օգնեց [[Պարսելոնա]]յի իշխանին գրաւել Թորթոսան՝ միւս տարի<ref name="lewis"/> Այդ խմբի մի մասն էլ օգնեց [[Բարսելոնա]]յի իշխանին գրավել Տորտոսան մյուս տարի:<ref>Վիլլեգաս-Արիստիզնբալ, Լ. (2009), "Անգլո-նորմանական ներդրումը Տորտոսայի նվաճման գործում, 1148–1180 թթ.", ''Խաչակրաց արշավանքներ'' 8, էջեր` 63–129</ref>: Արդէն 1150 թուականին [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|Գերմանիոյ]] կայսրը եւ [[Ֆրանսա]]յի թագաւորը ետ վերադարձած էին Սուրբ Երկրէն, առանց որեւէ լուրջ յաջողութեան<ref name=CathEnc>''Խաչակրաց արշավանքներ''ը ''Նոր Կաթոլիկ Հանրագիտարանում'', Նյու Յորք. McGraw-Hill Book Company, 1966, հատոր` IV, էջ` 508.[http://www.newadvent.org/cathen/04543c.htm] {{W/Ref-en}}</ref>: Հիւսիսի գերմանացիները եւ դանիացիները յարձակեցան Վենտերի վրայ 1147 թուականին Վենտական խաչակրաց արշաւանքի ժամանակ, որ նոյնպէս յաջողութեամբ չպսակուեցաւ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==