«Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Համազգային Մշակութային Միություն}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (18) using AWB
Տող 41.
}}
 
'''Համազգային Մշակութային Միութիւն''', Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերութիւն, 1990-էն՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն (ՀՀԿՄՄ), համահայկական կազմակերպութիւն։ Կը վայելէ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն]] կուսակցութեան հովանաւորութիւնը<ref name=":0">{{Cite news|url=http://www.hamazkayin.com/%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6%D5%AB-%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6-2/|title=Համազգայինի Ամփոփ Պատմութիւն|last=|first=|date=2013-11-15|work=|newspaper=Hamazkayin|language=|access-date=|via=}}</ref>։
 
== Պատմութիւն ==
Հիմնուած է [[28 Մայիս]] 1928-ին, Գահիրէի մէջ՝ սկիզբը «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն» անունով<ref>{{Cite web|url=http://www.hamaskaine-tarkmantchatz.fr/hy/%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D6%80%D5%A9%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%A5%D6%82-%D5%B4%D5%B7%D5%A1%D5%AF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A1%D5%B5%D5%AB/|title=Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը|last=|first=|date=|website=www.hamaskaine-tarkmantchatz.fr|publisher=|accessdate=}}</ref>։ Հիմնադիրներ՝ [[Համօ Օհանջանեան]], [[Լեւոն Շանթ]], [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեան]], [[Գասպար Իփէկեան]], [[Ստեփան Եսայեան]], [[Մինաս Խաչատուրեան]], [[Սարգիս Մալխասեան]], [[Սեդրակ Պալըգճեան]], [[Յակոբ Պալըգճեան]]։
 
=== Կանոնակարգ ===
Տող 61.
«Հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով». ըստ 1990-ին ընդունուած կանոնագրի՝
 
* սատարել հայ մշակոյթի, հայ դպրութեան, հայ լեզուի եւ ընդհանրապէս հայ հոգեկան եւ իմացական արժէքներու ճանաչման, զարգացման, տարածման եւ ժողովրդականացման [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]]ի եւ արտերկրի մէջ, օժանդակել հայապահպանման ճիգերը, ազգային նշանակութիւն ունեցող աւանդոյթներու շարունակման եւ մշակութային նոր աւանդներու ստեղծման,
* մշակութային ձեռնարկներով (ցուցահանդէս, հանդիսութիւն, հրատարակութիւններ, հայը, հայութիւնն ու Հայ դատը) ծանօթացնել հայ եւ օտար հասարակութեան»։
* Առաջինը՝ նոր սերունդի դաստիարակութիւնն էր ամենակարեւորը, ամենաընդարձակը եւ մեծ ճիգ ու նիւթական միջոցներ պահանջողը: Պետք էր հիմնել միջնակարգ վարժարաններ. «Եւրոպական քոլեջներուն համապատասխան»: Պէտք էր պատրաստել հայոց լեզուի բոլոր նիւթերով դասագիրքեր, մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքեր. պէտք էր օժանդակել հայագիտական երկերու հեղինակներուն: Հայերէն պէտք էր թարգմանել օտար եւ միջնադարեան գրողներու այն հատուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ հայերուն: Պետք էր վերահրատարակել հին հայերէն բնագիրներն ու ձեռագրերը:
* Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա՝ նիւթական լայն միջոցներ: Նախքան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը, «Համազգային»-ը կը ջանար կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը:
* «Համազգային»-ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեանը]]ը 1928-ի ամրան մեկնեցաւ [[Սուրիա]] եւ [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]], ուր կատարեց «Համազգային»ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ՝ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ:
 
'''Ստեղծման նախապատմութիւն եւ գործունէութիւն'''
Տող 85.
Մայիս 1928-էն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»-ի համար եղած է նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ապահովեց նաեւ [[ՀՅԴ]]-ի աջակցութիւնը:
 
Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին պատկանող՝ [[Գասպար Իփէկեան]]ի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս [[Լեւոն Շանթ|Լ. Շանթի]] եւ [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Ն. Աղբալեանի]] ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:
 
1931-ին Գ. Իփէկեանի մեծ յաջողութեան շնորհիւ առաջին անգամ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «[[Օշին Պայլ]]»-ը, իսկ 1934-ին, նոյն յաջողութեամբ ներկայացուց իր հեղինակութեամբ «[[Արա եւ Շամիրամ]]»-ը:
Տող 93.
Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ [[Ժորժ Սարգսեան]]ը, ով շարունակեց գործել մեծ թափով, իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց:
 
Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեանը ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրօք եւ իր անձնական ճիգերով [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]]ի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով ՝ Յակոբ Տեր Մելքոնեան թատերասրահը՝ համանուն բարերարի նուիրատւութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:
 
Ժորժ Սարգսեանի մահին ետք, աշխատանքը վստահուեցաւ [[Վարուժան Խտըշեան]]ին եւ այնուհետեւ ուրիշներուն :
Տող 107.
Համազգայինի Մարսելի կրթական կեդրոնը կեանք առաւ 1980-ին դառնալով Կեդրոնական Վարչութիւն, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստն վարժարանը 1986-ին [[Սիտնի]]ի մէջ [[Աւստրալիա]]յի շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ<ref name=":0" />:
 
Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը բաւականին մեծ զարգացում ապրեցան: Արդարեւ, 1960-ականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներու հետեւանքով, Համազգայինի մասնաճիւղեր սկսան առաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիայի մէջ: Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը վաղուց ծաւալուած էր նաեւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստանի]]ի մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին, նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար ստեղծեցին շրջանային կառոյցներ:
 
Օգոստոս 1990-ին՝ [[Աթէնք]]ի մէջ<ref name=":0" />, գումարուեց Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, որտեղ որոշուեցաւ այդ միութեան ներկայիս անուանումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, եւ առաջացաւ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
 
[[Ծաղկաձոր (Արեւմտահայերէն)|Ծաղկաձորի]]ի մէջ, [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]], Սեպտեմբեր 1994-ին գումարուեցաւ Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ Սեպտեմբեր 1998-ի, Մարտ 2002-ի եւ Ապրիլ 2006-ի տեղի ունեցան Գ., Դ. եւ Ե. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ:
 
Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով՝ [[Պէյրութ]]ի գրասենեակը (Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր) եւ [[Երեւան]]ի գրասենեակը:
 
== Կառուցուածք ==
Համազգային Մշակութային Միութեան գերագոյն մարմինն է Կեդրոնական վարչութիւնը՝ կազմուած 11 անդամէ. կ՛ընտրուի պատգամաւորական ժողովով՝ 4 տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական վարչութեան կից ստեղծուած են կրթական, տնտեսական, հրատարակչական, դասագիրքերու, շինարարական, ռատիօժամի յանձնախումբեր։ Կը գործեն շրջանային վարչութիւնները, որոնք կը կազմուին աշխարհագրական սկզբունքով. [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]]ի, [[Սուրիա|Սուրիոյ]], [[Յունաստան]]ի, [[Կիպրոս (արեւմտահայերէն)|Կիպրոսի]]ի, [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]ու (Արեւելեան եւ Արեւմտեան), [[Քանատա]]յի, [[Աւստրալիա|Աւստրալիոյ]], [[Ֆրանսա]]յի, [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]]ի, շուրջ 50 մասնաճիւղ։ Համազգային Մշակութային Միութեան միջոցները կը գոյանան նուիրատուութիւններէ եւ հանգանակութիւններէ, ունեցած կալուածքներու ու հաստատութիւններու հասոյթներէ։
 
=== Մասնաճիւղեր ===
 
==== Եգիպտոս ====
Այս գործի իրականացման գլուխ կանգնած էին Եգիպտոսի մէջ ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս [[Լեւոն Շանթ]]ը, [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեանը]]ը, [[Վահան Նաւասարդեան]]ը, Բժիշկ [[Համօ Օհանջանեան]]ը, [[Գասպար Իփէկեան]]ը, Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատրեանը եւ ուրիշներ: Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը կը վարէին [[Ալեքսանտրիա]]յի Պողոսեան վարժարանը: ԱԱնոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:
 
Լեւոն Շանթը կ՛առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւն, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան կամ Լիբանանի, կամ Եգիպտոսի մէջ:
Տող 157.
1979-ին վերակազմուեցաւ հիմնարկի առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներ, որոնք ամբողջացուցին հիմնարկի քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:
 
Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995-ին Լիբանանի մէջ սկսաւ ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002-ին շարունակուեցաւ տեղի ունենալ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]]ի մէջ:
 
==== Ֆրանսա ====
Նոյն նպատակով Լեւոն Շանթը մեկնեցաւ [[Ֆրանսա]]: Յանձնարարուած էր տեսակցիլ [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզի]]ի մտաւորականութեան եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսայի մէջ, «Համազգային»-ի մասնաճիւղեր ստեղծելու մասին:
 
=== Կրթութիւն եւ տպագրութիւն ===
Տող 180.
=== Մշակոյթ ===
 
Համազգային Մշակութային Միութեան մեծ իրագործումներէն է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը Պէյրութի մէջ, որ իր հարկի տակ կը պարփակէ [[Թորոս Ռոսլին (արեւմտահայերէն)|Թորոս Ռոսլին]] կերպարուեստի ակադէմիան, Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ երգի եւ պալետի դպրոցներ։
 
=== Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէժ ===
Տող 221.
=== Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ ===
 
Հայագիտական մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւն,որ հիմնուած է 1974-ին (1975-79-ին չի գործեր): Նպատակն է պատրաստել մասնագէտներ հայկական մամուլի, դպրոցներու, հրատարակչութիւններու, ազգային եւ կուսակցական հաստատութիւններու մէջ աշխատելու համար: Առաջին տարին ունեցած է 15 ուսանող: Առաջին շրջանաւարտները տուած է 1983-ին: Մինչեւ այժմ տուած է աւելի քան 140 շրջանաւարտ: 1991-էն ուսման տեւողութիւնը երեք տարի է: Ունի հայոց լեզուի եւ գրականութեան, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան առանձին բաժանմունքներ: 1991-ին [[Երեւանի Պետական Համալսարան (արեւմտահայերէն)|Երեւանի պետական համալսարանի]] հետ կնքած պայմանագիրի հիման վրայ այստեղ կը դասաւանդեն Հայաստանէն գործուղուած մասնագէտներ: Հայագիտականի շրջանաւարտները իրաւունք ստացած են իրենց ուսումնառութիւնը շարունակել ԵՊՀ-ի մէջ: Ուսանողներ կ՛ընդունին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէ: Ունի գիշերօթիկ բաժին եւ ազատ ունկնդրի կարգավիճակ: Տնօրէնն է Երուանդ Փամպուքեանը (1979-էն):
 
== Ծանօթագրութիւններ ==