«Նոր Քարէ Դար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Նոր քարի դար}} using AWB
Չ →‎top: removed: (արեւմտահայերէն) (4) using AWB
 
Տող 3.
'''Նոր քարէ դար''' կամ '''Նէոլիթ''' ([[Յունարէն|յուն]]․՝ νέος , նէոս՝ նոր, եւ [[Յունարէն|յուն]]․՝ λίθος , լիթոս՝ քար), քարէ դարու վերջին դարաշրջանը, յաջորդած է մէզոլիթին։ Տեւած է մօտ երկու հազարամեակ՝ Ն.Ք. 10-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ն.Ք. 11-րդ հազարամեակի կէսերը։
 
Նէոլիթ դարաշրջանի սկիզբը կը բնութագրուի [[քար (արեւմտահայերէն)|քարէ]]է եւ [[Ոսկոր (արեւմտահայերէն)|ոսկորէոսկոր]]է յղկուած գործիքներու օգտագործմամբ, [[խեցեգործութիւն|խեցեգործութեան]] եւ [[երկրագործութիւն|երկրագործութեան]] առաջացմամբ Դարաշրջանի աւարտը կը յատկանշուի վաղ [[մետաղամշակութիւն|մետաղամշակութեամբ]] (էնեոլիթի սկզբնաւորմամբ)։
 
Նէոլիթեան մարդիկ, զարգացած հաւաքչական, որսորդական եւ ձկնորսական իւրացնող տնտեսութեան զուգահեռ, սկսած են զբաղուիլ արտադրող [[Տնտեսութիւն|տնտեսութեամբ]]՝ նստակեաց երկրագործութեամբ (ցորենի, գարիի, ոսպի եւ այլ բոյսերու մշակութեամբ), կենդանիներու (շուն, այծ, ոչխար, խոզ, աւելի ուշ՝ մեծ եղջերաւոր անասուններ) ընտելացմամբ եւ բուծանումով։ Սկսած է զարգանալ մանածագործութիւնը, հիւսելը։ Մայրիշխանութիւնը հասած է իր ծաղկման եւ աստիճանաբար տեղի տուած հայրիշխանութեանը։ Զգալիօրէն աճած է բնակչութիւնը, աստիճանաբար կազմաւորուած են ցեղախումբերը, ձեւաւորուած ցեղային լեզուները։
Տող 9.
Հանրութեան կեանքին մէջ կատարուած արմատական փոփոխութիւնները ընդունուած է անուանել «նէոլիթեան յեղափոխութիւն» (անգլիացի հնագէտ Գ․ Չայլդի հետեւութեամբ), իբրեւ մարդկութեան պատմութեան մէջ առաջին տնտեսական յեղաշրջում։
 
Ըստ նորագոյն տուեալներուն՝ [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի մէջ հնագոյն երկրագործական-անասնապահական մշակոյթը սկիզբ կ՛առնէ Ն.Ք. 8—7-րդ հազարամեակներուն (Երիքովը՝ [[Պաղեստին (արեւմտահայերէն)|Պաղեստինի]]ի, Ջարմոն՝ Հիւսիս-Արեւելեան Միջագետքի, Չաթալ-Հույուկը՝ Փոքր Ասիոյ մէջ եւն)։
 
[[Եւրոպա]]յի մէջ նէոլիթեան մշակոյթը զարգացած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրածովեան մշակոյթի զգալի ազդեցութեամբ, այդ երկրամասերէն Եւրոպա թափանցած են շարք մը մշակելի բոյսեր, ընտանի կենդանիներու տեսակներ եւ այլն։ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]]ի տարածքին նէոլիթեան կայաններ ու բնակավայրեր յայտնաբերուած են Թալինի շրջանին մէջ (Զաղաներ, Արեգունի բլուր, Բառոժ եւ այլն) եւ Արարատեան դաշտին մէջ (Կղզեակ բլուր, Մաշտոցի բլուր, Տէրտէրի ձոր եւ այլն)։ Գտնուած են քարէ (օբսիդիան, որձաքար եւ այլն) պրիզմայաձեւ միջուկներ, դանակներ, յղկուած, գայլիկոնուած կոթատեղի փորուածքով կացիններ, մուրճեր, գուրզեր, բրիչներ, աղօրիքներ, սանդեր, մանգաղներ, նետասլաքներ, ոսկորէ ասեղներ, ուլունքներ, իլիկի գլուխներ եւ այլն։
 
{{ՀՍՀ|հատոր=8|էջ=226}}