«Ողբերգութիւն (թատրոնի ժանր)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
|||
Տող 1.
[[Պատկեր:Dionysos mask Louvre Myr347.jpg|մինի]]
'''Ողբերգութիւն''' ([[Հին Յունարէն|հին յուն]]․՝ τραγῳδία, tragōdía, բառացիօրէն՝ «Նոխազերգութիւն», τράγος, tragos - «նոխազ» եւ ᾠδή, ōdè - «երգ» բառերէն), թատերախաղի տեսակ, ուր տեղի կ՛ունենան ողբերգական իրադարձութիւններ, գլխաւոր հերոսը կամ հերոսները կը կործանուին։
Ողբերգութիւնը կը յատկանշուի կարիքով, խիստ լրջութեամբ, իրականութիւնը կը պատկերուի առաւել սուր կերպով, իբրեւ ներքին հակասութիւններու կծիկ։ Ողբերգութեան մէջ առաւելապէս լարուած եւ յագեցուած կերպով կը բացայայտուին իրականութեան խորքային հակասութիւնները։ Հերոսը, անհատը, յանուն վեհ եւ բարձր գաղափարներու կը պայքարի չար ուժերու դէմ, գիտակցաբար կամ ոչ գիտակցաբար կը հակադրուի ճակատագրին, արտաքին աշխարհի երեւոյթներուն։ Ողբերգութեան մէջ այդ պայքարը կ՛ունենայ կործանարար վախճան. հերոսը անյաջողութեան կը մատնուի, կամ կը հասնի յաջողութեան՝ իր կամ իր մտերիմներուն, սիրելիներուն, հարազատներուն կեանքի գնով։ Հերոսը կը կորսնցնէ իր պատրանքները, կը ճանչնայ իր անցեալին հետ կապուած ողբերգական հանգամանքները։
Ողբերգութեան ներգործութիւնը հանդիսատեսի վրայ առաջին անգամ ուսումնասիրած է [[Արիստոտել
Ողբերգութիւնը սկիզբ առած է Հին Յունաստանի [[Աթէնք]] քաղաքէն։ Սկիզբի շրջանին ողբերգական գործեր հանդիսատեսին ներկայացուած են իւրաքանչիւր տարուան Մարտ ամսուն՝ Դիոնիսոսին նուիրուած տօնախմբութիւններուն ընթացքին («Նոխազերգութիւն» անունը կը ծագի Դիոնիսոսի շքախումբին մէջ ընդգրկուած այծամարդոց երեւոյթէն)։
Մեզի հասած են հին յոյն նշանաւոր ողբերգակներ՝ Էսքիլեսի, Սոփոկլեսի եւ Եւրիպիդեսի ողբերգութիւնները։
[[Յունաստան
Նոր ժամանակներուն ողբերգութեան ժանրի մեծագոյն վարպետ էկը համարուի [[Ուիլիըմ Շէյքսփիր
== Ծանօթագրութիւններ ==
|