'''Ուղեղ''' ([[լատիներէն]]՝ cerebrum, հին [[յունարէն]]՝ ἐγκέφαλος), [[կեդրոնական նիարդային համակարգ]]ի օրկան։ Տեղադրուած է գանկի խոռոչին մէջ, անոր զանգուածը կը տատանի 1300-1400 կ․ [[Սահմանում (արեւմտահայերէն)|սահմաններուն]] մէջ։ Յատուկ պարագաներուն այն կրնայ ունենալ 1100-2000 կ․ զանգուած։ Ուղեղին կապուած են 12 զոյգ գանկուղեղային նիարդեր, որոնցմէ է ներքին օրկաններու աշխատանքը կարգաւորող թափառող նիարդը։ Մարդու գլխուղեղը՝ սաղմնային շրջանին ու կեանքին մէջ, առաջին տարիներուն ուժգնօրէն կ՛աճի եւ 20 տարեկան հասակին կը հասնի իր վերջնական մեծութեան։ Ուղեղին մէջ ջղա[[Բջիջներ (արեւմտահայերէն)|բջիջներուբջիջներ]]ու մարմինները կ՛առաջացնեն գորշ [[Նիւթական կետ|նիւթ]], որ կը գտնուի՝ ինչպէս գլխուղեղի մակերեսին, ձեւաւորելով կեղեւ, այնպէս ալ գլխուղեղի ներսը՝ սպիտակ նիւթի մէջ, կորիզներու ձեւով։ Սպիտակ նիւթը կազմուած է ջղաբջիջներու երկար ելուստներէն։ Գլխուղեղը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն՝ երկարաւուն ուղեղ, կամուրջ, միջին ուղեղ, միջանկեալ ուղեղ, ուղեղիկ եւ [[մեծ կիսագունդեր]] (ծայրային ուղեղ)։ Երկարաւուն ուղեղը, կամուրջը, միջին եւ միջանկեալ ուղեղը կազմում են ուղեղաբունը։