«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Պահք}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (4) using AWB
Տող 35.
գ. Հիմնականին մէջ հինգ օրուան [[Երկուշաբթիէն]] մինչեւ Ուրբաթ ինկած Պահքի Հայ եկեղեցւոյ շաբաթապահքերու կարգադրութիւնը կը վերագրուի [[Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի]] կաթողիկոսին (548–557):
 
դ. Շաբաթական Պահքերը թիւով տասներկուք են՝ [[Ծնունդ(արեւմտահայերէն)|Ս.Ծննդեան]], Եղիական, [[Լուսաւորիչ(արեւմտահայերէն)|Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի]], [[Վարդավառ (արեւմտահայերէն)|Վարդավառի]]ի, [[Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի]], [[Խաչվերաց (արեւմտահայերէն)|Խաչվերաց]]ի, Վարագայ Խաչի, Յիսնակաց, [[Ս. Յակոբ(արեւմտահայերէն)|Ս. Յակոբի]], Առաջաւորաց, Մեծ պահոց երկրորդ շաբթուան, Աւագ շաբաթ։ Շաբաթապահքերը բաժնուած են երեք խումբերու։
 
== Հինգ Տաղաւարներ ==
Հինգ Տաղաւարներու կամ Տէրունական օրերու շաբաթապահքեր՝ [[Սուրբ Ծնունդ (արեւմտահայերէն)|Ծննդեան]], Յարութեան, Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Ս. Խաչի։
 
'''ա.''' Ս. Ծննդեան Պահք, Քրիստոսի ծննդեան շաբթուան եօթնօրեակն է, կը տեւէ վեց օր։ Այդ ընթացքին ոչ մէկ տօն չկայ, վեց օրերը պահոց օրեր են եւ ոչ ուտիքի։ Ի հակադրութիւն նախածննդեան շաբաթապահքի, յետծննդեան առաջին շաբաթը՝ 6-13 Յունուար պահոց օրեր չեն։
Տող 59.
Այլ շաբաթապահքեր են՝ Առաջաւորաց, Յիսնակաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահքերը։
 
'''Ա. Առաջաւորաց Պահք''', կը կոչուի նաեւ Առաջաւորք, կը նշանակէ առաջինը։ Անիկա կը տեւէ հինգ օր, ունի սրբական տօներ։ Շաբաթավերջը՝ [[Սուրբ-Սարգիս (արեւմտահայերէն)|Ս. Սարգիս զօրավարի տօն]] եւ կը կոչուի (ժողովրդական) Ս. Սարգիսի Պահք։
Այս պահքը սահմանած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք: Ինչպէս կը վկայեն եկեղեցական հայրեր՝ Պօղոս Տարօնացին, Ս. Ներսէս Շնորհալին, Մխիթար Գոշը եւ ուրիշներ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տրդատ թագաւորը մկրտելէ առաջ, 65 օր գիշեր-ցերեկ շարունակ կը քարոզէ, կը խրատէ, կը սորվեցնէ, կը գօտեպնդէ` իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով հայ ժողովուրդը կը պատրաստէ Աւետարանի վեհ պատգամներուն հետեւելու, ապա կը սահմանէ հնգօրեայ ծոմապահութիւն՝ ի յիշատակ Հայաստանի լուսաւորութեան: Թագաւորներն ու նախարարները, հինգ օր ծոմ պահելով, կը փրկուին զիրենք տանջող ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն:Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներուն համաձայն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անիկա կը հաստատէ ի յիշատակ վերոյիշեալ փրկչական ծոմապահութեան եւ կը պատուիրէ, որ ամէն տարի շարունակեն նոյնութեամբ: Եւ որովհետեւ այս պահքը առաջինը կ'ըլլայ Հայաստանի մէջ, կը կոչուի «Առաջաւորաց պահք» կամ «Առաջաւորք» եւ կը համարուի հայոց առաջին ազգային պահքը: Այս պահքի հինգերորդ՝ ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէին յիշատակութեան օրն է՝ իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակ: Իսկ յաջորդ շաբաթ օրը, կը տօնուի Ս.Սարգիս զորավարին եւ անոր որդիին Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներուն տօնը: Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակի օրը բարեկենդան է:
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն