«Սիս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Werldwayd տեղափոխեց էջը «Սիս (արեւմտահայերէն)»-էն «Սիս»
Չ removed: (արւմտ․) using AWB
Տող 1.
{{Անաղբիւր}}
 
 
{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր
Տող 37 ⟶ 36՝
[[1266]]-ի Օգոստոսին, [[Եգիպտոս]]ի Պիպարս սուլթանը խոշոր ուժերով կը ներխուժէ [[Կիլիկիա]], կը պաշարէ Սիսը, բայց չկարողանալով գրաւել բերդը, կը հրկիզէ քաղաքը, կը կողոպտէ հարստութիւնները։ [[1270]]–ական թուականներուն քաղաքը կը վերաշինուի, կ՛ամրացուին նաեւ պարիսպները։ [[1275]]–ին [[Եգիպտոս]]ի սուլթանութեան զօրքերը կրկին կը փորձեն գրաւել Սիսը, սակայն քաղաքի պարիսպներուն մօտ գտնուող հայկական զօրաբանակը, [[Սմբատ Սպարապետ]]ի առաջնորդութեամբ կը ջախջախէ ու ետ կը շպրտէ զանոնք։ Այնուհետեւ, շուրջ մէկ դար, Սիսը կ՛ապրի համեմատաբար խաղաղ կեանք մը։ [[Եգիպտոս]]ի սուլթանութեան 60 հազարանոց զօրաբանակը վերստին կը պաշարէ Սիսը՝ [[1369]]–ին։ Հրդեհի ճարակ դարձնելով եւ կողոպտելով քաղաքը՝ թշնամին, ամէն պարագային, հարկադրուած կ՛ըլլայէ հրաժարիլ բերդի գրաւման գաղափարէն, ու նահանջել։ Օգտուելով [[Կիլիկեան Հայաստան]]ի պետական իշխանութեան թուլացումէն ու ներքին երկպառակտութիւնէն՝ Եգիպտոսի սուլթան Մելիք Աշրաֆը [[1375]]–ին կը պաշարէ եւ կը գրաւէ բերդը, կը ձերբակալէ թագաւորին ու շարք մը իշխաններուն։ Սիսի անկումը հայ պատմիչները գնահատած են որպէս՝ հայկական պետականութեան կորուստ։ Սաստկացող բռնութիւններու պայմաններուն շատ սիսեցիներ գաղթած են օտար երկրներ։
 
[[Կատեգորիա:Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներ (արւմտ․)]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սիս» էջէն