«Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան (Ռուբինա)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան (Ռուբինա)''' ({{ԱԾ}}), Յեղափոխական գործիչ եւ հայուհի մը, որ կը նուիրէ իր կեանքը ժողովուրդին ծառայելու։
 
== Կենսագրութիւն ==
Սոֆի Արէշեան, յեղափոխական անունով Ռուբինա, ծնած է [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիսի]]ի գեղատեսիլ արուարձանին մը մէջ [[1881]]-ին։ Մեծ հայրն ու եղբայրը Ռուսական բանակի բարձրաստիճան սպաներ ըլլալով, Արէշեանները օտար շրջանակներուն հետ շփման մէջ էին եւ ռուսախօս էին։ Մինչեւ 18 տարեկան ան ոչ Հայերէն գրել-կարդալ, ոչ իսկ խօսիլ գիտէր։ [[1900]]-ին Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտեց եւ յաջորդ տարին սկսաւ պաշտօնավարել Բագուի Գոլ Գրեստա Հոբթենթ անունով դպրոցին մէջ։ Ան կը բնակէր քրոջը քով, որուն ճարտարագէտ ամուսինը՝ երկրաչափ Խիզանեան Իւան Պալախանի Ընկերութեան մէջ կ՚աշխատէր։
 
[[1890]]-ական թուականներուն Բագուն իր յեղափոխական ու ազգային մթնոլորտով խոր տպաւորութիւն գործեց Սոֆի Արէշեանի վրայ։ Յատկապէս իրենց դրացի [[Մարտիրոս Մարգարեան|Մարտիրոս Մարգարեանի]]ի (Սաֆօ) հետ ունեցած բարեկամութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ գաղափարական հայուհիին համար եւ ան մեծ խանդավառութեամբ հասարակական գործունէութիւն ձեռնարկեց։ Բժիշկ Զաւրիեւի ազգականուհի Տիկին Ամուշկովայի օժանդակութեամբ՝ Իւան Պաթախանի Ընկերութեան բանուորներուն համար գիշերային դասընթացքներ կազմակերպեց եւ Հայերէնի դասաւանդութեան համար հրաւիրեց [[Ստեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)|Ռոստոմը]]։ 1903-ին Դաշնակցութեան Ռայոնական Ժողովը գումարեցաւ [[Նիկոլ Դուման (արեւմտահայերէն)|Դումանի]] բնակարանին մէջ։ Նոյն շէնքին մէջ կը բնակէին Սոֆի Արէշեան իր քրոջը եւ ամուսինին հետ։ Ահա այդ օրերուն էր, որ սկսաւ ծրագրուիլ այն մեծ գործողութիւնը, որ խանդավառ երիտասարդուհիին կեանքը պիտի յեղաշրջէր։ [[1895]]-[[1896]]-ին հայութեան ապրած սարսափներէն ետք, [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափոր]] որոշեց մեծ քաղաքական մեծ ահաբեկում մը կազմակերպել Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ին դէմ։ Սոֆի Արէշեան իրենց դրացի Սաֆոյի միջոցով իմացաւ ծրագրուած մահափորձի մասին եւ անմիջապէս խնդրեց Քրիստափոր Միքայէլեանի ներկայանալ։ Հոգիներու մեծ վարպետը չափեց երիտասարդուհիին զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը, «սուրբ գործին» մասնակցելու վճռակամութիւնը եւ համաձայնութիւնը յայտնեց։ Քանի մը ամիս ետք, հասաւ Քրիստափորի ազդանշան հեռագիրը եւ Սոֆի Արէշեան անմիջապէս ճամբայ ելաւ։
 
Քրիստափոր եւ Սոֆի կը մեկնին [[Պուլկարիա]] որպէսզի ռումբերու գործ սկսին կատարել։ [[20 Մարտ]] [[1905]]-ին Ռուբինա ներկայ էր Վիտոշ լերան լանջին վրայ երբ Քրիստափոր փորձի ժամանակ կը մահանայ։ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափորի]] եւ [[Վռամշապուհ Քենտիրեան|Վռամշապուհ Քենտիրեանի]]ի թաղումէն ետք, Ռուբինա իր ընկերներուն թելադրանքով երկու ամիս կը մնայ Ժընեւ եւ կը շարունակէ խորհրդակցիլ իր ընկերներուն հետ մահափորձի ծրագրին մասին։ Ան [[Սարգիս Բարսեղեան|Սարգիս Բարսեղեանի]]ի հետ Վիեննա գնաց եւ այնտեղէն կը մեկնի Պոլիս։ Մահափորձի համար ժողովի ընթացքին, ընկերները կը վկայէն թէ ան բազմաթիւ անգամ ժողովէն կը խնդրէ որ ինքը նստի կառքին մէջ որովհետեւ համոզուած էր թէ Վիտոշի լանջին իր կեանքը խնայուած էր որպէսզի Սուլթանին ահաբեկման ծրագիրը իր լրումին հասցնէր։ Դժբախտաբար, [[21 Յուլիս|21 Յուլիս]] [[1905]]-ի մահափորձը կը ձախողի եւ այդ երկրորդ ծանր հարուածը կ՚ըլլայ 25-ամեայ Ռուբինային համար։ Ջղային տագնապ կ՚ունենայ եւ ժամանակ մը կը մնայ Ժընեւ որպէսզի հանգստանայ։
 
[[Պատկեր:Krisdapor Mikaelian and Roubina Ohanchanyan.jpg|մինի]]
Տարի մը ետք, ան կը վերադառնայ [[Թիֆլիս]]։ Ճամբորդութեան ընթացքին, կը հանդիպի [[Թալեաթ փաշա|Թալեաթ փաշային]]յին (որը [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութիւնը]]ը պիտի ծրագրէն) որ ձեռքը համբուրելով կ՚ըսէ «Օրիորդ, դուք մեզի օրինակ ծառայեցիք ձեր քաջութեամբ եւ ցոյց տուիք ճամբան զորս պէտք էր որ առնենք։ Շնորհակալութիւն»։ Թիֆլիսի մէջ յաճախ իր մօտ ժողովի համար կը հաւաքուէին [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|ՀՅԴ]] Բիւրոյի անդամներ [[Սիմոն Զաւարեան]], [[Արմէն Գարօ]], եւ բժիշկներ Դաւթեան եւ Օհանջանեան։
 
[[1908]]-ին Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, [[Էտկար Ակնունի|Էտկար Ակնունիի]]ի հրաւէրին ընդառաջելով, Ռուբինա եւ [[Սաթենիկ Օհանջանեան]] Պոլիս գացին եւ սկսան գործըլ Բերայի «Աշխատանքի Տուն»-ին համար։ Երբ ալ լուռ առաւ որ Համօ ձերբակալուած է Թիֆլիսի մէջ, որոշեց Կովկաս վերադառնալ թէեւ ինքն ալ կը փնտռուէր ցարական կառավարութեան կողմէ։ Համօ Թիֆլիսէն Նովոչերկասկ փոխադրուեցաւ։ Շատ չանցած հոն փոխադրուեցան նաեւ Հայր Աբրահամ, [[Աւետիս Ահարոնեան]], Յ. Արղութեան, Ա. Գիւլխանդանեան, [[Գարեգին Խաժակ (արեւմտահայերէն)|Գարեգին Խաժակ]], եւ ուրիշներ։ Ռուբինա քաղաքէ-քաղաք հետեւեցաւ բանտարկեալներուն եւ ամէն ձեւով անոնց օժանդակեց, նոյնիսկ յաջողեցաւ բարեակացամ վերաբերում ստեղծել բանտի վարչութեան եւ բանտարկեալներուն միջեւ։ Ան յաճակ կ՚այցելէր բանտարկեալները։ Սակայն կասկածանքի տեղի տալով, իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ։ Ռուբինա եղբայրը՝ Միշա (հետագային Զօրավար Արէշեան) որ մասնակցած էր Ռուս-Ճափոնական պատերազմին, յաջողեցաւ քոյրը ազատել, պայմանաւ որ ան այլեւս Կովկաս, Մոսկուա, եւ Պետերբուրգ ոտք չկոխէր։
 
Ռուբինա ուզեց բժշկութեան հետեւիլ։ Հակառակ փախստական ըլլալուն եւ կանոնաւոր թուղթեր չունենալուն, բժշկական համալսարանի գլխաւոր դասախօսը իր մասին լսած ըլլալով, որոշեց Ռուբինան ընդունիլ եւ ան յաջողութեամբ աւարտեց իր դասընթացքները։
 
[[1912]]-ին Ցարական ծերակոյտի ընդհանուր դատախազը իր ամբաստանագրին մէջ Դաշնակցութիւնը «պետութիւն պետութեան մէջ» կոչեց եւ անոր ներկայացուցիչները ծանր պատիժներու ենթարկեց։ Համօ եւ իր ընկերներ՝ Ղազարեանցն ու Մուրատովը չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի վայրը ընտրելու։ Կը խնդրէ որ Սիպերիա տեղափոխուիլ եւ իրեն կը հետեւի Ռուբինա եւ Իրքուցքի մօտ՝ Վոլոչիսկի աքսորի շրջանին է, որ ամուսնացան։
 
Իրարմէ անբաժան Ռուբինան եւ Համոն աքսորավայրի մէջ կը մատուցէք բժշկական ծառայութիւններ։ Այդ նոյն շրջանը աքսորուած էին նաեւ մեծ թիւով ռուս յեղափոխականներ։ Ռուբինա կը վկայէ որ իր իրենց մէջ էր նաեւ [[Ստալին|Ստալինը]]։ ը։
 
[[1917]]-ին Օհանջանեանները Թիֆլիս վերադարձան եւ անմինջապէս ձեռնարկեցին ռազմաճակատի հիւանդանոցները երթալ եւ խնամատարութեան գործ տանին։ Անոնք Վանայ ապստամբութեան եւ ռուսական բանակներուն մուտքով նոր ազատագրուած Վասպուրականի հայութեան բժշկութեան կարիքներուն ալ հասան։
 
[[Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն|Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան]] ծագումի եւ անկումի օրերուն, Ռուբինա իր ամուսինին կողքին էր, անոր վարչապետութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարագրութեան ճանապարհին։ Հայաստանի անկախութեան օրերուն էր, որ ծնաւ անոնց միակ զաւակը՝ Վիգէնը։ Ի վերջոյ Օհանջանները [[Գահիրէ]] կը հաստատուին։
 
[[28 Մայիս]] [[1928]]-ին Գահիրէն մէջ հիմնուեգաւ [[Համազգային|Համազգային Կրթական եւ Հրատարակչական Ընկերակցութիւնը]]։ Ռուբինա իր շուրջ հաւաքեց օրիորդներ եւ տիկիները եւ հանգանակութիւն եւ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց եւ եկամուտը յատկացուց [[Ճեմարան (արեւմտահայերէն)|Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանի]]ն։ Մօտ երկու տասնամեակ Ճեմարանին նիւթական օժանդակութիւնը շարունակեց՝ մինչեւ որ կրթական հաստատութիւնը անկախ դարձաւ Փալանճեան կտակին շնորհիւ։
 
[[1960]]-ական թուականներուն Ռուբինա իր քրոջ, զաւկին, եւ հարսին հետ Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքը հաստատուեցաւ եւ հոն ալ աչքերը փակեց խոր ծերութեան մէջ [[21 Ապրիլ]] [[1971]]-ին։
 
== Շքանշաններ ==
[[1968]]-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ [[Խորէն Ա. Կաթողիկոս|Խորէն Ա. Կաթողիկոսը]]ը Կիլիկիոյ Բարձրագոյն Իշխանուհիի շքանշանով պատուեց Ռուբինա Օհանջանեանը։ Արժանաւոր հայուհին Վեհափառին գովքին պատասխանեց ամենայն համեստութեամբ «Ես ի՞նչ եմ առել որ…»։
 
== Աղբիւրներ ==