«Տիէկօ Ֆորլան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Ֆութպոլիստ
| ֆութպոլիստի անուն = Տիէկօ Ֆորլան
Տող 43 ⟶ 41՝
Արդիւնքին մէջ, 2002 թուական Յունուարին Ֆորլանը պայմանագիր կնքած է «[[Մանչեսթըր Իւնայթըտ]]»ի հետ։ Անոր նախկին ակումբը ստացած է աւելի քան 6,9 միլիոն ֆոնտ։ Իր առաջին կոլը անգլիական ակումբի կազմին մէջ Ֆորլանը կրցած է հարուածել միայն 2003 թուական Օգոստոսին, [[ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա|Յաղթակամներու Լիկա]]յի մէջ, «Մաքաբիի» դէմ խաղին, սակայն մինչ այդ ան հասցուցած է նուաճել Անգլիոյ յաղթանակի տիտղոսը։ Երբ 2004-05 մրցաշրջանէն առաջ «մանկունիանցիները» պայմանագիր ստորագրեցին [[Ուէյն Ռունի]]ի հետ, պարզ դարձաւ, որ Ֆորլանը կը դիտուի որպէս պահեստային խաղացող, եւ յարձակողը որոշեց հեռանալ ակումբէն։ Ընդհանուր առմամբ, «[[Մանչեսթըր Իւնայթըտ]]ի» կազմին մէջ, Բրիմիոր լիկայի մէջ ան խաղացած է 63 խաղ՝ դառնալով 10 կոլերու հեղինակ։
 
2004-05 մրցաշրջանը ուրուկուէյցին սկսաւ «[[Վիլիառեալ ՖԱ|Վիլիառեալ]]» ակումբին մէջ եւ արդիւնքին մէջ ան դարձած է Սպանիոյ առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկուն (25 կոլ) եւ ստացած է «Ոսկէ Խաղակօշիկ» մրցանակ։ Մասնակցելով երեք մրցաշրջան «Վիլիառեալի մէջ» (106 հանդիպում - 54 կոլ), Ֆորլանը դարձաւ խումբին իսկական առաջատարը՝ յայտնուելով քանի մը անգլիական ակումբներու հետաքրքրութեան ոլորտում։ «[[Արսենալ ՖԱ (արեւմտահայերէն)|Արսենալը]]», «[[Լիւրբուլ ՖԱ|Լիւրբուլը]]» եւ «[[Ասթոն Վիլլա]]ն» յարձակողի համար կ՛առաջարկէին 15 միլիոն ֆոնտ, բայց ան որոշեց մնալ Սպանիոյ մէջ։
 
2007-08 մրցաշրջանէն առաջ Ֆորլանը միացաւ «[[Աթլեթիքօ Մատրիտ]]», անոր համար վճառելով 21 միլիոն Իւրօ։