«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (19) using AWB
Տող 1.
[[Պատկեր:Philly Thinker.JPG|thumb|200px|[[Օիւստ Ռոտէն|Օկիւսթ Ռոտէն]]ի «[[Մտածողը (արեւմտահայերէն)|Մտածողը]]» ([[Ֆրանսերէն|ֆր.]]՝ Le Penseur) քանդակը, որ յաճախ կը համարուի փիլիսոփայութեան խորհրդանիշը<ref>D. Bob Gowin, Marino C. Alvarez The Art of Educating with V Diagrams. — Cambridge University Press, 2005, էջ 52: ISBN 052184343X</ref>]]
'''Փիլիսոփայութիւն''', իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Այն կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:
 
«Փիլիսոփայութիւն» ([[յունարէն]].՝ φιλοσοφία) բառն ունի յունական ծագում: Այն յառաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն՝ փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած է Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է [[Պիւթագորաս|Պիւթագորասը]]ը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել զայն:
Սկզբնական շրջանին փիլիսոփայութեան ոլորտը կ’ընդգրկէր ուսմունքներ [[Տիեզերք (արեւմտահայերէն)|տիեզերքիտիեզերք]]ի յառաջացման եւ կառուցուածքի մասին /[[տիեզերածնութիւն]], [[տիեզերաբանութիւն]]/, աստուածներու մասին /[[դիցածննդաբանութիւն]]/: Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը սկսաւ ներառել ուսմունքներ կեցութեան հիմնական հասկացողութիւններու մասին /[[գոյաբանութիւն]]/, ճանաչողութեան ակունքներու եւ սահմաններու մասին /[[իմացաբանութիւն]]/, մտածողութեան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին /[[տրամաբանութիւն]]/, մարդկային հոգու մասին /[[հոգեբանութիւն]]/, բարոյականութեան էութեան /[[բարոյագիտութիւն]]/ եւ [[Գեղեցկութիւն|գեղեցկութեան]] մասին /[[գեղագիտութիւն]]/: Վերոյիշեալ ուղղութիւնները յետագային վերածուեցան առանձին գիտութիւններու:
 
== Փիլիսոփայութեան էութիւնը ==
Փիլիսոփայութեան բուն սահմանումը արդէն կը հանդիսանայ փիլիսոփայական բաց հարցումը: Այդ կապուած է այն կետին հետ, որ կ’ըսէ, թէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման առարկան չէ՝ փիլիսոփայութիւնը կ’ուսումնասիրէ ամէն ինչ: Փիլիսոփայական տարբեր դպրոցներ, որոնք կազմաւորուած են փիլիսոփայութեան գոյութեան ընթացքին, յաճախ տարբերուսծ են իրարմէ իմացութեան մեթոտաբանութիւն, եւ այդ կերպով, այդ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է տալ փիլիսոփայութեան ինքնութեան իւրովի սահմանումը: Այդ պատճառով փիլիսոփայութեան սահմանումը որոշակի իմաստով փոխուած է ժամանակի ընթացքին:
Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը՝ ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, որքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի [[բանական եղանակ]]ով` [[Իմաստ (արեւմտահայերէն)|իմաստ]]աւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` [[տրամաբանութիւն|տրամաբանութեանը]], համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական [[մտածողութիւն]]ը [[դիցաբանութիւն|դիցաբանական]] եւ [[կրօն]]ական մտածողութենէն, որոնք կ’ենթադրեն [[բնապաշտութիւն]]ն ու [[գերբնական]]ը, այսինքն՝ [[անբանական]]ը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը՝ տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական [[կանոնադրութիւն|կանոնադրութեամբ]]: Օրինակ՝ հին [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|հնդկական]] փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան [[Եւրոպա]]կան փիլիսոփաները մեկնաբանեցին [[Աստուածաշունչ]]ը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած՝ ապացուցած Աստուծոյ գոյութիւնը: Օրինակ՝ [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
 
Տրամաբանութենէն զատ՝ փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն՝ իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ: Օրինակ՝ [[Իմանուէլ Քանթ]]ի յայտնի աշխատութիւնը՝ «[[Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն]]»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով՝ տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:
Տող 20.
Փիլիսոփայութեան հասկացութեան յետագայ հաստատումը կ’անցնի անոր տարբեր բաժիններու նկարագրման: Փիլիսոփայութիւնը կը ստորաբաժանուի երկու եղականով՝ ըստ ուսումնասիրման առարկայի եւ ըստ «տեսակներու», այսինքն բազմաթիւ դպրոցներու ու գաղափարախօսութեան:
Առաջին եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ [[Բնազանցութիւն|բնազանցութեան]] (գոյութեան հարցերը), [[Հմտաբանութիւն|հմտաբանութեան]]յի (իմացութեան հարցերը) եւ [[Արժէքներու Ուսումնասիրում|արժէքներու ուսումնասիրման]]յի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն՝ որպէս առանձին առարկաներ կ’ընդունուին նաեւ [[տրամաբանութիւն]]ը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու [[փիլիսոփայութեան պատմութիւն]]ը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): [[Արիստոտէլ|Արիստոտէլի]]ի ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):
Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն՝ լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: XVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց՝ ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[մարքսիստականութիւն]]ը, [[գոյապաշտութիւն]]ը եւ այլն: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
 
== Փիլիսոփայութեան Բաժանումը Ըստ Ուսումնասիրուող Առարկայի ==
Տող 32.
[[Հաւաքաբանութիւն|Հաւաքաբաններու]] ճիշտ կիրառումը կը բանայ ապացուցական դատողութիւններու ճանապարհը փիլիսոփայութեան, թուաբանութեան, բնական գիտութիւններու կամ մտածելակերպի ձեւաւորման մէջ:
Իր թուացեալ դիւրութեան հետ մէկտեղ, հաւաքաբանութեան տարանջատումը մարդկային սովորական խօսքէն տեղի ունեցած է ոչ մէկ անգամէն եւ ոչ ամէնուր: Անոնց տարանջատումը, որպէս ապացոյցի տեսակի, խթանուած է փիլիսոփայութեան եւ թուաբանութեան կապակցումէն, որ տարածուած էր Հին [[Յունաստան]]ի մէջ: Հաւաքաբանութեան եւ տրամաբանական պարզագոյն համակարգի հասկացողութեան առաջին պաշտօնական շարադրանքը կը պատկանի [[Արիստոտել (արեւմտահայերէն)|Արիստոտել]]ին: Անոր տրամաբանութիւնը կը մնար անփոփոխ շուրջ 2 հազար տարի, մինչեւ XX դարու սկիզբը, երբ թուաբանութեան եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]] հետազօտութիւնները ճանապարհ հարթեցին տրամաբանութեան զարգացման համար: Ձեւաւորուեցաւ «Առաջին Կարգի Տրամաբանութիւն» կամ «Բրետիքատներու Տրամաբանութիւն», որ ներկայիս լաւ ուսումնասիրուած է: Սակայն, կը պարզուի, որ փիլիսոփայութեան պնդումներու, առաւել եւս մարդկային բնական ամբողջական խօսքի վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է աւելի բարձր դասերու տրամաբանութիւններու ու մարդկանց տրամաբանութեան, մասնաւորապէս՝ երկրորդ կարգի տրամաբանութեան կիրառումը: Բացի այդ, պաշտօնական նշանային լեզուի ու մարդկային բնական լեզուի փոխկապակցուածութիւնը կը հետազօտէ տրամաբանական [[իմաստաբանութիւն]]ը: Այս գաղափարները՝ աւելի բարձր դասերու բարոյական տրամաբանութեան հետ միասին կը շարունակեն մնալ աշխոյժ միջգաղափարային հետազօտութիւններու ոլորտ: Ժամանակակից տրամաբանութիւնը կազմուած է արդիական, խոր թուաբանական համակարգերէ, որոնք կ’ուսումնասիրուին [[փիլիսոփայ|փիլիսոփա]]ներու, [[թուաբան]]ներու, [[լեզուաբան]]ներու, վերջերս նաեւ՝ [[ծրագրաւորող]]ներու եւ լուծման տեսութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտի մասնագէտներու կողմէ: Այդպէս՝ տրամաբանութիւնը կը հանդիսանայ ինչպէս ամենահին, այդպէս ալ ամենաժամանակակից գաղափարը:
 
== Կամքը Փիլիսոփայութեան Տեսանկիւնէն ==
Տող 41.
[[կեցութիւն|Կեցութեան]] բնազանցական սկիզբը կամքին վերագրելը [[Կամովականութիւն|կամովականութեան]] (voluntaryism) հիմնական դրոյթներէն է: Կամովականութեան հիմնադիրը Օգոստոս Երանելին էր, ով կամքը վեր կը դասէր [[իմացութիւն|իմացութենէն]]: Կամովականութիւնը յետագային զարգացուցին [[Տունս Սքոփ]]ը եւ [[Ուիլհելմ Օքքամ]]ը: Այնուհետեւ անոնց յետնորդները դարձան Շոփենհաուըրը եւ Ուունտթը:
 
Հայ փիլիսոփայական մտքի սահմաններուն մէջ նոյնպէս չեն անտեսուիր կամքի, մասնաւորապէս կամքի ազատութեան հիմնահարցը: Տարբեր ժամանակներու հայ առաջադիմական մտածողները ճակատագրի անվերապահութիւնը ընդգծող կամ մերժող հայեացքներով այս կամ այն կերպ միշտ ալ անդրադարձած են մարդու կամքի ազատութեան հարցին: Այդ մտածողներու շրջանակներուն մէջ կարելի է ընդգծել հետեւեալ անունները՝ [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոց]], [[Կորիւն]], [[Եզնիկ Կողբացի (արեւմտահայերէն)|Եզնիկ Կողբացի]], [[Եղիշէ]], [[Փաւստոս Բիւզանդ]], [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]], [[Մովսէս Խորենացի]], [[Դաւիթ Անյաղթ]], [[Գրիգոր Նարեկացի (արեւմտահայերէն)|Գրիգոր Նարեկացի]], [[Յովհաննէս Երզնկացի]], [[Ֆրիկ (արեւմտահայերէն)|Ֆրիկ]], [[Նահապետ Քուչակ (արեւմտահայերէն)|Նահապետ Քուչակ]], [[Մխիթար Գոշ (արեւմտահայերէն)|Մխիթար Գոշ]], [[Վարդան Այգեկցի (արեւմտահայերէն)|Վարդան Այգեկցի]], [[Յովհաննէս Սարկաւագ]], [[Վահրամ Րապունի]], [[Ներսես Դ Կլայեցի (արեւմտահայերէն)|Ներսէս Շնորհալի]], [[Գրիգոր Տաթեւացի]], [[Մխիթար Հերացի (արեւմտահայերէն)|Մխիթար Հերացի]], [[Ստեփանոս Լեհացի (արեւմտահայերէն)|Ստեփանոս Լեհացի]], [[Շահամիր Շահամիրեան]], [[Խաչատուր Աբովեան]], [[Միքայէլ Նալբանդեան]], [[Եղիա Տէմիրճիպաշեան|Ե. Տէմիրճիպաշեան]], [[Րաֆֆի (արեւմտահայերէն)|Րաֆֆի]], [[Սուրէն Սպանդարեան|Ս. Սպանդարեան]], [[Ստեփան Շահումեան|Ս. Շահումեան]], [[Սարգիս Կասեան|Ս. Կասեան]], [[Ալեքսանդր Մեասնիկեան|Ա. Մեասնիկեան]] եւ այլն:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
[[Կատեգորիա:Փիլիսոփայութիւն]]