«Քիմիական Տարրեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: {{Արևելահայերեն|Քիմիական տարրեր}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (43) using AWB
Տող 6.
 
== Եզրի ստեղծման պատմութիւն ==
«Էլեմենթ» ({{lang-la|elementum}}, ''տարր'') բառը կ'օգտագործուի շատ հին ժամանակաշրջաններու ([[Ցիցերոն (արեւմտահայերէն)|Ցիցերոն]]ի, [[Ովիտիոս]]ի, [[Հորացիուս (արեւմտահայերէն)|Հորացիուս]]ի կողմէ) որպէս բանի մը մաս (խօսքի էլեմենթ, կրթութեան էլեմենթ եւ այլն)։ Հնագոյն ժամանակներուն կը տարածուի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ինչպէս բառը կազմուած է տառերէ, այնպէս ալ մարմինը՝ տարրերէ»։ Այդտեղէն ալ հաւանաբար կը ծագի բառը. լատիներէնի այբուբենի ձայնաւորներու շարքի անունէն՝ ''l, m, n, t'' («el» - «em» - «en» - «tum»)<ref>{{Cite web|url=http://www.krugosvet.ru/enc/nauka_i_tehnika/himiya/ELEMENTI_HIMICHESKIE.html|title=ЭЛЕМЕНТЫ ХИМИЧЕСКИЕ {{!}} Энциклопедия Кругосвет|website=www.krugosvet.ru|language=ru|accessdate=2018-05-30}}</ref>։
 
Ժամանակակից ըմբռնման մօտ քիմիական տարրի հասկացողութիւնը կ'արտացոլայ քիմիական փիլիսոփայութեան նոր համակարգը, որ կը շարադրէ [[Ռոպերթ Պոյլ]]ը «Քիմիկոս-սկեպտիկ» գիրքին մէջ (1661)։ Պոյլ նշած է, որ ո՛չ [[Արիսթոթել]]ի չորս տարրերը, ո՛չ [[ոսկեփոխութիւն|ոսկեփոխներու]] երեք սկզբունքները կրնան ընդունուիլ իբրեւ տարրեր։ Տարրերը, ըստ Պոյլի, գործնականին մէջ անտարրալուծելի մարմիններ (նիւթեր) են, որոնք կը բաղկանան իրարու նմանող միատարր (առաջնային նիւթէ կազմուած) մասնիկներէ, որոնցմէ կը կազմուին բոլոր բաղադրեալ մարմինները, եւ անոնք կրնան տարրլուծուիլ։ Մասնիկները կրնան տարբերիլ ձեւով, չափերով եւ քաշով։ Մասնիկները, որոնցմէ կը կազմուին մարմինները, կը մնան անփոփոխ վերջիններուս փոխարկումներու ժամանակ<ref>{{Cite web|url=http://www.physchem.chimfak.rsu.ru/Source/History/Sketch_3.html#revolution|title=Левченков С.И. - Краткий очерк истории химии - Период становления|last=Levchenkov|first=Sergey I.|website=www.physchem.chimfak.rsu.ru|accessdate=2018-05-30}}</ref>։
[[Պատկեր:ElementeDalton.svg|մինի|Քիմիական տարրերու նշանները ըստ Ճ. Տալթոնի. 1 - ջրածին, 2 - [[մակնիում|մակնեզիում]], 3 - թթուածին, 4 - ծծումբ, 5 - ամոնիակ 6 - ածխածինի երկօքսիդ]]
1789-ին [[Անթուան Լորան Լաւուազիէ]]ն «Քիմիագիտութեան տարրական դասընթացք»-ին մէջ նոր քիմիագիտութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը ներկայացնէ քիմիական տարրերու ցանկը (պարզ մարմիններու աղիւսակը), որոնք կը բաժնուին քանի մը տիպերու։ Լաւուազիէն առաջին անգամ քիմիական տարրերու հետ կը նոյնացնէ շարք մը պարզ նիւթեր (ինչպէս՝ [[թթուածին]], [[ազոտ (արեւմտահայերէն)|ազոտ]], [[ջրածին (արեւմտահայերէն)|ջրածին]], [[ծծումբ (արեւմտահայերէն)|ծծումբ]], [[ֆոսֆոր (արեւմտահայերէն)|ֆոսֆոր]], [[ածուխ (արեւմտահայերէն)|ածուխ]] եւ այդ ժամանակ յայտնի բոլոր մետաղները)։ Տարրերուն մէջ կը ներառուին լոյսը, [[Ջերմածին (արեւմտահայերէն)|ջերմածինըջերմածին]]ը եւ «''աղածին հողախառն նիւթերը''» (քալսիումի, մակնեզիում դժուար տարրալուծուող օքսիդներ եւ այլն)։ Տարրերու տուեալ հայեցակարգը կ'ընդունուի կոչել [[փորձաբուժութիւն|փորձաբուժութեան]]-վերլուծական, քանի որ Լաւուազիէն իբրեւ տարրի որոշման չափանիշ կ'ընտրէ փորձը եւ միայն փորձը՝ բաժանման կերպով մերժելով ոչ փորձաբուժական միւս բոլոր դատողութիւնները [[հիւլէ]]ներու եւ [[մոլեքուլ]]ներու մասին, որոնց ինքնին գոյութիւնը կարելի չէ հաստատել փորձնական ճամբով<ref>[http://www.physchem.chimfak.rsu.ru/Source/History/Sketch_3.html#revolution Химическая революция / Левченков С. И. Краткий очерк истории химии].</ref>։
 
[[Ճոն Տալթոն]]ի շնորհիւ ԺԹ. դարու սկիզբը քիմիագիտութեան մէջ գերիշխող կը դառնայ հիւլէական եւ մոլեքուլային վարկածը, որ քիմիական տարրը կը դիտարկէ իբրեւ հիւլէներու առանձին տեսակ եւ կը մատնանշէ պարզ եւ բաղադրեալ նիւթերու բնոյթը՝ իբրեւ կազմուած համապատասխանաբար նոյն կամ տարբեր տեսակի հիւլէներէ։ Տալթոնը առաջին անգամ կը նշէ [[Հիւլէական Զանգուած|հիւլէական զանգոածը]]՝ իբրեւ տարրի կարեւոր յատկութիւն, որ կ'որոշէ անոր քիմիական բնոյթը։ [[Իյոնս Յակոբ Պերցելիուս]]ի ու անոր հետեւորդներու ջանքերու շնորհիւ բոլորովին ստոյգ կ'որոշուին յայտնի քիմիական տարրերու հիւլէական զանգուածները։ ԺԹ. դարու կէսերը կը նշանաւորուին ամբողջ շարք մը նոր քիմիական տարրերու յայտնաբերումով։ 1860-ին [[Քարլսրուէ]]ի մէջ կայացած քիմիագէտներու միջազգային համագումարին կ'ընդունուին մոլեքուլի եւ հիւլէի սահմանումները։
Տող 18.
Սակայն Մենտելեւը ստիպուած կ'ըլլայ որոշակի փոփոխութիւններ կատարել տարրերու հերթականութեան մէջ, որոնք կը դասաւորուէին հիւլէական զանգուածի աճման կարգով, որպէսզի պահպանուի քիմիական յատկութիւններու պարբերականութիւնը, ինչպէս նաեւ ներառուին դերեւս չյայտնաբերուած տարրերուն համապատասխանող դատարկ վանդակներ։ Աւելի ուշ (20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն) կը պարզուի, որ քիմիական յատկութիւններու պարբերականութիւնը կախեալ է հիւլէական թիւէն (հիւլէի միջուկի լիցք), ոչ թէ տարրի հիւլէական զանգուածէն։ Վերջինս կ'որոշուի տարրի կայուն իզոթոփներու թիւով եւ անոնց բնական տարածուածութեամբ։ Այնուամենայնիւ, տարրի կայուն իզոթոփները ունին հիւլէական զանգուած, որոնք կը խմբաւորուին որոշակի նշանակութեան շուրջ, քանի որ միջուկին մէջ նէյթրոններու աւելցուք կամ անբաւարարութիւն ունեցող իզոթոփները անկայուն են, ընդ որուն՝ փրոթոններու թիւի (այսինքն՝ հիւլէական թիւի) աճին զուգընթաց կ'աճի նաեւ նէյթրոններու թիւը, որոնք ամբողջութեան մէջ կը կազմեն կայուն միջուկ։ Այդ պատճառով պարբերական օրէնքը կրնայ ձեւակերպուիլ եւ իբրեւ քիմիական յատկութիւններու կախեալութիւն հիւլէական զանգուածէն, թէեւ այդ կախեալութիւնը կը խախտուի որոշ պարագաներու։
 
Իզոթոփներու յայտնաբերումէն ետք կը պարզուի, որ նոյնիսկ նոյն տարրի հիւլէներու տարբեր միացութիւնները կրնան ունենալ տարբեր հիւլէական զանգուածներ. այսպէս, շողարձակ [[հելիում (արեւմտահայերէն)|հելիում]]ը, որ կու գայ ուրանի հանքանիւթերէ, <sup>4</sup>He իզոթոփի գերակշռման պարագային ունի աւելի մեծ հիւլէական զանգված, քան [[Տիեզերական Ճառագայթներ (արեւմտահայերէն)|տիեզերական ճառագայթներու]] հելիումը (որոնց մէջ առկայ է նաեւ <sup>3</sup>He թեթեւ իզոթոփը)։
 
Քիմիական տարրի իբրեւ միջուկի միանման (հաւասար է տարրի թիւին Պարբերական աղիւսակին մէջ) դրական լիցքերով օժտուած հիւլէներու միացութեան ժամանակակից սահմանումը կը յայտնուի շնորհիւ [[Հենրի Մոզլի (արեւմտահայերէն)|Հենրի Մոզլի]]ի (1915) եւ [[Ճէյմս Չատվիկ]]ի (1920) հիմնարար աշխատութիւններուն<ref name="de.gubkin.ru">[http://de.gubkin.ru/chemistry/ch1-th/node6.html Основные понятия химии].</ref>։
 
== Յայտնի քիմիական տարրեր ==
2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ յայտնի է 118 քիմիական տարր (1-118 կարգային թիւերով), որոնցմէ 94-ը կը յայտնաբերուին բնութեան մէջ (որոշ տարրեր բնութեան մէջ առկայ են միայն չնչին չափերով), իսկ միւս 24-ը կը պատրաստուին առանձին՝ միջուկային շարժումներու պատճառով։ Փորձեր կ'ըլլան շինելու միւս գերծանր [[անդրուրան տարր]]երը։ Յայտարարութիւններ կ'ըլլան ունպիքվատիում (124) տարրի պատրաստութեան եւ անուղղակի վկայութիւններ [[ունպինիլիում]] (120) եւ [[ունպիհեքսիում]] (126) տարրերուն մասին, սակայն անոնք չեն հաստատուիր։ Նաեւ կը յայտարարուի բնական թորիումի նմուշներուն մէջ էկատորիա-ունպիպիում (122) տարրի յայտնաբերման մասին<ref name=arxiv>{{cite journal|last=Marinov|first=A.|coauthors=Rodushkin, I.; Kolb, D.; Pape, A.; Kashiv, Y.; Brandt, R.; Gentry, R. V.; Miller, H. W.|title=Evidence for a long-lived superheavy nucleus with atomic mass number A=292 and atomic number Z=~122 in natural Th|journal=ArXiv.org|year=2008|url=http://arxiv.org/abs/0804.3869|accessdate=2008-04-28}}</ref>, սակայն այդ յայտարարութիւնը հետագային չի հաստատուիր աւելի ստոյգ մեթոտներու օգտագործութեամբ կատարուած փորձերու ժամանակ։ Բացի անկէ, տեղեկութիւններ կը տարածուին երկնաքարային նիւթին մէջ 105-էն մինչեւ 130 հիւլէական թիւեր ունեցող տարրերու մասնիկներու հետ բախման հետքեր, ինչ որ կրնայ ծառայել իբրեւ անուղղակի ապացոյց կայուն գերծանր միջուկներու գոյութեան վերաբերեալ<ref>{{статья|автор=|заглавие=В космических лучах нашли сверхтяжелые элементы|ссылка=http://lenta.ru/news/2011/12/13/heavy/|издание=Lenta.ru|год=2011|номер=}}</ref>։ Բնութեան մէջ գերծանր անդրուրան տարրերու որոնումները, որոնց գոյութիւնը կարելի է համաձայն [[կայունութեան կղզի]]ի տեսութեան, դերեւս յաջողութեամբ չեն պսակուիր, իսկ նոր անդրուրան տարրերու պատրաստութիւնը կը շարունակուի միջուկային ուսումնասիրութիւններու ռուսական, ամերիկեան, գերմանական ու ճափոնական կեդրոններուն մէջ՝ գիտնականներու միջազգային խումբերու ուժերով։ Դերեւս չյայտնաբերուած տարրերու մասին տեղեկութիւնները կը ներկայացուին Քիմիական տարրերու ընդլայնուած աղիւսակին մէջ:
 
Ուրանէն մեծ հիւլէական թիւ ունեցող նոր (բնութեան մէջ չյայտնաբերուած) տարրերու (անդրուրան տարրեր) պատրաստւթիւնը կը կատարուի սկիզբը ուրանի միջուկներով նէյթրոններոպ բազմակի կլանման միջոցով նէյթրոնային զօրաւոր հոսքի պայմաններուն մէջ միջուկային հիւլէական բարդերու մէջ եւ ալ աւելի զօրաւոր՝ միջուկային (ջերմամիջուկային) պայթիւնի պայմաններու մէջ)։ Նէյթրոնի աւելցուք ունեցող միջուկներու հետագայ պեթա-քայքայումներու շղթայի պատճառով կը բարձրանայ հիւլէական թիւը եւ կը ստեղծուին դուստր միջուկներ {{math|''Z'' > 92}} հիւլէական թիւերով։ Այդպիսով կը յայտնաբերուին [[նեփթունիում]]ը ({{math|''Z'' {{=}} 93}}), [[փլութոնիում]]ը (94), [[ամերիկիում]]ը (95), [[պերքլիում]]ը (97), [[էյնշթէյնիում]]ը (99) եւ [[ֆերմիում (արեւմտահայերէն)|ֆերմիում]]ը (100)։ [[Քիուրիում]]ը (96) եւ [[քալիֆորնիում]]ը (98) նոյնպէս կրնան պատրաստուիլ (եւ գործնականին մէջ կը յաջողին) այդ ձեւով, սակայն սկզբնապէս անոնք ի յայտ կու գան արագացուցիչի մէջ ալֆա-մասնիկներով փլութոնիումի եւ քիուրիումի ճառագայթահարման պատճառով։ Աւելի ծանր տարրերը, սկսած մենտելեւիումէն (101), միայն ի յայտ կու գան արագացուցիչներու մէջ ակտինոիդային թիրախները թեթեւ իոններու հետ ճառագայթահարման պատճառով։
 
Նոր յայտնաբերուած քիմիական տարրի համար անուն առաջարկելու իրաւունքը կը վերապահուի զայն յայտնաբերողին։ Սակայն այդ անունը պէտք է ենթարկուի որոշակի կանոններու։ Նոր տարրի յայտնաբերման մասին հաղորդագրութիւնը կը ստուգուի քանի մը տարուան ընթացքին անկախ տարրալուծարաններու մէջ, եւ հաստատման պարագային [[Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութիւն]]ը (ՏԿՔՄՄ, IUPAC, International Union for Pure and Applied Chemistry) պաշտօնապէս կը հաստատէ նոր տարրի անունը։
Տող 31.
2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ յայտնի բոլոր 118 տարրերը ունին Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութեան կողմէ հաստատուած մշտական անուանումներ։ Տարրի յայտնաբերման մասին յայտրարելու պահէն մինչեւ Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութեան կողմէ անոր անունին հատատումը տարրը կը կոչուի ժամանակաւոր պարբերական անունով, որ կը կազմուի այդ թուականներու առաջին տառերէն։ Օրինակ՝ 118-րդ տարրը՝ [[օկանեսոն]]ը, նախքան այդ անունի պաշտոնական հաստատումը կը կոչուէր ունունոկտիում ժամանակաւոր անունով եւ նշանակուած Uuo։
 
Չյայտնաբերուած կամ չհաստատուած քիմիական տարրերը յաճախ կը կոչուին Մենտելեւի կողմէ օգտագործուած համակարգի օգնութեամբ քիմիական աղիւսակին մէջ իրմէ վեր դասուած հոմոլոկի անունով՝ աւելցնելով «էկա-» կամ (հազուադէպ) «տուի-» նախածանցը, որոնք [[սանսկրիտ (արեւմտահայերէն)|սանսկրիտ]]ի մէջ կը նշանակեն «մէկ» եւ «երկու» (կախեալ է տեղակայուած հոմոլոկի շրջանէն)։ Օրինակ՝ նախքան գերմանիումի յայտնաբերումը (որ պարբերական աղիւսակին մէջ կը տեղակայուի [[սիլիսիում]]ի տակ եւ կը կանխատեսուէր Մենտելեւի կողմէ) կը կոչուի էկա-սիլիսիում, օկանեսոնը (ունունոկտիում, 118) կը կոչուի նաեւ էկա-ռատոն, ֆլերովիումը (ունունքվատիում, 114)՝ էկա-[[կապար (արեւմտահայերէն)|կապար]]։
 
Պարբերական համակարգը կը բաղկանայ 7 պարբերութենէ, 10 շարքէ եւ 8 խումբէ։ Խումբերը պարբերական համակարգին մէջ կը դասաւորեն ուղղահայեաց։ Իբրեւ կանոն, տարրերու օքսիդացման բարձրագոյն դրական աստիճանը հաւասար է խումբի թիւին։ Բացառութիւն են ֆտորը, արծաթը, ոսկին, պղինձը։ Իւրաքանչիւր խումբ կը բաժնուի 2 ենթախումբի՝ գլխաւոր (Ա) եւ երկրորդական (Բ)։ Միեւնոյն ենթախումբին մէջ իրարու տակ կը գտնուին նման յատկութիւններ ունեցող եւ իրարմէ օրինաչափօրէն տարբերող տարրերը։ Գլխաւոր ենթախումբը կը կազմեն տիպիկ տարրերը եւ մեծ պարբերութիւններու առաջին 2 եւ վերջին 6 տարրերը։ Երկրորդական ենթախումբը կը կազմեն միայն մեծ պարբերութիւններու միւս տարրերը, որոնք միայն մետաղներ են։ Գլխաւոր եւ երկրորդական ենթախումբերու տարրերը իրարմէ կը տարբերին քիմիական յատկութիւններով։
Տող 41.
 
== Քիմիական տարրերու նշաններ ==
Քիմիական տարրերու նշանները կ'օգտագործուին որպէս այդ տարրերու կրճատուած անուններ։ Իբրեւ նշան սովորաբար կ'առնուի տարրի անուան առաջին տառը, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային կ'աւելնայ երկրորդը կամ յաջորդ տառերէն մէկը։ Սովորաբար անոնք տարրի լատիներէն անուններու առաջին տառերն են. Cu - [[պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձ]] (''cuprum''), Ag - [[արծաթ (արեւմտահայերէն)|արծաթ]] (''argentum''), Fe - [[երկաթ (արեւմտահայերէն)|երկաթ]] (''ferrum''), Au - [[ոսկի (արեւմտահայերէն)|ոսկի]] (''aurum''), Hg - [[սնդիկ (արեւմտահայերէն)|սնդիկ]] (''hydrargirum'')։ Քիմիական նշաններու այսպիսի համակարգը կ'առաջարկուի [[1814]]ին շուէտացի քիմիագէտ [[Իյոնս Եաքոպ Պերցելիուս]]ը։ Տարրերու ժամանակաւոր նշանները, որոնք կ'օգտագործուին նախքան անոնց մշտական անուններու եւ նշաններու հաստատումը, կը կազմուին երեք տառերէ, որոնք կը նշանակեն անոնց հիւլէական թիւիի տասնորդական արձանագրութեան երեք թիւերու լատիներէն անուններէն (օրինակ՝ ունունոկտիումը 118-րդ տարրն է, որ ունէր Uuo ժամանակավոր անունը)։ Կ'օգտագործուի նաեւ ըստ վերը տեղադրուած հոմոլոկներու անունի համակարգը (Eka-Rn, Eka-Pb եւայլն)։
 
Նշանի կողքին նշուած թիւերը կը նշանակեն. վերի ձախ կողմինը՝ հիւլէական զանգուած, վարի ձախ կողմինը՝ կարգաթիւ, վերի աջ կողմինը՝ իոնի լիցք, տակի աջ կողմինը՝ մոլեքուլի մէջ հիւլէներու թիւը<ref name="de.gubkin.ru" />։
Տող 61.
</center>
Օրինակներ՝
* <math>\mathsf{H_2}</math> - [[ջրածին (արեւմտահայերէն)|ջրածինի]]ի մոլեքուլ, որ կազմուած է ջրածինի երկու հիւլէներէ,
* <math>\mathsf{Cu^{2+}}</math> - [[պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձի]]ի իոն 2+ լիցքով
* <math>\mathsf{^{12}_{ 6}C}</math> - [[Ածխածին (արեւմտահայերէն)|ածխածինիածխածին]]ի հիւլէ 6-ի հաւասար լիցքով եւ 12-ի հաւասար հիւլէական զանգուածով։
 
Պարբերական աղիւսակին մէջ քիմիական տարրի քարտը սովորաբար կը պարունակէ հետեւեալ բնութագիրները.
Տող 75.
 
== Քիմիական տարրերու տարածուածութիւնը բնութեան մէջ ==
Քիմիական տարրերէն երկրակեղեւին մէջ ամէնէն շատ կը տարածուին [[թթուածին]]ն ու [[սիլիսիում]]ը։ Այդ տարրերը [[ալիումին]]ի, [[երկաթ (արեւմտահայերէն)|երկաթ]]ի, [[քալսիում]]ի, [[նաթրիում]]ի, [[կալիում (արեւմտահայերէն)|կալիում]]ի, [[մակնիում (արեւմտահայերէն)|մակնիում]]ի, [[ջրածին (արեւմտահայերէն)|ջրածինի]]ի ու [[թիթան]]ի հետ կը կազմեն երկրակեղեւի զանգուածի աւելի քան 99 առ հարիւրը, իսկ միւս տարրերուն կը մնայ 1 %-էն պակաս զանգուած։ Ծովու ջուրին մէջ թթուածինէն ու ջրածինէն բացի, որոնք կը մտնեն ջուրի կազմին մէջ, մեծ չափով կը պարունակեն այնպիսի տարրեր, ինչպէս՝ [[քլոր (արեւմտահայերէն)|քլոր]], [[նաթրիում]], [[մակնիում]], [[ծծումբ (արեւմտահայերէն)|ծծումբ]], [[կալիում (արեւմտահայերէն)|կալիում]], [[պրոմ]] եւ [[ածխածին (արեւմտահայերէն)|ածխածին]]։ Երկրակեղեւին մէջ քիմիական տարրի միջին պարունակութիւնը կը կոչուի կլարկային թիւ կամ [[Տարրերու կլարկներ|տարրի կլարկ]]։
 
Երկրակեղեւին մէջ տարրերու պարունակութիւնը կը տարբերի Երկրի տարրերու պարունակութենէն, իբրեւ ամբողջութիւն, քանի որ Երկրի կեղեւի, [[Վերին մանթիա (արեւմտահայերէն)|մանթիա]]յի ու միջուկի քիմիական կազմերը տարբեր են։ Այսպէս, միջուկը կը կազմուի հիմնականին մէջ երկաթէ ու նիքելէ։ Արեգակնային համակարգի եւ Տիեզերքի մէջ ընդհանրապէս տարրերու պարունակութիւնները նոյնպէս կը տարբերին երկրայիններէ։ Տիեզերքի մէջ ամէնէն շատ տարածուած տարրը ջրածինն է, որուն կը յաջորդէ հելիումը։ Տիեզերքի մէջ քիմիական տարրերու եւ անոնց իզոթոփներու յարաբերական տարածուածութիւններու ուսումնասիրութիւնը կարեւոր աղբիւր է միջուկային պատրաստութեան գործընթացքներու եւ [[Արեգակնային համակարգ (արեւմտահայերէն)|Արեգակնային համակարգ]]ի ու երկրային մարմիններու հոլովոյթի վերաբերեալ տեղեկութիւններու համար։
 
== Յառաջացում ==
Քիմիական տարրերու մեծ մասը (118-էն 94-ը) կը գտնուին բնութեան մէջ, թէեւ անոնց մէկ մասը սկիզբը կը գտնուի արհեստականօրէն (մասնաւորապէս [[թեքնեթիում]]ը Tc (կարգաթիւը՝ 43), [[փրոմեթիում]]ը Pm (61), [[ասթաթ]]ը At (85), ինչպէս նաեւ անդրուրան [[նեփթունիում]]ը Np (93) եւ [[փլութոնիում]]ը Pu (94), այդ հինգ տարրերը արհեստականօրէն գտնուելէ ետք անհետացող չնչին քանակով կը յայտնաբերուին նաեւ բնութեան մէջ, անոնք կը յառաջանան իբրեւ միջանկեալ միջուկներ ուրանի ու թորիումի շողարձակ քայքայման ժամանակ, ինչպէս նաեւ ուրանի կողմէ նէյթրոններու կլանման եւ հետագայ պեթա-քայքայման ժամանակ)։ Այդպիսով, երկրակեղեւին մէջ առկայ են (շատ տարբեր քանակներով) Մենտելեւի պարբերական աղիւսակի առաջին 94 տարրերը։
 
Երկրակեղեւին մէջ յայտնաբերուած առաջին 94 քիմիական տարրերու մեծ մասը (83) առաջնային են կամ ''փրիմորտիալային'', անոնք կը յառաջանան [[Ծիր Կաթիններ|Ծիր կաթինի]] միջուկի պատրաստութեան ժամանակ, նախքան Արեգակնային համակարգի յառաջացումը, եւ այդ տարրերը ունին իզոթոփներ, որոնք կամ կայուն են, կամ բաւական երկարակեաց, որպէսզի չքայքայուին այդ պահէն ետք անցած 4,567 միլիառ տարուան ընթացքին։ Միւս 11 տարրերը ([[թեքնեթիում]], [[փրոմեթիում]], [[փոլոնիում]], [[ասթաթ]], [[ռատոն]], [[ֆրանսիում (արեւմտահայերէն)|ֆրանսիում]], [[ռատիում]], [[ակթինիում]], [[փրոտակտինիում]], [[նեփթունիում]] եւ [[փլութոնիում]]) շողարձակ են. անոնք չունին այդքան երկարակեաց իզոթոփներ, այդ պատճառով ալ այդ տարրերու երկրակեղեւի մէջ գոյութիւն ունեցող բնական հիւլէները կը յառաջանան այլ տարրերու շողարձակ քայքայման ժամանակ<ref>За исключением следов примордиального плутония-244, имеющего период полураспада 80 млн лет.</ref><ref>{{статья|автор=Hoffman, D. C.; Lawrence, F. O.; Mewherter, J. L.; Rourke, F. M.|заглавие=Detection of Plutonium-244 in Nature|ссылка=http://www.nature.com/nature/journal/v234/n5325/abs/234132a0.html|язык=en|издание=Nature|тип=статья|год=1971|выпуск=234|doi=10.1038/234132a0|pages=132—134}}</ref>։
 
Մենտելեւի պարբերական համակարգին մէջ Փլութոնիումին Pu (կարգաթիւը՝ 94) յաջորդող բոլոր տարրերը երկրակեղեւին մէջ ի սպառ կը բացակային<ref name="рита">{{книга|автор=Rita Cornelis, Joe Caruso, Helen Crews, Klaus Heumann.|заглавие=Handbook of elemental speciation II: species in the environment, food, medicine & occupational health|ссылка=https://books.google.am/books?id=1PmjurlE6KkC|издательство=John Wiley and Sons|год=2005|страниц=768|isbn=0470855983, 9780470855980}}</ref>, թէեւ անկէ քանի մը հատը կրնայ յառաջանալ տիեզերքին մէջ գերնոր պայթիւններու ժամանակ։ Այդ տարրերու բոլոր յայտնի իզոթոփներու կիսաքայքայման շրջանը փոքր է Երկրի գոյութեան ժամանակի համեմատութեամբ։ Բնական գերծանր տարրերու բազմամեայ որոնումները դերեւս արդիւնք չեն տար։
 
Քիմիական տարրերու մեծ մասը, բացառութեամբ ամենաթեթեւ քանի մը տարրերու, Տիեզերքի մէջ կը յառաջանան հիմնականին մէջ աստղային միջուկի պատրաստութեան ընթացքին (մինչեւ երկաթը ինկած տարրերը՝ ջերմամիջուկային պատրաստութեան պատճառով, աւելի ծանր տարրերը՝ հիւլէներու միջուկներու կողմէ նէյթրոններու կլանման եւ հետագայ պեթա-քայքայման, ինչպէս նաեւ միջուկային այլ շարժումներու ժամանակ)։ Ամենաթեթեւ տարրերը (ջրածինը եւ հելիումը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ, [[լիթիում (արեւմտահայերէն)|լիթիումը]]ը, պերիլիումը եւ [[պոր (քիմիական տարր)|պորը]]՝ մասամբ), յառաջացած են Մեծ պայթիւնին (յառաջնային միջուկային պատրաստութիւն) յաջորդած առաջին երեք վայրկեաններու ընթացքին։
 
Յատկապէս ծանր տարրերու գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը Տիեզերքի մէջ պէտք է ըլլայ, համաձայն հաշուարկներու, նէյթրոնային աստղերու միաձուլումը, որ տեղի կ'ունենայ այդ տարրերու մեծաքանակ արտանետումով, որոնք հետագային կը մասնակցին նոր աստղերու եւ [[մոլորակ (արեւմտահայերէն)|մոլորակներու]]ներու ձեւաւորման<ref>[http://compulenta.computerra.ru/universe/astronomy/10008309/ «Хаббл» открыл первую килонову] {{webarchive|url=https://web.archive.org/web/20130808233145/http://compulenta.computerra.ru/universe/astronomy/10008309/ |date=2013-08-08 }} // compulenta.computerra.ru</ref>։
 
== Քիմիական տարրերը իբրեւ քիմիական նիւթերու բաղկացուցիչ մաս ==
[[Նիւթ|Քիմիական նիւթերը]] կրնան կազմուած ըլլալ ինչպէս մէկ քիմիական տարրէ (պարզ նիւթեր), այնպէս ալ տարբեր տարրերէ (բարդ նիւթեր կամ [[քիմիական միացութիւններ]])։
 
Քիմիական տարրերը կը կազմեն շուրջ 500 պարզ նիւթեր<ref name="fio.ru" />։ Իրենց յատկութիւններով տարբերող քանի մը պարզ նիւթերու տեսքով մէկ տարրի գոյութիւն ունենալու յատկութիւնը կը կոչուի [[ալոթրոփութիւն]]<ref name="fio.ru">[http://center.fio.ru/method/resources/ALIKBEROVALYU/2004/KONSPECT/KONSP1-04.HTML Простые и сложные вещества. Аллотропия. Названия сложных веществ] {{недоступная ссылка|число=21|месяц=05|год=2013|url=http://center.fio.ru/method/resources/ALIKBEROVALYU/2004/KONSPECT/KONSP1-04.HTML|id=20090325}}.</ref>։ Մեծ մասով պարզ նիւթերու անունները կը համընկնին համապատասխան տարրերու անունների հետ (օրինակ՝ զինք, ալիումին, քլոր), սակայն քանի մը ալոթրոփային ձեւերու գոյութեան պարագային պարզ նիւթի եւ տարրի անունները կրնան տարբերիլ, օրինակ՝ թթուածինը (երկթթուածին, O<sub>2</sub>) եւ [[օզոն (արեւմտահայերէն)|օզոն]]ը (O<sub>3</sub>), [[ադամանդ]]ը, [[ածուխ]]ը եւ ածխածինի միւս ալոթրոփային ձեւերը գոյութիւն ունին ածխածինի ամորֆ ձեւերէն անկախ։
 
Սովորական պայմաններու մէջ 11 տարրեր գոյութիւն ունին կազային պարզ նիւթերու ձեւով ([[ջրածին (արեւմտահայերէն)|H]], [[հելիում (արեւմտահայերէն)|He]], [[Ազոտ (արեւմտահայերէն)|N]], [[թթուածին|O]], [[ֆտոր (արեւմտահայերէն)|F]], [[նէօն|Ne]], [[քլոր (արեւմտահայերէն)|Cl]], [[արկոն|Ar]], [[քրիփթոն|Kr]], [[քսենոն (արեւմտահայերէն)|Xe]], [[ռատոն|Rn]]), երկուքը՝ հեղուկ ([[պրոմ|Br]] եւ [[սնդիկ (արեւմտահայերէն)|Hg]]), միւսները կը կազմեն պինդ մարմիններ։
 
== Տես նաեւ ==