«Քոսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (24) using AWB
 
Տող 1.
 
{{Տեղեկաքարտ Հիւանդութիւն
| անուանում = Քոսութիւն
Տող 31 ⟶ 30՝
| Վիքիպասեստ =
|}}
'''Քոսութիւնը''' (scabies) մորթային զօրաւոր փոխանցիկ [[հիւանդութիւն]] մըն է<ref>{{cite book|last=Gates|first=Robert H.|title=Infectious disease secrets|year=2003|publisher=Elsevier, Hanley Belfus|location=Philadelphia|isbn=978-1-56053-543-0|pages=355|url=https://books.google.am/?id=hYdw4vnanR0C&pg=PA355|edition=2.}}</ref>, որ կը յատկանշուի շատ ուժգին [[Քերուըտուք|քերուըտուքովքերուըտուք]]ով: Տիզ կոչուած մակաբոյծի մը վարակումով կը յառաջանայ քոսոտութիւնը:
 
== Տիզ մակաբոյծի յատկութիւնները ==
Տիզ մակաբոյծը ունի հետեւեալ յատկութիւնները.
 
# Տիզը անտեսանելի է պարզ աչքով: Ան կը նշմարուի միայն [[Մանրադիտակ (արեւմտահայերէն)|մանրադիտակովմանրադիտակ]]ով:
# Տիզը ունի մօտաւորապէս 0.33 մմ երկարութիւն եւ 8 պզտիկ ոտքեր` հակառակ այն բոլոր մակաբոյծներուն, որոնք բոլորն ալ ունին 6 ոտքեր:
# Էգ տիզը աւելի երկար է, քան` առու տիզը, որուն հասակը մօտաւորապէս էգ տիզին կէս չափն է:
# Տիզերը խումբով կը տեղաւորուին [[Եղունգ (արեւմտահայերէն)|եղունգներունեղունգ]]ներուն, [[Պորտ|պորտինպորտ]]ին եւ [[Մորթ|մորթիմորթ]]ի ծալքերուն մէջ:
# Առու եւ էգ տիզերը կը մխրճուին մորթին մէջ եւ կը յառաջացնեն ուժգին [[քերուըտուք]], որ աւելի կը զօրանայ գիշերները:
# Էգ տիզն է, որ կը վարակէ եւ բոյն կը շինէ մարդու [[Մորթ|մորթինմորթ]]ին մէջ:
# Տիզը կ՛ապրի հիւրընկալ [[Մորթ|մորթինմորթ]]ին վրայ միայն 24-36 ժամ:
# Տիզը միայն կը քալէ: Ան չի կրնար թռչիլ եւ կամ ցատկել:
# Կ՛ապրի անշարժ եւ երկար ժամանակ 20 սանթիկրատ ջերմաստիճանէն վար միջավայրի մէջ:
 
[[Շուներ (արեւմտահայերէն)|Շուներ]] եւ [[Կատուներ (արեւմտահայերէն)|կատուներ]] կը վարակուին քոսութեամբ, բայց` տարբեր տեսակ տիզ-մակաբոյծներով: Հետեւաբար [[Շուն (արեւմտահայերէն)|շուներուշուն]]երու եւ [[Կատուներ (արեւմտահայերէն)|կատուներուկատուներ]]ու քոսութիւնը փոխանցիկ չէ մարդոց:
 
Տիզը կը մխրճուի [[Մորթ|մորթինմորթ]]ին մէջ եւ հոն կը տեղաւորէ իր հաւկիթները, որոնք վարակուող անհատին մօտ կը զարգացնեն զգայունացում [[Մակաբուծութիւն|մակաբոյծի]] սպիտակուցներուն դէմ: Այս զգայունացումը կը յառաջացնէ [[քերուըտուք]]: Քոսութեան թխսաւորումը կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ:
 
== Քոսութեան ախտանշանները ==
Քոսութեան ախտանշանները ի յայտ կու գան վարակումէն 1-2 ամիս ետք: Այս ժամանակամիջոցին, հակառակ որ ախտանշաններ չեն տեսնուիր, վարակուած անձը կրնայ վարակել ուրիշ անձ մը:
 
Քոսոտութեան առաջին ախտանշանը զօրաւոր եւ մնայուն [[Քերուըտուք|քերուըտուքնքերուըտուք]]ն է, որ կը սկսի անյայտօրէն եւ առանց ազդանշանի, մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ: Հիւանդը կը հակազդէ [[Քերուըտուք|քերուըտուքիքերուըտուք]]ի զգացումին` քերելով [[Մորթ|մորթինմորթ]]ին որոշ մէկ բաժինը:
 
Քերուըտուքին հետ կամ քանի մը օրեր ետք մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ կը յայտնուին կարմրագոյն կամ սրճագոյն պզտիկ թելանման բշտիկաւոր բարձրութիւններ` 2-6 մմ երկարութեամբ, որոնք յաճախ շատ դժուարութեամբ կը նշմարուին: Այս վէրքերը նախ կը յայտնուին [[Մատներ (արեւմտահայերէն)|մատներումատներ]]ու միջեւ եւ ետքը` դաստակին եւ անութներուն վրայ, [[Արմուկ|արմուկինարմուկ]]ին ետեւը, [[Ծունկ (արեւմտահայերէն)|ծունկինծունկ]]ին վրայ, [[Ոտք (արեւմտահայերէն)|ոտքինոտք]]ին ետեւը եւ կողմերը, փորի ամբողջ շրջապատը, [[Պորտ|պորտինպորտ]]ին շուրջը, կրծքապտուկներուն վրայ եւ շուրջը, արտաքին սեռային օրկաններու շուրջը եւ յետոյքին վրայ:
 
Վարակուած անձին ամբողջ մարմնին վրայ ընդհանրապէս միայն 10-15 տիզ կ՛ապրին, որոնք կը յառաջացնեն հազարաւոր բշտիկներ:
 
Քոսութեան տիզը անձէ անձ կը փոխանցուի ուղղակի դպչելով. այսինքն վարակումը կը յառաջանայ, երբ քոսոտ անձի մը մարմինը հպի առողջ մարդու մը մարմնին: Վարակուած անձի մը մորթին տիզերը կը փոխանցուին առողջ անձին, եւ կը պատահի վարակումը: Տեսնուած է, որ վարակուած անհատի մը անկողինը կրնայ փոխանցման միջոց ծառայել: Սակայն սեռային յարաբերութիւնը նկատուած է քոսութեան փոխանցման հիմնական պատճառներէն մէկը: Վարակուած անձը կրնայ փոխանցել [[Հիւանդութիւն|հիւանդութիւնըհիւանդութիւն]]ը առողջ անհատի մը, մինչեւ այն ատեն որ ինք չէ դարմանուած եւ մինչեւ 24 ժամ իր դարմանումէն ետք:
 
Քոսութիւնը տարածուած [[հիւանդութիւն]] մըն է բոլոր [[Երկիր (արեւմտահայերէն)|երկիրներուներկիր]]ներուն մէջ: Անիկա շուտով կրնայ համաշխարհային համաճարակ մը դառնալ: Քոսութիւնը [[Համաճարակ (արեւմտահայերէն)|համաճարակիհամաճարակ]]ի ձեւով կը յայտնուի խիտ հաւաքականութիւններու մէջ, օրինակ` մանկամսուրներու, [[Դպրոց (արեւմտահայերէն)|դպրոցներուդպրոց]]ներու, [[Բանտ (արեւմտահայերէն)|բանտերուբանտ]]երու, [[Բանակ (արեւմտահայերէն)|բանակիբանակ]]ի, [[Ծերանոց (արեւմտահայերէն)|ծերանոցներուծերանոց]]ներու եւ անտուններու կեդրոններուն մէջ:
 
Քոսութիւնը կը պատահի հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ եւ առանց խտրութեան` գոյնի, տարիքի եւ ժողովուրդներու ընկերատնտեսական կացութեան: Ամէն տարի ամբողջ աշխարհի մէջ կը տեսնուին մօտաւորապէս 300 միլիոն քոսութեան պարագաներ: Մանուկներու մօտ միայն գլխու քոսոտութիւնն է, որ կը պատահի:
 
Քոսութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի ընդհանրապէս մորթաբուժի (dermatologist) պարզ քննութեամբ` տեսնելով [[Մորթ|մորթինմորթ]]ին վրայ քոսութեան իւրայատուկ ախտանշան բշտիկները: Սակայն մորթաբուժը երբեմն կը հարկադրուի յայտնաբերել տիզը [[Մանրադիտակ (արեւմտահայերէն)|մանրադիտակայինմանրադիտակ]]ային քննութեամբ:
 
== Քոսութեան դարմանումը ==
Քոսութեան դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ գործընթացով.
 
# Ծածկել ամբողջ մարմինը, [[Գլուխ (արեւմտահայերէն)|գլուխէնգլուխ]]էն մինչեւ ներբանները, ներառեալ` սեռական արտաքին օրկանները եւ յետոյքը յատուկ հակաքոսութեան օծանով մը:
# Պահել [[Օծանելիք (արեւմտահայերէն)|օծանը]] մարմնին վրայ լրիւ 12 ժամ:
# Լոգնալ գաղջ [[Ջուր (արեւմտահայերէն)|ջուրովջուր]]ով եւ [[Օճառ (արեւմտահայերէն)|օճառովօճառ]]ով:
# Կրկնել վերոյիշեալ երեք կէտերը 10 օր ետք:
# Քերուըտուքի դէմ կարելի է գործածել [[Քերուըտուք|հակաքերուըտուքի]] եւ հակագերզգայնութեան յատուկ դեղեր:
# Դարմանել նաեւ հիւանդին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցողները, անոր ընկերները եւ ընտանիքի միւս անդամները, նոյնիսկ եթէ անոնք ախտանշաններ չունին:
# Տաք [[Ջուր (արեւմտահայերէն)|ջուրովջուր]]ով եւ [[Օճառ (արեւմտահայերէն)|օճառովօճառ]]ով լուալ հիւանդին անկողինի ծածկոցը, բարձի երեսը, անձեռոցը եւ հագուստները:
 
Շատ քիչ պարագաներուն դարմանումէն ետք, մինչեւ երեք շաբաթ [[Քերուըտուք|թերուըտուքը]] կրնայ շարունակուիլ, հակառակ որ բոլոր տիզերը մեռած կ՛ըլլան:
 
Քոսութենէ տառապող անձը կրնայ ունենալ [[Մորթ|մորթայինմորթ]]ային երկրորդական վէրքեր եւ բորբոքումներ, եթէ ան շարունակ քերէ քոսութեան վէրքերը: Այս պարագային հակաբորբոքումի դեղեր պարտադիր կը դառնան:
 
Գոյութիւն ունի յատուկ քոսութեան տեսակ մը, որ կը կոչուի Նորվեկեան քոսութիւն: Անիկա կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք շատ տկար դիմադրողականութիւն կ՛ունենան հետեւեալ պատճառներով` տարեցութիւն, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշ (AIDS), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) եւ աւշագեղձային ուռ (lymphoma): Անհատը կը վարակուի հազարաւոր տիզերով` հակառակ պարզ քոսութեան, ուր միայն 10-15 տիզերով կը պատահի վարակումը:
Տող 86 ⟶ 85՝
== Տե՛ս նաեւ ==
* [[Հեշտոցային Արիւնահոսութիւն]]
 
* [[Քիթի Արիւնահոսութիւն]]
* [[Վահանագեղձ (արեւմտահայերէն)]]
 
* [[Վահանագեղձ (արեւմտահայերէն)]]
* [[Կրիփ Եւ Հարբուխ]]
* [[Շաքարախտ (արեւմտահայերէն)]]
 
* [[Շաքարախտ (արեւմտահայերէն)]]
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
== Աղբիւրներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քոսութիւն» էջէն