«Ածուխ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Ավելացվել է 2 բայտ ,  7 տարի առաջ
Content deleted Content added
No edit summary
Տող 17.
* Զորացած կամ աշխոյժ ածուխը սեւ փոշի է կամ յատուկ պատրաստուած հատիկներ։ Ան կը պարունակէ 97% ածխածին եւ ունի ծակոտկեն կառուցուածք։ Զորացած ածուխ կը ստանան՝ փայտածուխը ջրային գոլորշիներով եւ ածխաթթուական գազով զորացնելով։ Յատկապէս լաւորակ զորացած ածուխ կը ստացուի պտղակորիզներու կեղեւի ածխացումով։ [[Զորացած ածուխ]]ն կ'օգտագործուի գազերու, գոլորշիներու կլանման, վնասակար խառնուրդներէն [[ջրային լուծոյթ]]ներու, այդ թիւին մէջ՝ խմելու ջուրի եւ կեղտաջուրերու մաքրման համար։ Զորացած ածուխի շնորհիւ է, որ շաքար ունի սպիտակ եւ ոչ թէ դեղին գոյն։ Զորացած ածուխը կը կիրառուի քիմիական արդիւնաբերութեան մէջ եւ հակագազերուն մէջ։ Դեղահաբերու ձեւով, ան կ'օգտագործուի նաեւ բժշկութեան մէջ՝ արիւնը մաքրելու եւ [[աղեստամոքսային համակարգ]]ի մէջ, առաջացած գազերն ու թունաւոր նիւթերը կլանելու համար։
 
== Հայկական ԼռնաշխարհիԼեռնաշխարհի Պաշարները ==
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, յայտնաբերուած ածուխի պաշարները սահմանափակ են, բացի այդ, հանքանիւթի զգալի մասը ունի ցած կալորիականութիւն։ Յայտնի են Օլթիի եւ [[Կարին]]ի ածուխի հանքավայրերը։ Ածուխի տեղական նշանակութեան պածարներ կան նաեւ [[Ուրմիա]] եւ [[Վանայ լիճ]]երու աւազաններու ջրբաժանային լեռներուն մէջ, [[Աղստեւ]], [[Վեդի]] գետերու աւազաններուն մէջ, [[Ջաջուռ]]ին մէջ։
 
Անանուն մասնակից