«Ականջ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}{{անաղբյուր}}{{վիքիֆիկացում}}{{կատեգորիա չկա}}
{{Արևելահայերեն|Ականջ}}
[[Պատկեր:Ear.jpg|մինի|Մարդու ականջը.]]
'''Ականջը''', լսողութեան եւ հաւասարակշռութեան օրկանն է որուն միջոցով կ'ընկալուին ձայնային ազդանշանները եւ այնպիսի գրգիռներ, որոնք կ'առաջանան մարմնի դիրքի փոփոխութեան ժամանակ։ [[Կաթնասուններ]]ու ականջներու կառուցուածքը գրեթէ միանման է։ Չնայած [[սողուններ]]ը, [[երկկէնցաղներ]]ը եւ [[թռչուններ]]ը նոյնպէս օժտուած են գէրազանց լսողութեամբ, սակայն անոնց լսողութեան օրկաններու կառուցուածքը տարբեր է։ Որոշ [[միջատներ]]ու լսողութեան օրկանները տեղադրուած են մարմնի կամ [[վերջոյթներ]]ու վրայ։
 
== Լսողութեան նշանակութիւնըՆշանակութիւնը ==
Լսողութիւնը կարեւոր դեր ունի մարդու կեանքին մէջ։ Լսողութիւնը եւ խօսքը կը կազմէն մարդոց փոխյարաբերութիւններու հիմքը, առանց անոնց անհնար կ'ըլլայ հաղորդակցիլը աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին եւ հասարակական կեանքին։ Լսողութեամբ մարդն կ'ընկալէ տարբեր ձայներ, որոնք կ'ազդարարէն շրջապատող միջավայրի կատարուող իրադարձութիւնները. անտառի խշշոցը, ծովի ձայնը, թռչուններու դայլայլը, եւ աշխարհի մասին մեր ընկալումը կը դառնայ աւելի պարզ եւ հարուստ։
 
== Մասերը ==
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին, միջին եւ ներքին:
*Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղի-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum):
 
*Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ: Անիկա կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Ականջախոռոչի արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ-պատուհաններ, որոնք կը կազմեն ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնը: Այս պատուհանները կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Ականջախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները իրարու միացած են շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ:
 
*Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ (labyrinth): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Անոր մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30,000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներուն միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինին կողմէ, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինին կողմէ: Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմինի շարժումի ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են:
 
Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները ձայն հաղորդող մասերն են, իսկ ներքին բաժինը՝ ձայն ընկալող մասն է: Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնալիքները, այլ խօսքով՝ ձայնային ուժը կը փոխուի մեքենական ուժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի, իր հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան: Ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջ, ուր շարժումի կ՛ենթարկուին լսողութեան ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ոյժը կը փոխուի ելեկտրական ոյժի եւ ձայնալիքները իբրեւ ելեկտրական ոյժ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ, ուր լսողութիւնը կը մեկնաբանուի առողջ ուղեղաբջիջներու կողմէ:
Բնական լսողութիւն ունենալու համար պէտք է ունենանք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխանցման եւ ընկալաման արգելքներու, ինչպէս նաեւ բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ:
 
== Արտաքին յղումներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ականջ» էջէն