«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: {{W/Ref-ar → {{ref-ar using AWB
Տող 37.
Մեսրոպ Մաշտոց ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տունէն»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ ( [[385]] − [[388]] ) թագաւորին արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն|Գողթն գաւառը]], ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]]ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունէութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսին նախաձեռնութամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտաւորապէս 404-ին [[Միջագետք]]էն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսին հետ։ [[420]]-[[422]]-ին մեկնած է [[Բիւզանդիա]]՝ [[Կոստանդնուպոլիս]], հանդիպած է Թէոդոս Բ. կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ ետք հայկական դպրոցներ բացած է [[Մեծ Հայք]]ի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդին դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրերը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ [[431]]-[[439]]-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է [[Աստուածաշունչ]]ի թարգմանութիւնը<ref>[http://www.gamalat.com/showthread.php?p=166033&styleid=1 الارمن]{{W/Refref-ar}}</ref><ref>{{Cite news|url=http://www.ayo2006.com/?p=4621|title=Հայ Հին Թարգմանութեան Սկիզբը - ԵԳ|last=|first=|date=|work=|newspaper=ԵԳ|language=en-US|via=}}</ref>։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոց ձորեցին։
Կեանքին վերջին տարիներուն գրած է հոգեւոր շարականներ, կրօնա-փիլիսոփայական երկեր։