«Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: {{W/Ref-ar → {{ref-ar using AWB
Տող 25.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախ կը յաճախածէ Դամասկոսի տարրական դպրոցը, ապա ուսումը կը շարունակէ [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] ցեղային դպրոցը եւ Թագաւորական Գոլէճը: Մինչեւ ''Առաջին համաշխարհային պատերազմ'', կարճ ժամանակ աշխատած է [[Դամասկոս]]ի նահանգապետի գրասենեակէն ներս<ref>[http://www.aztagarabic.com/archives/18448 فائز الغصين]{{W/Refref-ar}}</ref>, որմէ ետք վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը: [[Խարբերդ]]ի գաւարապետի պաշտօնը երեք ու կէս տարի վարելէ ետք, Դամասկոսի մէջ կը սկսի փաստաբանական աշխատանքին:
 
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անձամբ տեսնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան պետութեան]] խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային [[Լիբանան]]ի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին [[Տիգրանակերտ]]ի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն [[Ռուսիա|ռուսերու]] յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ: Ապրելով [[Տիգրանակերտ]]ի մէջ, ան ականատես եղած է հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի առած է շատ դէպքեր: