«Եպիսկոպոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: Յունարեն → յունարէն using AWB
Տող 1.
'''Եպիսկոպոս''', եկեղեցու Նուիրապետութեան բարձրագոյն աստիճանն է, վկայակոչուած [[Սուրբ Գիրք]]ով։ Առաքելական ժամանակներուն եպիսկոպոսները կը նշանակուէին եւ կը ձեռնադրուէին անմիջապէս Քրիստոսի առաքեալներէն՝ որպէս իրենց իրարայաջորդներ։ Յունարենէնյունարէնէն թարգմանաբար եպիսկոպոս կը նշանակէ հսկիչ՝ վերէն նայող։
 
Եպիսկոպոսի իրաւունքները եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ անսահմանափակ են (կը սահմանափակուին միայն եկեղեցական ժողովներով կամ կաթողիկոսի կողմէն)։ Անոնց վերապահուած է վարել կարեւորագոյն պաշտօնները եկեղեցական համակարգին մէջ, առաջնորդել հոգեւոր թեմերը, եկեղեցիներ օծել եւ ձեռնադրել ու օծել հոգեւորականներ։ Եպիսկոպոսի օծութիւնը անպայման տեղի կ՛ունենայ Ամենայն Հայոց [[Կաթողիկոս]]ի կողմէն։ Ի դէպ Կաթողիկոսի օծումն ալ իր հերթին տեղի կ՛ունենայ առնուազն 12 եպիսկոպոսի կողմէն։ Եպիսկոպոսը եկեղեցւոյ ճշգրիտ վարդապետութեան հետեւողն ու հաստատողն է։ Եպիսկոպոսութիւնը կը տրուի միայն կուսակրօն հոգեւորականներուն, ուստի իր առօրեայ հանդերձներով եպիսկոպոսը գրեթէ չի տարբերիր [[վարդապետ]]էն. տարբերութիւնը միայն [[սքեմ]]ի ներսի մանշակագոյն երիզներն են եւ պանակեն՝ աստուածածնայ պատկերով հաւկթաձեւ զարդը կուրծքին։ Եպիսկոպոսի առօրեայ զգեստը յաճախ կ՛ըլլայ բաց գոյնի՝ սպիտակ, մոխրագոյն, մարմնագոյն, կապոյտ։ Ծիսական հանդերձներով, սակայն եպիսկոպոսը էականօրէն կը տարբերի [[քահանայ]]էն. նախ որ ուրարի փոխարէն կը կիրարկուի եմիփորոն՝ երկար ու լայն ուրար, զոր կը փաթաթեն ուսերուն, պարանոցին եւ կը ծածկեն ամբողջ կուրծքը (ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսն ամբողջովին յանձնառու է [[Քրիստոս]]ի լոյսին), թագի փոխարէն [[խույր|խոյր]]` բարձր սրածայր գլխանոց եւ եպիսկոպոսական գաւազան։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Եպիսկոպոս» էջէն