«Մովսէս Խորենացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: հայերեն → հայերէն using AWB
Տող 19.
== Կենսագրութիւն ==
 
Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Անոնց մեծ մասը կը հաղորդէ ինքը՝ հեղինակը, իր «Հայոց պատմութեան» մէջ պատահական կերպով։ Մովսէս Խորենացին ծնած է 5-րդ դարուն սկիզբը՝ մօտ 410-415 թթ., ենթադրաբար՝ Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը, մէկ այլ վարկածով՝ [[Սիւնիք]]ի Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղը։ Ենթադրուած է, որ 15-16 տարեկան հասակին, այսինքն մօտ 427 թ., ան ուղարկուած է [[Վաղարշապատ]]։ Վաղարշապատի դպրոցը ան եղած է [[Մեսրոպ Մաշտոց]]ի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի կրտսեր աշակերտներէն։ Այստեղ ան ուսած է 5-6 տարի՝ բացի հայերենէնհայերէնէն սորուած է նաեւ յունարէն եւ ասորերէն։ 431 թ.-էն յետոյ ուսուցիչները իրեն այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են [[Եգիպտոս]]ի [[Աղեքսանտրիա|Ալեքսանտրիա]] քաղաքը՝ «իսկական ճեմարանում կատարելագործուելու»։ Ան օտար լեզուներ սորուեցաւ, յատկապէս [[յունարէն]], իւրացուցած է փիլիսոփայութիւն, քերթողական արուեստ, [[երաժշտութիւն]], ճարտասանութիւն, աստուածաբանութիւն, պատմութիւն։ Այստեղ մօտ 5-6 տարի ուսանելէն յետոյ Խորենացին եւ իր ընկերները կը վերադառնան եւ կ’ուղղուին դէպի [[Յունաստան]]։ Սակայն ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւը կը քշէ դէպի Իտալիոյ ափերը։ Օգտուելով առիթէն՝ հայ երիտասարդներն կ’այցելեն Հռոմի սրբավայրերը, այնուհետեւ կը մեկնին [[Աթէնք]]։ Ձմեռը հոն անցնելէ ետք գարնան կը վերադառնան Հայաստան Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուընէ ետք, այսինքն 440 թ։ Այս առիթով Խորենացին անկեղծ ու խոր հուզմունքով կ’արտահայտէ իր ապրումները. «Նոյնիսկ չհասայ տեսնելու անոնց աչքերու փակուիլը, լսելու անոնց վերջին խօսքն ու օրհնութիւնը»։
Չնայած իրեն նկատմամբ եղած հալածանքին եւ անտարբերութեան՝ Խորենացին եռանդուն կերպով կը զբաղուի գրական աշխատանքով. կը կատարէ թարգմանութիւններ, կը գրէ ինքնուրոյն երկեր։ նոյնիսկ ծերութեան տարիներուն պատմահայրը գնահատուած եւ արժանացած է մեծարանքի, ստացած է եպիսկոպոսական աստիճան։