«Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Հայերը ԱՄՆ-ում}} using AWB
Չ →‎1900-ական թուականներ: clean up, replaced: Խրիմեան Հայրիկ → Մկրտիչ Խրիմեան using AWB
Տող 20.
 
=== 1900-ական թուականներ ===
1904 թուականին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Վանեցին (ԽրիմեանՄկրտիչ ՀայրիկԽրիմեան) ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը խնդրած է օգնել թուրքական լուծի տակ հեծող արեւմտահայութեան։ Հայ պատուիրակներուն (եպիսկոպոսներ Հ. Սարաջեան, Ս. Այվատեան) ընդունած է ԱՄՆ-ի նախագահ Թեոտոր Ռուզվելտը։ Ան յայտարարած է, որ կը հետաքրքրուի Հայկական հարցով, սակայն չի կրնար օգնել հայերուն, քանի որ 1878 թուականի Պեռլինի դաշնագիրի տակ չկայ ԱՄՆ-ի ստորագրութիւնը։
1900 թուականին հայերու թիւը ԱՄՆ-ի մէջ շուրջ 20 000 էր։ [[1904]] թուականին ԱՄՆ (մասնաւորապէս՝ Քալիֆոռնիան) հանգրուան դարձած է նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական հանգամանքներու բերումով Ռուսական կայսրութիւնէն գաղթած հայերու համար, որոնք Նոր Երկրի մասին տեղեկացած էին 19-րդ դարու կրօնական հալածանքներու հետեւանքով Կովկաս աքսորուած դուխոբորներէն եւ մոլոկաններէն։ Դէպի ԱՄՆ արեւելահայ պանդխտութեան նախակարապետները Կարսի Ղարաղալա գիւղէն Մուշեղեաններն էին, որոնց շուտով հետեւած է գիւղի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը։ 20-րդ դարու սկիզբին Ռուսական կայսրութեան մէջ եւ մասնաւորապէս Կովկասի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամը խթանած է արեւելահայութեան տեղաշարժը դէպի օտար ափեր՝ ներառելով նաեւ Ալեքսանտրապոլի հարակէն գիւղերէն, Իգդիրէն, Կողբէն, Թիֆլիսէն, Ղարաբաղէն, Երեւանէն եւ այլ վայրերէն մեկնած խումբ մը հայերու։ Անոնք հիմնականօրէն բնակութիւն հաստատած են ԱՄՆ-ի արեւմտեան ափին՝ Քալիֆոռնիայի նահանգի Լոս Անջելես քաղաքին մէջ։